Ինես Ռամիրեզ Փերեզ

Ինես Ռամիրեզ Փերեզ (սպաներէն՝ Inés Ramírez Pérez, ծնած՝ 1960), մեքսիքացի կինը, որ ինքն իրեն կատարած է յաջող Կեսարական հատում եւ լոյս աշխարհ բերեած՝ առողջ երեխայ մը[1][2][3]:

Ինես Ռամիրեզ Փերեզ

Inés Ramírez Pérez

Ծնած է 1960
Ծննդավայր Օախակա, Մեքսիքօ
Քաղաքացիութիւն  Մեքսիքօ

5 Մարտ 2000-ին, Ինես Ռամիրեզ Փերեզ, մեքսիքացի կինը Օախաքա նահանգէն, գրաւած է լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը ինքն իրեն կատարած Կեսարական հատումով. ան չունէր բժշկական կրթութիւն, բայց, այնուամենայնիւ, կատարած է յաջող Կեսարական հատում, այնպէս որ ան եւ իր երեխան ողջ մնացած են[4]:

40-ամեայ Ինեսը, կէս գիշերին, 12 ժամ տեւած ցաւերէ ետք կը նստի նստարանի մը վրայ եւ կ՛ըմպէ երեք գաւաթ ոգելից խմիչք. ապա խոհանոցի 15 սմ սովորական դանակով կը ճեղքէ որովայնը: Մէկ ժամ տեւած վիրահատութենէն ետք, ան դուրս կը քաշէ տղայ երեխան եւ մկրատով կը հատէ պորտալարը[1]: Որոշ ժամանակ կը մնայ անգիտակից վիճակի մէջ ու ետքը, ուշքի գալով, մեծ տղուն կ՛ուղարկէ՝ օգնութիւն բերելու համար[1]: Մի քանի ժամ ետք, գիւղին բժշկական անձնակազմը զայն կը գտնէ ուշքը գտած եւ արթուն վիճակով:

Ի վերջոյ զինք տեղի դարմանատունը կը տեղափոխեն, երկու ու կէս մղոն հեռաւորութեան վրայ «San Lorenzo Texmelucan», եւ ապա դէպի մօտակայ հիւանդանոցը[5], ութ ժամ հեռաւորութեան վրայ՝ ինքնաշարժով:

Նկարագրելով իր փորձը, Ռամիրեզ յայտնած է.

Ես այլեւս չէի կրնար ցաւին դիմանալ: Եթէ զաւակս պիտի մեռնէր, ես եւս պէտք էր մեռնէի. իսկ եթէ ան պիտի մեծնար, ես պէտք է որ տեսնէի անոր մեծնալը, եւ ըլլալ անոր կողքին: Ես մտածեցի, որ Աստուած կրնայ փրկել մեր կեանքը:


Այս վիճակը առաջին անգամ յիշուած է 2004-ի Մարտին, կնոջական «International Journal of Gynecology & Obstetrics» պարբերաթերթին մէջ[6]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 «True grit: the mum who delivered her own baby» (անգլերէն)
  2. «MEXICAN WOMAN PERFORMS SELF CAESAREAN - FACTS ANALYSIS»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-06  (անգլերէն)
  3. «Կին, որ ինքն իրեն Կեսարական հատում է արել» 
  4. «Successful Self Performed Caesarean By Inés Ramírez Pérez» (անգլերէն)
  5. «Self-inflicted cesarean section with maternal and fetal survival» 
  6. «Self-inflicted cesarean section with maternal and fetal survival.» (անգլերէն)