Իդէի Տաքթիլի
Իդէի Տաքթիլի (յուն․՝Ιδαίοι Δάκτυλοι )․ յունական դիցաբանութեան մէջ անոնք գիտակներ էին։ Իրենց ծագումին վայրը Իդա լեռը եղած է։
Իրենց անունին մասին տարբերակները բաւական են։ Կոչուած են Տաքթիլի (= մատներ), որովհետեւ՝
- Թիւով 5 էին, ինչպէս մէկ ձեռքի մատները, կամ որովհետեւ ձեռքով աշխատանքներուն ճարտար էին՝ մետաղի գործածութիւնը.
- Երբ իրենց մայրը՝ Ռէա, անոնց աշխարհ կը բերէր, մատները հողին խրեց.
- Առաջին 100 տղամարդիկը որ ծնան Կրետէ կոչուեցան Իդէի Տաքթիլի։
Կան նաեւ նշումներ որ անոնց թիւը մինչեւ 15 կը հասցնեն։
Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Իդէի Տաքթիլի առաջինն էին որ երկաթը գտան եւ սկսան գործածել։ Ինչպէս նաեւ անոնց կը նոյնացնէ Քուրիթեսներուն, որ Ռէա իրենց վստահեցաւ Զեւսը։
Աւելի հին աւանդութեան համաձայն Իդէի Տաքթիլիները երեք հոգի եղած են՝ Քելմիս, Տամնամենեւս եւ Աքմոն․ երեքն ալ ամենակալ մոգեր։