Իմացութեան Գործակից
Իմացութեան Գործակից (անգլերէն՝ IQ — intelligence quotient, կը կարդացուի «այ քիու»), անձի իմացութեան մակարդակի քանակական գնահատականը (մտաւոր զարգացման գործակից), իմացութեան մակարդակը միջին վիճակագրական անձի իմացութեան մակարդակի համեմատութեամբ (նոյն կամ միջին տարիքի), աւելի նեղ իմաստով՝ այսպէս կոչուած մտաւոր տարիքի յարաբերակցութիւնը տուեալ անձի իրական կենսաբանական տարիքին։ Անիկա կ'որոշուի յատուկ քննութիւններու կիրառումով։ Իմացութեան գործակիցի չափումը կարելիութիւն կու տայ գնահատելու ընդհանուր իմացութեան գործակիցը՝ «g գործօնը»։
Պատմութիւն
Խմբագրել«Իմացութեան գործակից» հասկացողութիւնը ներմուծած է գերմանացի գիտնական Ուիլիամ Շտեռնը 1912-ին։ Ան ուշադրութիւն դարձուցած է Պինէի սանդղակով մտաւոր տարիքի լուրջ թերութիւներուն։ IQ-ն առաջին անգամ կիրառուած է Ստենֆորտ-Պինէի իմացութեան սանդղակին մէջ 1916-ին (ի սկզբանէ Պինէի կողմէ 1903-ին)[1]։
Ներկայիս աճած է IQ քննութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, որուն պատճառով ի յայտ են եկած նոր քննութիւններ եւ սանդղակներ։ Այդ է պատճառը, որ դժուարութիւն կը յառաջանայ համեմատելու տարբեր քննութիւններու արդիւնքները։
Քննութիւններ
ԽմբագրելIQ քննութիւնները մշակուած են այնպէս, որպէսզի արդիւնքները բնական համարուին 100-ի հավասար IQ֊ի միջին նշանակութեան համեմատութեամբ, եւ այնպիսի բաժանումով, որ մարդոց 50 %֊ի IQ-ն ըլլայ 90-110-ի միջեւ, իսկ 25֊ական % -ը՝ 90-էն ցած եւ 110-էն բարձր։ 70-էն ցած IQ-ն յաճախ կ'որակուի իբրեւ մտաւոր յետամնացութիւն։ Քննութիւնները բաղկացած են աճող բարդութեամբ բազմաթիւ յառաջադրանքներէ։ Անոնք հիմնականին կը ներառեն թուաբանական եւ տրամաբանական խնդիրներ, գործնական իրավիճակներու մէջ կողմնորոշումը ստուգող վարժութիւններ, խնդիրներ, որոնք կը ստուգեն ոչ պարզ մտածողութիւնը, գործնական յիշողությունը եւ այլ որակներ։ Քննութեան արդիւնքներով կ'որոշուի IQ-ն, ընդ որուն, որքան քննութեան շատ տարբերակներ կ'անցնէ հետազօտուողը, այնքան աւելի լաւ արդիւնքներ ան կը դրսեւորէ։ Աւելի յայտնի է Այզենկի քննութիւնը։ Համեմատաբար ճշգրիտ են նաեւ Վեքսլերի քննութիւնը, Ռաւէնի քննութիւնը, Կետտելի քննութիւնը։ Այզենկի քննութիւնը նախատեսուած է 18 եւ վեր տարիքի անձերու համար եւ կը սահմանէ IQ-ի 180 միաւոր առաւելագոյն մակարդակ։
Քննութիւնները կը բաժնուին ըստ տարիքային խումբերու եւ կը մատնանշեն անձի զարգացումը անոր տարիքին համապատասխան։
IQ-ի Վրայ Ազդող Գործօններ
ԽմբագրելԺառանգականություն
ԽմբագրելIQ֊ի մակարդակի կանխատեսման գործընթացին մէջ սերնդաբանութեան եւ շրջապատող միջավայրի դերը դիտարկուած է Plomin et al֊ի մէջ (2001, 2003)[2]։ Մինչեւ վերջին ժամանակները ժառանգականութեան դերը ուսումնասիրուած է հիմնականին երեխաներու շրջանին մէջ։ ԱՄՆ֊ի մէջ տեղի ունեցած տարբեր հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ IQ֊ի մակարդակի վրայ ժառանգականութեան ազդեցութիւնը կը տատանուի 0,4֊էն մինչեւ 0,8[3][4][5]։ Ատիկա կը նշանակէ, որ հետազօտուած երեխաներու շրջանին մէջ ժառանգականութենէն IQ-ի կախուածութեան տարբերութիւնը կը կազմէ 40֊80 %։ Մնացած մասը կախուած է երեխայի կենսապայմաններէն եւ չափման սխալներէն։ Ժառանգականութիւնը 0,4-0,8-ի սահմաններուն մէջ կը նշանակէ, որ IQ֊ն մեծ մասամբ ժառանգական ցուցանիշ է[6][7][8]։
Առանձին Կեներ
ԽմբագրելՄարդու ուղեղի աշխատանքի համար պատասխանատու է աւելի քան 17 000 կեներու մեծ մասը[9]։ Թէեւ որոշ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան առանձին կեներու ազդեցութիւնը IQ-ի վրայ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը նշանակալի ազդեցութիւն ունի[10]։ Կեներու եւ IQ-ի միջեւ բացայայտուած կապը հիմնականին եղած է սխալ դրական[11]։ Վերջին հետազօտութիւները թոյլ կապ յայտնաբերած են առանձին կեներու եւ իմացութեան գործակիցի մակարդակի միջեւ ինչպէս մեծերու[12], այնպէս ալ երեխաների շրջանակին մէջ[13]։
Հետազօտութիւններ կը կատարուին, բացահայտելու բարձր եւ ցած IQ ունեցող անձերու սերնդական տարբերութիւնները[14][15][16]։
Շրջապատող Միջավայր
ԽմբագրելՇրջապատող միջավայրը, մասնաւորապէս ընտանիքը, էական ազդեցութիւն կը գործէ երեխայի իմացութեան զարգացման վրայ։ Կապեր յայտնաբերուած են իմացութեան եւ ընտանիքի հետ կապուած տարբեր գործօններու միջեւ, օրինակ՝ տան չափի եւ արժողութեան, ընտանիքի տարեկան եկամուտի, ընտանիքի անդամներու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու, ընտանեկան դաստիարակութեան մեթոտներու և այլն։ Այդպիսի ազդեցութիւն իմացութեան գործակիցին կ'ապահովէ 0,25-0,35 բաժին։ Սակայն որքան կը մեծնայ երեխան, այնքան այդ կապը աւելի թոյլ կը դրսեւորուի եւ գրեթէ լիովին կը չեզոքանայ չափահաս դառնալէ ետք։ Այդ հետազօտութիւնները տեղի ունեցած են երկու ծնողներով ընտանիքներու մէջ[4][17][18][19]։
Ի հաշիւ անձի անհատական ժառանգական առանձնայատկութիւններու, միեւնոյն ընտանիքի երեխաները կրնան տարբեր կերպ արձագանգել շրջապատող միջավայրի միեւնոյն գործօնները[4][18]։
Ոչ առողջ, սահմանափակ սնունդը կրնայ իջեցնել տեղեկատուութիւնը վերամշակելու ուղեղի կարողութիւնը։ 25 446 հետազօտուողի հետ Danish National Birth Cohort֊ի կատարած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ հղութեան ընթացքին ձկնամթերքով հարուստ սնունդ օգտագործելը եւ նորածինը մօր կաթով կերակրելը կը բարձրացնեն անոր IQ-ն[20]։
13 հազար երեխայի վրայ կատարուած այլ հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է[21], որ կուրծքով կերակրելը կրնայ բարձրացնել երեխայի իմացութեան մակարդակը 7 միաւորով։ Սակայն այդ արդիւնքները հրապարակումէն ետք ենթարկեցին սուր քննադատութեան։ Կը նշուէր նախորդ հետազօտութիւններու ոչ լիարժէք վերլուծութիւնը եւ ընդունուած տեսութիւններու ժխտումը[22], անիկա քննադատուեցաւ տարբեր տեսանկիւններէ[23], և, ընդհանուր առմամբ, արդյունքների արժանահավատությունը դրվեց կասկածի տակ[24]։
Խմբային Տարբերութիւններ
ԽմբագրելՄեծաթիւ հետազօտութիւններու տուեալներով իմացութեան միջին զարգացուածութիւնը հիմնականին նոյնն է տղամարդոց եւ կիներու շրջանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ տղամարդոց շրջանին մէջ աւելի արտայայտուած է իմացութեան մակարդակի ցրուածութիւնը․ անոնց մէջ շատ են ինչպէս շատ խելացիները, այնպէս ալ տգէտները։ Այլ կերպով ըսուած՝ շատ բարձր եւ շատ ցած իմացութիւն ունեցողներու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն տղամարդիկ։ Տղամարդոց եւ կիներու իմացութեան տարբեր կողմերու արտայայտուածութեան մէջ եւս կան որոշակի տարբերութիւններ․ մինչեւ հինգ տարեկան այդ տարբերութիւնները չեն նկատուիր։ Անկէ ետք տղաները կը սկսին աղջիկներուն գերազանցել տարածական իմացութեան եւ ձեռնավարութեան, իսկ աղջիկները տղաներուն՝ խօսքային կարողութիւններու մարզին մէջ։
Ռասա Եւ Ազգութիւն
ԽմբագրելԱՄՆ֊ի մէջ կատարուած հետազօտութիւնները էական կապ բացայայտած են IQ-ի միջին մակարդակի եւ տարբեր ռասայական խումբերու միջեւ։ Համաձայն The Bell Curve֊ի (1994), ափրիկեան ծագումով ամերիկացիներու միջին IQ֊ն կը կազմէ 85, լատինական ծագումով մերիկացիներինը՝ 89, եւրոպացիներունը՝ 103, ասիացիներունը՝ 106, հրեաներունը՝ 113։ Սակայն ըստ որոշ հետազօտութիւններու, այդ տարբերութիւնները աստիճանաբար կը նուազին[25]։
Բացի ատկէ, հին քննութիւններով չափուած միջին IQ֊ի մակարդակը ժամանակի ընթացքին կ'աւելնայ։ Ֆլինի էֆէկտի պատճառով պարզուած է, որ նեկրոիդներու միջին IQ֊ն 1995-ին կը համապատասխանէր 1945-ի եւրոպեոիտներու միջին IQ֊ին[26]։ Քանի մը տասնամեակի ընթացքին կատարուած այդպիսի էական փոփոխութիւնները չեն կրնար բացատրուիլ միայն ժառանգական գործօնով։
IQ֊ի վրայ ընկերային գործօններու ազդեցութիւնը կը հաստատուի որբ երեխաներու կատարուած հետազօտութիւններով[27]։
Ըստ Ռիչարտ Լինի, ուղեղի չափերու ռասայական տարբերութիւնները կը բացատրեն իմացութեան տարբերութիւններու մօտ մէկ քառորդը[28]։
Երկիրներ
ԽմբագրելՏարբերութիւններ բացայայտուած են նաեւ տարբեր երկիրներու բնակիչներու IQ-ի մակարդակներու միջեւ։ Ուսումնասիրուած է յարաբերակցութիւնը երկրի IQ֊ի միջին մակարդակի եւ անոր տնտեսական զարգացածութեան, ժողովրդավարութեան, յանցագործութիւններու թիւի, ծնելիութեան մակարդակի եւ կրօնական պատկանելիութեան միջեւ։
Ընկերային Հետեւանքներ
ԽմբագրելԴպրոցական Յռաջադիմութիւն
ԽմբագրելԱմերիկեան Հոգեբանական Կազմակերպութիւնը «Իմացութիւն․ յայտնի եւ անյայտ» (Intelligence: Knowns and Unknowns, 1995) զեկուցումին մէջ կը նշէ, որ IQ քննութիւններով բարձր միաւորներ հաւաքած երեխաները սովորաբար աւելի լաւ կ'իւրացնեն դպրոցական ծրագիրը, քան աւելի ցած ցուցանիշներով իրենց հասակակիցները։ IQ֊ի միաւորներու եւ գնահատականներու միջեւ կոռելիացիան կը կազմէ գրեթէ 0,5։ IQ քննութիւնները կարելիութիւն կու տան բացայայտելու օժտուած երեխաներուն եւանոնց համար կազմած համապատասխան ուսումնական ծրագիրներ։
Յաջողութիւններ Գիտական Գործունէութեան Մէջ
ԽմբագրելՀետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ նպատակասլացութիւնը եւ այլանդակութիւնը մեծ դեր կը խաղան գիտութեան մարզին մէջ յաջողութիւններու հասնելու մէջ։ Այզէնկ ուսումնասիրած է նշանաւոր գիտնականներու IQ-ի մակարդակը․ անիկա մէկ մակարդակ ցած էր Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներէ, որոնց միջին IQ-ն եղած է 166, թէեւ անոնցմէ ոմանք հաւաքած էին 177՝ քննութեան առաւելագոյն միաւորը։ Անոնց միջին տարածական IQ-ն կազմած է 137, թէեւ կրնար աւելի բարձր ըլլալ աւելի երիտասարդ տարիքի։ Անոնց միջին թուաբանական IQ-ն եղած է 154 (128-էն մինչեւ 194)։
Աշխատանքի Արդիւնաւէտութիւն
ԽմբագրելԸստ Ֆրանք Շմիտտի եւ Ճօն Հանթըրի, առանց աշխատանքային փորձի աշխատակիցներ փնտռելու աշխատանքի հաւանական արդիւնաւէտութեան կարեւոր ցուցիչ կը համարուի թեկնածուի իմացութեան մակարդակը։ Աշխատանքի արդիւնաւէտութեան կանխատեսման ժամանակ IQ֊ն որոշակի ազդեցութիւն ունի գործունէութեան բոլոր տեսակներու վրայ, սակայն կը փոխուի այդ յարաբերակցութիւնը, որ կախեալ է աշխատանքի տեսակէն։ Թէեւ IQ֊ն աւելի սերտօրէն կապուած է մտաւոր կարողութիւններու հետ, սակայն IQ քննութիւններու միաւորները կը կանխագուշակեն աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը բոլոր մասնագիտութիւններու պարագային։ Ընդհանուր առմամբ, IQ֊ի կանխագուշակող ուժը կապուած է աշխատավայրին մէջ նոր գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերումին հետ։
Ամերիկեան հոգեբանական կազմակերպութեան վերոնշեալ զեկուցման մէջ նաեւ կը նշուի, որ քանի որ IQ֊ն կը բացատրէ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան տարբերութիւններու միայն 29 %-ը, անձնային միւս բնութագրերը, ամենայն հաւանականութեամբ, ունին նոյնքան կարեւորութիւն, սակայն տուեալ պահուն անոնց վերաբերեալ արժանահաւատ տուեալներ չկան։
Եկամուտ
ԽմբագրելՉարլզ Միուրրէյն իր աշխատութեան մէջ (The Bell Curve) կը նշէ, որ IQ֊ն էական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ անձի եկամուտներու վրայ, անկախ անոր ընտանեկան դրութենէն եւ ընկերային կարգավիճակէն։
IQ Եւ Յանցաւորութիւն
ԽմբագրելԱմերիկեան Հոգեբանական Կազմակերպութիւնը վերոնշեալ զեկուցման մէջ նաեւ ցոյց կու տայ IQ-ի եւ յանցաւորութեան յարաբերակցութիւնը։ Անիկա կը կազմէ -0,2 (հակառակ կապ)։ 0,20 կոռելիացիան կը նշանակէ, որ յանցաւորութեան մէջ մեկնաբանուող տարբերութիւները կը կազմեն 4 %-էն նուազ։ Կարեւոր է նկատի առնել, որ IQ քննութիւններու միաւորներու եւ ընկերային գործօններու միջեւ պատճառներու հետեւանքային կապերը կրնան ըլլալ անուղղակի։ Դպրոցական ցած յառաջադիմութեամբ աշակերտները կրնան իրենց օտարացած զգալ, եւ, հաւանաբար, աւելի մեծ հաւանականութեամբ կրցած են իրականացնել իրաւախախտումներ, քան այն երեխաները, որոնք լաւ կը սորվին։
Արթուր Ճէնսըն իր «g-գործօն» (The g Factor, Arthur Jensen, 1998) գիրքին մէջ կը մէջբերէ տուեալներ, որոնց համաձայն, 70-90 IQ ունեցող մարդիկ, անկախ ռասայական պատկանելիութենէն, աւելի յաճախ իրաւախախտումներ կը կատարեն, քան այն մարդիկը, որոնք ունին այդ շէմէն բարձր կամ ցած IQ, ընդ որուն, յանցաւորութեան գագաթնակէտը կը գտնուի 80-90-ի սահմանին մէջ[29]։
IQ-ի Քննադատութիւն
ԽմբագրելԻմացութեան գործակիցը որոշող քննութիւնը յաճախակի ենթարկուած են քննադատութեան տարբեր գիտնականներու կողմէ։ Բնագիտութեան եւ թուաբանական գիտութիւններու դոկտոր, ակադեմիկոս Վիքթոր Վասիլեւ յայտնաբերած է, որ իմացութեան գործակիցի չափման Այզէնկի քննութիւններու մէջ յառաջադրանքներու էական մասը կազմուած է ոչ ճիշդ, կամ հեղինակի լուծման ուղիները սխալ են։ Այդ առթիվ ան գրած է[30]․
IQ քննութիւններու յառաջադրանքները կը ստուգեն ոչ միայն տրամաբանական, հետեւական, այլեւ մակաութեան մտածողութիւնը։ Որոշ IQ քննութիւններու պարագային կանոնները նախապէս կը տեղեկացուին, կը զգուշացուի, որ որոշ յառաջադրանքներու պատասխանները անմիջականօրէն չեն բխիր հարցէն, եւ պէտք է գտնել առաւել խելամիտ կամ պարզ պատասխան։ Անիկա կը համապատասխանէ շատ կենսական իրավիճակներուն, որոնց պարագային միանշանակ պատասխան գոյութիւն չունի։
Սվետլանա Քուզինան կը նշէ․
Նպատակ չունենալով քննադատելու IQ քննութիւնները, խորհրդային հոգեբան Լեւ Վիկոտսկի իր աշխատութիւններու մէջ ցոյց տուած է, որ երեխայի ընթացիկ IQ֊ն քիչ տեղեկատուութիւն կրնայ տալ անոր հետագայ ուսուցման եւ մտաւոր զարգացման մասին[31]։ Անոր հետ կապուած, ան ներմուծած է «մերձաւոր զարգացման գօտի» հասկացողութիւնը։
Տե՛ս Նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Коэффициент интеллектуальности // Большая Советская энциклопедия (в 30 т.) / А. М. Прохоров (гл. ред.). — 3-е изд. — М: Сов. энциклопедия, 1973. — Т. XIII. — С. 306. — 608 с.
- ↑ Plomin et al. (2001, 2003)
- ↑ R. Plomin, N. L. Pedersen, P. Lichtenstein and G. E. McClearn (05 1994)։ «Variability and stability in cognitive abilities are largely genetic later in life»։ Behavior Genetics 24 (3): 207։ doi:10.1007/BF01067188։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-11-ին։ արտագրուած է՝ 2006-08-06
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Neisser եւ այլք (August 7, 1995)։ «Intelligence: Knowns and Unknowns»։ Board of Scientific Affairs of the American Psychological Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-14
- ↑ Bouchard TJ, Lykken DT, McGue M, Segal NL, Tellegen A (Oct 1990)։ «Sources of human psychological differences: the Minnesota Study of Twins Reared Apart»։ Science (journal) 250 (4978): 223–8։ PMID 2218526
- ↑ World Intelligence Network. IQ и генетика Archived 2010-11-21 at the Wayback Machine.
- ↑ Gosso MF (2006)։ «The SNAP-25 gene is associated with cognitive ability: evidence from a family-based study in two independent Dutch cohorts»։ Molecular Psychiatry 11 (9): 878–886։ doi:10.1038/sj.mp.4001868
- ↑ Gosso MF, de Geus EJ, van Belzen MJ, Polderman TJ, Heutink P, Boomsma DI, Posthuma D. The SNAP-25 gene is associated with cognitive ability: evidence from a family-based study in two independent Dutch cohorts
- ↑ Pietropaolo S., Crusio W. E. (2010)։ «Genes and cognition»։ Wiley Interdisciplinary Reviews: Cognitive Science 2 (3): 345–352։ doi:10.1002/wcs.135
- ↑ Deary I. J., Johnson W., Houlihan L. M. (2009)։ «Genetic foundations of human intelligence»։ Human Genetics 126 (1): 215–232։ PMID 19294424։ doi:10.1007/s00439-009-0655-4
- ↑ C. F. Chabris, B. M. Hebert, D. J. Benjamin, J. P. Beauchamp, D. Cesarini, M. J. H. M. van der Loos, M. Johannesson, P. K. E. Magnusson, P. Lichtenstein, C. S. Atwood, J. Freese, T. S. Hauser, R. M. Hauser, N. A. Christakis and D. I. Laibson. (2011). Most reported genetic associations with general intelligence are probably false positives. Psychological Science
- ↑ Davies G., Tenesa A., Payton A., Yang J., Harris S. E., Liewald D., Ke X., Hellard S. Le, Christoforou A. եւ այլք (2011)։ «Genome-wide association studies establish that human intelligence is highly heritable and polygenic»։ Mol Psychiatry 16: 996–1005։ PMID 21826061։ doi:10.1038/mp.2011.85
- ↑ B. Benyamin, B. Pourcain, O. S. Davis, G. Davies, N. K. Hansell, M. J. Brion, R. M. Kirkpatrick, R. A. Cents, S. Franic, M. B. Miller, C. M. Haworth, E. Meaburn, T. S. Price, D. M. Evans, N. Timpson, J. Kemp, S. Ring, W. McArdle, S. E. Medland, J. Yang, S. E. Harris, D. C. Liewald, P. Scheet, X. Xiao, J. J. Hudziak, E. J. de Geus, C. Wellcome Trust Case Control, V. W. Jaddoe, J. M. Starr, F. C. Verhulst, C. Pennell, H. Tiemeier, W. G. Iacono, L. J. Palmer, G. W. Montgomery, N. G. Martin, D. I. Boomsma, D. Posthuma, M. McGue, M. J. Wright, G. Davey Smith, I. J. Deary, R. Plomin and P. M. Visscher. (2013). Childhood intelligence is heritable, highly polygenic and associated with FNBP1L. Mol Psychiatry Կաղապար:Doi PMID 23358156
- ↑ http://www.genomics.cn/en/index.php
- ↑ Information Processing: BGI visit
- ↑ Information Processing: Supercomputers and the mystery of IQ
- ↑ Bouchard Jr TJ (1998)։ «Genetic and environmental influences on adult intelligence and special mental abilities.»։ Human biology; an international record of research 70 (2): 257–79։ PMID 9549239
- ↑ 18,0 18,1 Plomin R, Asbury K, Dunn J (2001)։ «Why are children in the same family so different? Nonshared environment a decade later.»։ Canadian Journal of Psychiatry 46 (3): 225–33։ PMID 11320676
- ↑ (Harris 1998)
- ↑ American Journal of Clinical Nutrition, Vol. 88, No. 3, 789—796, September 2008 Associations of maternal fish intake during pregnancy and breastfeeding duration with attainment of developmental milestones in early childhood: a study from the Danish National Birth Cohort Emily Oken, Marie Louise Østerdal, Matthew W Gillman, Vibeke K Knudsen, Thorhallur I Halldorsson, Marin Strøm, David C Bellinger, Mijna Hadders-Algra, Kim Fleischer Michaelsen and Sjurdur F Olsen
- ↑ Breastfeeding and child cognitive development: new… // Arch Gen Psychiatry. 2008] — PubMed result
- ↑ «JAMA Network | JAMA Psychiatry | Breastfeeding, Breast-Milk Feeding, Breast Feeding, and IQ: Unknown and Known Knowns»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-18
- ↑ «JAMA Network | JAMA Psychiatry | Cognitive Development: Breast-Milk Benefit vs Infant Formula Hazard»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-18
- ↑ «JAMA Network | JAMA Psychiatry | Results From the PROBIT Breastfeeding Trial May Have Been Overinterpreted»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-09-25-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-18
- ↑ Dickens William T, Flynn James R (2006)։ «Black Americans Reduce the Racial IQ Gap: Evidence from Standardization Samples»։ Psychological Science 17 (10): 913–20։ doi:10.1111/j.1467-9280.2006.01802.x
- ↑ Mackintosh NJ (1998)։ IQ and Human Intelligence։ Oxford University Press։ ISBN 0-19-852367-X
- ↑ Tizard B. et al. (June 1972). «Environmental effects on language development: A study of young children in long-stay residential nurseries». Child Development (Blackwell Publishing) 43 (2): 337–58.
- ↑ Вклад расовых различий размера мозга в различия в интеллекте (из книги Р.Линна «Расы. Народы. Интеллект»)
- ↑ Jensen, A. R. The g factor: The science of mental ability. — Westport, Connecticut: PRAEGER, 1998. — ISBN 0-275-96103-6 стр 570 «The peak crime rate occurs in the IQ range from 75 to 90, with the highest rate for violent crime in the IQ range from 80 to 90. … low IQ is clearly a statistical risk factor.»
- ↑ Светлана КУЗИНА։ «Тесты на интеллект составлены с ошибками!»
- ↑ Выготский Л.С.։ «Динамика умственного развития школьника в связи с обучением»
Գրականութիւն
Խմբագրել- Binet, Alfred; Simon, Th. (1916). The development of intelligence in children: The Binet-Simon Scale. Publications of the Training School at Vineland New Jersey Department of Research No. 11. E. S. Kite (Trans.). Baltimore: Williams & Wilkins. Retrieved 18 July 2010.
- Borsboom, Denny (September 2006). "The attack of the psychometricians". Psychometrika. 71 (3): 425–440. doi:10.1007/s11336-006-1447-6. PMC 2779444Freely accessible. PMID 19946599. Retrieved 21 September 2014.
- Cox, Catherine M. (1926). The Early Mental Traits of 300 Geniuses. Genetic Studies of Genius Volume 2. Stanford (CA): Stanford University Press. Lay summary (2 June 2013).
- Eysenck, Hans (1995). Genius: The Natural History of Creativity. Problems in the Behavioural Sciences No. 12. Cambridge: Cambridge University Press. ISBN 978-0-5-2148508-1. Lay summary (31 May 2013).
- Murray, Charles (1998). Income Inequality and IQ. Washington (DC): AEI Press. ISBN 978-0844770949. Retrieved 7 July 2014. Lay summary – New Republic (book review) (7 July 2014).
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Իմացութեան համաշխարհային ցանց (World Intelligence Network) (անգլերէն)
- Բարձր իմացութեամբ հանրութիւն (անգլերէն)
- Սխալներ Այզէնկի քննութեան մէջ (ռուս.)
- Մեկա հանրութիւն (անգլերէն)
- Давыдов А. А. Коэффициет интеллектуальности (IQ) и инновационное развитие (ռուս.)