Իկոնիոյ Ճակատամարտ (1190)
Իկոնիոյ ճակատամարտ (18 մայիս 1190), ճակատամարտ, որ տեղի ունեցած է Խաչակիրներու երրորդ արշաւանքի շրջանակներուն մէջ Ֆրիտրիխ I Շիկամորուսի կողմէն գլխաւորուող Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան եւ Կիլիջ֊Արսլան II-ի գլխաւորած Սելճուքեան սուլթանութեան ուժերու միջեւ։ Սելճուքեան սուլթանութեան մայրաքաղաքը կայսեր ձեռքը ինկաւ։
Իկոնիոյ Ճակատամարտ | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակիրներու Երրորդ Արշաւանք | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Գերմանացի խաչակիրներ | Պատկեր:Seljuqs Eagle.svg Սելճուքեան Սուլթանութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Ֆրիտրիխ I Շիկամորուս |
Կիլիջ֊Արսլան II | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
մօտ․ 100 հազար[2] | մօտ․ 65 հազար | ||||||
Կորուստներ | |||||||
մօտ․ 20 հազար սպաննուած | 45 հազար սպաննուած |
Նախապատմութիւն
ԽմբագրելԻկոնիան Փոքր Ասիոյ մայրաքաղաքը կը համարուէր եւ կը գտնուէր Զմիւռնիայէն 470 քմ դէպի արեւելք։ Այդ ժամանակ քաղաքը նաեւ Սելճուքեան սուլթանութեան մայրաքաղաքը կը համարուէր։
Խաչակիրներու երկրորդ արշաւանքի ընթացքին Ֆրիտրիխ Շիկամորուսի ծովային ուժերը հատեցին Տարտանելի նեղուցը բիւզանդական նաւերով եւ Փոքր Ասիոյ մէջ աջահանեցին։ Ապրլիէն սկսած՝ խաչակիրներու ճամբան կ՛անցնէին Իկոնիոյ սուլթանութեան տարածքով։ Ժամանակագիրները խաչակիրներու թուաքանակը մօտաւորապէս 100 հազար մարդ կը գնահատեն, որոնցմէ 20 հազարը ասպետները եւ կը ներկայացնէին թէթեւ հեծելազօրը[3], սակայն, հաւանական է, որ այդ թիւերը ուռճացրած են։
Դէպի Աքքայի մէջ պաշարուած քրիստոնեաները տանող, Կեդրոնական Անատոլիայի լեռներով անցնող երկար ու բարդ ճանապարհի ընթացքին խաչակիրները կը տարապէին սաքէն, ջուրի եւ սնունդի պակասէն։ Թուրք-սելճուքներու մշտական յարձակումներէմ եւ դարանակալումներէն տառապող քրիստոնեաները մեծ կորուստներ կը կրէին, կենդանիները կը տառապէին։ Լեռնային տեղանքի մէջ խաչակիրներու բանակը քիլոմեթրերով կը ձգուէր, ինչ որ անոնց խոցելի կը դարձնէր իսլամներու անսպասելի գրոհներու ժամանակ։ Կիլիջ-Արսլան II-ը՝ սելճուք սուլթանը, խաչակիրներու ազատ երթը երաշխաւորեց իր տարածքով, նաեւ անոցն երկու ուղեկցող տուաւ։ Ան Ֆրիտրիխ Շիկամորուսին ապացուցեց, որ յարձակումները պատահական խումբերու եւ աւազակներու ձեռքի գործն էին։
Երբ Ֆրիտրիխի բանակի առաջնապահ ստորաբաժանումները Փիլոմելիոն քաղաքի առջեւ գտնուող հարթավայր հասան եւ տեսան մուսուլմաններու հսկայական ուժերը, հասկացան, որ իրենց դաւաճանած են։ Փիլոմելիոնի մօտ կայացած հետեւեալ ճակատամարտուն խաչակիրները, առաջին անգամ հանդիպելով թուրք-սելճուքներուն, անոնց մեծ կորուստներ պատճառեցին։ ճակատամարտի ընթացքին խաչակիրները յաղթեցին, եւ Ֆրիտրիխ Շիկամորուսը զօրքերը դէպի Իկոնիա առաջնորդեց, ուր 17 մայիս 1190-ին ճամբար հարուածեց քաղաքի մօտ։ Միեւնոյն ժամանակ խաչակիրներու մօտ մնացած էին բաւականին քիչ նժոյգներ եւ բեռնակիր կենդանիներ, քանի որ կա՛մ սպաննուած էին ճամբու ընթացքին, կա՛մ ալ սնունդի պակասէն սատկած էին։
Մարտ
Խմբագրել18 մայիս 1190-ի առաւօտեան Ֆրիտրիխ I Շիկամորուս իր բանակը երկու մասի բաժնեց։ Մէկ մասը Շիկամորուսի որդիի՝ Ֆրիտրիխ Շուաբացիի գլխաւորութեամբ պէտք է պաշարէր քաղաքը։ Իսկ միեւնոյն ժամանակ Ֆրիտրիխ անձամբ մնացած զօրքերով պէտք էր, որ քաղաքի մուտքերուն մօտ մնար[4]։ Քաղաքի ճամբուն վրայ, Ֆրիտրիխ Շուաբացին Գերմանիոյ դեսպանին կը հանդիպի՝ Գոթֆրիդ Վիզենբախցիին, որ կը հաղորդ, որ հին սուլթանը, վախնալով խաչակիրներու ուժերէն, իր բանակով է քաղաքի միջնաբերդին մէջ թաքնուած է։ Անոր օրինակին հետեւած են նաեւ բնակիչները՝ իրենց հետ վերցնելով իրենց ամբողջ հարստութիւնը եւ սնունդի առատ պաշարներ։ Դուքս Ֆրիտրիխ իր առաջին իսկ գրոհով քաղաքի դարպասները կործանեց, յաջողութեամբ կանխեց սելճուքներու նահանջը եւ հասաւ հենց միջնաբերդի պարիսպներուն։ Մուսուլման բնակիչները, որոնք քաղաքին մէջ մնացած էին, սպաննուեցան։
Այդ ժամանակ Շիկամորուսը, չիմանալով իր որդիի յաղթանակի մասին, քաղաքի մատոյցներուն մէջ ինկավ սելճուքներու շրջափակման մէջ։ Դրութիւնը անյոյս կը թուէր, զինուորները եւ հոգեւորականութիւնը իրենց կայսրին շուրջ միաւորուած էին եւ արագ մահուան կը սպասէին։ Սակայն Շիկամորուս չէր ցանկանար այդ ճակատագրի հետ համակերպիլ, եւ իր ժողովուրդին գոռաց[5], թէ իրենք պէտք է իրենց Յիսուս Քրիստոսին վստահին եւ իրենց գլուխները թշնամիներու դէմ յարձակելու դնեն։ Իրենց կայսրին խօսքերէն ոգեւորուած՝ խաչակիրները վճռական գրոհի անցան, որ թոյլ տուաւ անոնց պաշտպանութիւնը ճեղքելու եւ քաղաքին մէջ գտնուող դուքս Ֆրիտրիխու զօրքերու հետ միաւորուելու համար։
Բազմաթիւ գրոհներու պատճառով, սելճուքները այդ օրը մօտաւորապէս 40 հազար մարդ կորսնցուցին, իրենց նահանջի ժամանակ 5 հազար մարդ սպաննուեցաւ։ Խաչակիրներու կորուստները մօտաւորապէս 20 հազար մարդ կը կազմէին։
Հետեւանքներ
ԽմբագրելԿիլիջ-Արսլան II յաջորդ օրը պատանդի ժամանեց կարգավիճակով։ Նաեւ ան պէտք է խաչակիրներուն անհրաժեշտ սնունդ ապահովէր, ձիերով եւ օժանդակութեամբ իր հողերով անցնող ամբողջ ճանապարհի ընթացքին։ Իկոնիոյ մէջ քրիստոնեաները հարուստ աւար գտան՝ ոսկի եւ արծաթ, ինչպէս նաեւ ծիրանագոյն գործուածքներ, որոնք հսկայական արժէք ունէին։
Կիլիջ-Արսլանի որդիներէն աւագը՝ Կուադ ադ-Տինը, Սալադինի որդիի հետ միաւորուեցաւ, որպէսզի պարտութեան մատնէ խաչակիրներուն։ Անոր պատճառով, Սալադին ստիպուած եղավ դադարեցնելու Աքքայի պաշարումը, որ գրաւուած էր քրիստոնեաներու կողմէն, եւ իր ուժերը ընդդէմ Ֆրիտրիխ Շիկամորուսի, որպէսզի թոյլ չտայ խաչակիրներու ուժերու միաւորումը։
23 մայիս-ին Իկոնիոյ դարպասներու առջեւ շուկայ բացուեցաւ, ուր խաչակիրները 6 հազար ձիեր եւ ջորիներ գնեցին, ինչպէս նաեւ հացի, միսի, իւղի եւ պանիրի մեծ պաշարներ։ 26 մայիս-ին խաչակիրները առջեւ շարժեցան, եւ միայն պատանդներուն սպաննելու խոստումը անոնց թոյլ կու տար ազատ ընթանալու Իկոնիոյ սուլթանութեան հողերով։ 30 մայիս֊ին անոնք Քարաման քաղաքը հասան, ուրկէ դէպի դրացի Կիլիկեան Հայաստանի տարածքներ ուղղուեցան, ուր Ֆրիտրիխ Շիկամորուսի կը ղեկավարէր դաշնակից Լեւոն II-ը։
Տաւրոսի լեռները անցնելէ ետք՝ Գյոկսի գետակը անցնելու ժամանակ, Ֆրիֆտրիխ Շիկամորուսը կը խեղդուի։ Անոր զօրքերու մեծ մասը Եւրոպա կը վերադառնայ։ Սուրբ Երկրին մէջ հետագայ ճամբան Ֆրիտրիխ Շուաբացիի գլխաւորութեամբ շարունակեց ոչ աւելի, քան 20 հազար մարդ։
Ծանօագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Tyerman, p. 426: "The victory at Iconium and the sacking of the Seljuk capital saved the Crusades militarily, in addition to restocking it with food, supplies, and money"
- ↑ J. Phillips, The Fourth Crusade and the Sack of Constantinople, 66
- ↑ Tyerman p.418
- ↑ Tyerman p.426
- ↑ «But why do we tarry, of what are we afraid? Christ reigns. Christ conquers. Christ commands» — Wolff p.113
Գրականութիւն
Խմբագրել- Егер О. Всемирная история. В 4 т. Т. 2. Средние века — М.: АСТ; СПб.: Полигон, 2001. — 608с.
- Мишо Г. История крестовых походов/ Пер. с фр. С. Л. Клячко. — М.-СПб.: Издание товарищества М. О. Вольф. 1884.
- Перну Р. Крестоносцы/ Пер. с фр. Карачинский А. Ю. и к.и.н. Малинин Ю. П. — СПб.: Евразия, 2001. — 320 с.
- Ришар Ж. Латино-Иерусалимское королевство/ Пер. с фр. Карачинского А. Ю. — СПб.: Евразия, 2002. — 448 с.
- Успенский Ф. И. Очерки по истории византийской образованности. История крестовых походов. — М.: Мысль, 2001. — 442 с. (Из истории великих империй)
- Эпоха крестовых походов (Под ред. Э. Лависса и А. Рамбо)/ Пер. с фр. Горшензона М. О. — Смоленск: Русич, 2002. — 672 с.
- Robert L. Wolff / Harry W. Hazard (Editor)։ A History of the Crusades. The later Crusades, 1189—1311. University of Wisconsin Press, Madison, 1969. S. 112 f. ISBN 978-0-299-04844-0.
- Tyerman, C., God’s war: a new history of the Crusades, 2006.