Մեքսիքա
Մեքսիկա (սպ.՝ México; Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներ[5][6][7] սպ.՝ Estados Unidos Mexicanos), պետութիւն է Հիսիսային Ամերիկայի հարաւը։ Սահմանակից է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Կուաթեմալային եւ Պելիզին: Արեւմուտքի եւ հարաւի ափերը կ'ողողեն Խաղաղական, իսկ արեւելքը՝ Աթլանտեան ովկիանոսի ջուրերը։ Արեւմուտքին՝ կը գտնուին նաեւ Մեքսիքայի ծոցը[8] եւ Քարիպեան ծովը:
Անիկա կը զբաղեցնէ գրեթէ երկու միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք (աւելի քան 760.000)։ Մեքսիքան հինգերորդ խոշոր երկիրն է Ամերիկայի մէջ, 13-րդ երկիրն աշխարհի մէջ եւ 2-րդ ամէնախոշոր սպանախօս երկիրը՝ ըստ տարածքի չափերու (Արժանթինէն յետոյ)։
Բնակչութիւնը կը գերազանցէ աւելի քան 120 միլիոնը[9]: Մեքսիքան աշխարհի 11-րդ ամէնախիտ բնակեցուած անկախ պետութիւնն է աշխարհի պետութիւններուն մէջ եւ առաջինը՝ սպանախօս երկիրներու մէջ։ Այն նաեւ Լատին Ամերիկայի երրորդ ամէնաբնակեցուած երկիրն է։ Մեքսիքան դաշնային հանրապետութիւն է եւ վարչականօրէն բաժնուած է 31 նահանգներու եւ 1 մայրաքաղաքային ինքնավարութիւն ունեցող դաշնային Մեքսիքօ շրջանի միջեւ։
Նախաքոլումպոսեան ժամանակաշրջանին Մեքսիքայի տեղաբնիկ ժողովուրդները եղեր են հնդիկները: Այս տարածքներուն մէջ ստեղծեր են իրենց մշակոյթը եւ ազգային առանձնայատկութիւնները՝ ացտեկները, մայաները եւ շատ այլ ցեղեր։ 1521 թուականին Մեքսիքայի ներկայիս տարածքը գրաւեր են սպանացի (conquistadors) տիրողները՝ Էռնան Քորթեսի գլխաւորութեամբ։ Նուաճումէն յետոյ, այն վերածուեցաւ Մեքսիքայի հաւասար նահանգի եւ ստացաւ Նոր Սպանիա անուանումը։ Բազմաթիւ խռովութիւններու պատճառով 1821 թուականին սպանական կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը, որպէս Սպանիայէն անկախ երկիր։ Յետ անկախացման ժամանակահատուածը կը բնութագրուի տնտեսական անակայունութեամբ եւ անիկա նաեւ դարձաւ տարբեր իրադարձութիւններու պատճառ։
Ի վերջոյ այն յանգեցաւ ամերիկա-մեքսիքական պատերազմի սկսման եւ տարածքային անհամաձայնութիւններու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ Մեքսիքական որոշ հողեր կցուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Բացի այս պատերազմէն, տեղի ունեցան այլ իրադարձութիւններ՝ Ֆրանս-մեքսիքական պատերազմի եւ Մեքսիքական քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, առաջին եւ երկրորդ կայսրութիւններու ստեղծումը եւ ներքին բռնապետութեան հաստատումը։
Վերջին իրադարձութիւններու հետեւանքով Մեքսիքայի մէջ 1910 թուականին սկսաւ յեղափոխութիւն, որուն ամէնախոշոր արդիւնքը եղաւ այն, որ 1917 թուականին հրապարակուեցաւ Մեքսիքայի օրէնքներու ժողովածուն՝ Սահմանադրութիւնը: Այժմ Մեքսիքան աշխարհի տնտեսապէս առաջատար երկիրներու շարքին է[10][11][12][13]:
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՄեքսիքայի հիմնական բնակիչները մեքսիքացիներն են, որոնք ձեւաւորուած են սպանացիներու, բնիկ հնդկացիներու, մասամբ՝ նաեւ սեւամորթներու միախառնման հետեւանքով։ Պաշտօնական լեզուն սպաներէնն է, սակայն բնիկ ժողովուրդները՝ ացթեկները, մայաները, հուասթեկները եւ այլք, կը խօսին մայրենի լեզուներով եւ կը պահպանեն իրենց մշակութային առանձնայատկութիւնները։ Խոշոր քաղաքներն են Մեքսիքօն, Կուատալախարան, Մոնթեռեյը, Փուեպլան։
Հին շրջանին (մինչեւ 16-րդ դար) Մեքսիքայի տարածքին զարգացած եղած են հնդկացիներու (թոթոնակներ, թոլթեկներ, ացթեկներ, մայաներ) գեղարուեստական մշակոյթները։ Զբաղուեր են խեցեգործութեամբ եւ փայտէ իրերու, մանր քանդակներու պատրաստմամբ։
Սակայն սպանացիներու կողմէ Մեքսիքայի նուաճումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցաւ հնդկացիներու ինքնատիպ մշակոյթի վրայ։ Այդուհանդերձ, բնիկներու գեղարուեստական աւանդոյթները որոշակիօրէն ներգործեցին գաղութային շրջանին ձեւաւորուած արուեստի վրայ, եւ երկու մշակոյթներու համատեղումը կանխորոշեց Մեքսիքայի հետագայ ազգային արուեստի աւանդոյթները։
Ներկայիս Մեքսիքան Լատինական Ամերիկայի առաւել զարգացած երկիրներէն է. կ'արդիւնահանեն արծաթ, ոսկի, նաւթ, գունաւոր եւ հազուագիւտ մետաղներ։ Կը մշակեն ցորեն, բրինձ, շաքարեղէգ, սրճենի, եգիպտացորեն (հայրենիքը Մեքսիքան է)։
Մայրաքաղաք Մեխիկոն աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներէն է, ուր կը զուգակցուի հին դարերու ու ժամանակակից ճարտարապետութիւնը։ Հանրայայտ են գեղանկարիչներ Տիեկօ Ռիվերան, Խոսէ Օրոսքոն, Տավիտ Սիքեյրոսը, Ֆրիտա Քալոն, գրողներ Քառլոս Ֆուենթեսը, Օքթավիօ Փասը եւ ուրիշներ։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելՄեքսիքայի պետութիւնը կը գտնուի Արեւմտեան կիսագունդին մէջ՝ 14°, 33 °N եւ 86 ° եւ 119 ° աշխարհագրական լայնութիւններու մէջ։ Մեքսիքայի տարածքին մեծ մասը կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, սակայն անոր տարածքի հարաւային փոքր հատուած մը՝ Ներքին Քալիֆորնիայի նահանգը կը գտնուի Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ: Մեքսիքայի կեդրոնական ամերիկեան տարածքը կը կազմէ ամբողջ տարածքի 12 %-ը[14]: Սակայն ընդհանուր առմամբ Մեքսիքան կը համարուի հիւսիս-ամերիկեան պետութիւն՝ Քանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ միասին[15]:
Ամէնաբարձր լեռը Օրիսապա գործող կոնաձեւ հրաբուխն է՝ 5675 մեթր բարձրութեամբ, որ կը գտնուի նաեւ 18.491 ծովի մակարդակէն բարձրութեան վրայ[16]: Մեքսիքայի ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 1.972.550 քմ²: Անիկա տարածքի մեծութեամբ աշխարհի 14-րդ ամէնախոշոր պետութիւնն է, իսկ սպանախօս երկիրներու մէջ՝ երկրորդը։ Սահմանակից է հիւսիսէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (3,141 քմ), իսկ հարաւէն՝ Կուաթեմալային եւ Պելիզին: Ափերը կ'ողողեն Խաղաղական ովկիանոսի ջուրերը։
Կլիմայ
ԽմբագրելԿենսաբազմազանութիւն
ԽմբագրելՄեքսիքան կենսաբանական աղբիւրներով աշխարհի 18-րդ առաջատար երկիրն է։ Այստեղ տարածուած են աւելի քան 200,000 տարբեր տեսակներ, որոնք կը կազմեն աշխարհի կենդանական աշխարհի եւ կենսաբազմազանութիւններու 10-12 %-ը։ Մեքսիքան աշխարհի մէջ առաջատարն է՝ սողուններու տարածուածութեամբ (707 յայտնի տեսակներ), երկրորդը՝ կաթնասուններու տարածուածութեամբ (438 տեսակներ), չորրորդը՝ երկկենցաղներու բազմազանութեամբ (290 տեսակներ)։ Չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ նաեւ բոյսերու թիւով (26000 տեսակի բոյսեր)։ Անոնց 2500 տեսակները կը համարուին վտանգուած տեսակներ եւ արձանագրուած են կարմիր գիրքին մէջ։
2002 թուականի տուեալներով, Մեքսիքան երկրորդ ամենաարագ անապատացող երկիրն է աշխարհի մէջ։ Այս ցուցանիշով ան կը զիջի միայն Պրազիլիային: Մեքսիքայի տարածքի 170,000 քմ² տարածքը կանաչ գօտիներ են՝ անտառներ, ազգային զբօսավայրեր եւ ազգային արգելոցներ: Ատոնք իրենց մէջ կը ներառեն 34 կենսոլորտային պահուստներ (անփոփոխ էքօհամակարգեր), 67 ազգային զբօսավայրեր, 4 բնական յուշարձաններ (պաշտպանուած է անժամկէտ իրենց գեղագիտական, գիտական կամ պատմական արժէքը) եւ այլն։
Մեքսիքայի մէջ յայտնաբերուած են Ամերիկայի տարածքին հանդիպող տարբեր տեսակի մշակաբոյսեր եւ ուտելի բոյսեր: Հոն կը կը մշակուի գագաօ, ավոքատօ, լոլիկ, եգիպտացորեն, վանիլ, գուավա, ցուկկինի, եւ այլն։ Այստեղ կ'աճեցնեն նաեւ լուբիայի տարբեր տեսակներ, չիլի պղպեղներ (Հալափենօ) եւ այլն։
Մեքսիքայի մէջ կ'ապրին տարբեր տեսակի կենդանիներ, ուր կան նաեւ էնտեմիք կենդանատեսակներ, օրինակ՝ Մեքսիքական մկնային դաշտամուկ, մեքսիքական գայլ, մեքսիքական գորշ սկիւռ, մեքսիքական հողի սկիւռ, մեքսիքական ծովամուկ եւ այլն։ Կ'ապրին նաեւ այլ կենդանատեսակներ, օրինակ՝ վիրճինեան դաշտամուկ, փոքր խոյատելֆին, եագուար ամերիկեան յովազ, ամերիկեան սեւ արջ, ամերիկեան արագիլ, գորշ աղուէս եւ այլն։
-
Մեքսիքական գայլ
-
Հարաւային դաշտամուկ
-
Ամերիկեան քարարծիւ
-
Մեքսիքական փորսուղ
Մարզաշխարհ
Խմբագրել1968 թուականին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցեր են XIX Ողիմպիական խաղերը՝ Մեքսիքան դարձնելով առաջին լատին-ամերիկեան երկիրը, ուր մեկնարկեր են խաղերը[17]: 1970 եւ 1986 թուականներուն այստեղ տեղի ունեցեր են ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերը[18]:
Մեքսիքայի ամէնայայտնի մարզաձեւը ֆութպոլն է։ Կ'ենթադրուի, որ ֆութպոլը Մեքսիքա բերած են քոռնեցի հանքագործները 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ 1902 թուականին բրիտանական ազդեցութեամբ ձեւաւորուեցաւ հինգ-թիմային լիկան[19][20]:
Մեքսիքայի գլխաւոր ակումբներն են՝
- Ամերիկա, 12 առաջնութիւն
- Տեփորթիվօ Կուատալախարա, 11 առաջնութիւն
- Թոլուքա, 10 առաջնութիւն[21]
Անթոնիօ Քարպախալը առաջին ֆութպոլիստն էր, որ յայտնուեցաւ աշխարհի խաղերուն[22] եւ Հուկօ Սանչեսը IFFHS կողմէ դարձաւ 20-րդ դարու լաւագոյն CONCACAF խաղցող[23]:
Մեքսիքայի մասնագիտական պեյսպոլի լիկան կը կոչուի Liga Mexicana de Beisbol: Թէեւ կը զիջի Միացեալ Նահանգներուն, Քարիպեան երկիրներուն եւ Ճափոնի թիմերուն, Մեքսիքայի խումբը նոյնպես ունեցեր է միջազգային ձեռքբերումներ։
2013 թուականին Մեքսիքայի պասքէթպոլի խումբը յաղթեց Ամերիկայի պասքէթպոլի առաջնութեան խաղերուն եւ ձեռք բերաւ 2015 թուականի առաջնութիւնը հիւրընկալելու պատիւը[24]:
Յայտնի մարզաձեւերէն է ցլամարտը։ Գրեթէ բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ կան ցլամարտի հրապարակներ։ Մեխիկոյի Plaza México-ն ամէնամեծ ցլամարտի կեդրոնն է աշխարհի մէջ։ Այն կը տեղաւորէ 55,000 մարդ։
Յայտնի մեքսիքացի բռնցքամարտիկներ են Վինսենթ Սալտիվարը, Ռուպեն Օլիվարեսը, Սալվատոր Սանչեսը, Խուլիօ Սեզար Չավեսը, Ռիքարտօ Լոփես Նավան, Էրիք Մորալեսը[25]:
Յայտնի մեքսիքացի մարզիկներն են կոլֆեր Լորենա Օչոան[26], Անա Կեվարան՝ 400 մեթր թռիչքով աշխարհի նախկին ախոյեան եւ 2004 թուականի Աթէնքի ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան Ֆերնանտօո Փլաթեսը։
Առողջապահութիւն
Խմբագրել1990 թուականէն Մեքսիքան կը գտնուի բնակչութեան առողջութեան անցումային փուլի մէջ, մահուան ախտանիշներու ցուցանիշները նոյն են ինչպէս Գերմանիայի եւ Ճափոնի նման բարձր զարգացած երկիրներուն մէջ[27]: Բժշկական ենթակառուցուածքները զարգացած են գլխաւորապէս խոշոր քաղաքներու մէջ[28][29], մինչդեռ գիւղական բնակչութիւնն ունի առաջադէմ բժշկական սարքաւորումներու կարիք, եւ հիւանդ յաճախորդները ստիպուած են մօտ բնակավայրեր տեղափոխուիլ համապատասխան բժշկական օգնութեան կամ խնամքի համար։
Պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող մեքսիքական սոցիալական անվտանգութեան հիմնարկը (IMSS) եւ Պետական աշխատողներու սոցիալական անվտանգութեան եւ ծառայութիւններու հիմնարկը (ISSSTE) էական դեր կը խաղան առողջապահութեան եւ սոցիալական անվտանգութեան հարցերուն մէջ։ Մեծ կարեւորութիւն ունին նաեւ մասնաւոր առողջապահական ծառայութիւնները, որոնք կ'ապահովեն բժշկական ծառայութիւններու 13%-ը[30]:
Հանրային համալսարաններու մէջ յաճախ տեղի կ'ունենան բժշկական վերապատրաստումներ։ Կուատալախարայի համալսարանը ամերիկացի ուսանողներուն վերապատրաստելու պայմանագիր ունի Միացեալ Նահանգներու հետ։ Մասնաւոր բուժօգնութեան, դեղօրայքի արժէքը Մեքսիքայի մէջ աւելի ցած է, քան Հիւսիսային Ամերիկայի այլ գործընկերներու մօտ[28]:
Կրթութիւն
Խմբագրել2004 թուականին Մեքսիքայի մինչեւ 14 տարեկան բնակիչներու գրագիտութեան մակարդակը կը կազմէր 97 %[31], 15 տարեկանէն բարձր՝ 91%[32]: Համաձայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային տուեալներու՝ այս ցուցանիշով Մեքսիքան կը զբաղեցնէ 24-րդ տեղը[33]:
Մեքսիքայի ազգային ինքնավար համալսարանը համաձայն 2009 թուականին հրատարակուած Թայմզ-ի բարձրագոյն կրթութեան չափանիշներուն, աշխարհի 200 առաջնակարգ համալսարաններու շարքին մէջ կը զբաղեցնէ 190-րդ տեղը[34]:
Մասնաւոր պիզնես դպրոցները նոյնպէս կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն։ PADE եւ EGADE պիզնես դպրոցները, Փանամերիկեան համալսարանը եւ Մոնթերեյի արուեստագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան հիմնարկը համաձայն «Ուոլ սթրիթ ճըրնըլի» տուեալներուն կը գտնուին գլխաւոր տասնեակին մէջ[35]:
Կառավարութիւն եւ ոստիկանութիւն
ԽմբագրելԿառավարութիւն
ԽմբագրելԸստ կառավարման համակարգին՝ Մեքսիքան Դաշնային հանրապետութիւն է, որ կը կառավարուի Մեքսիքայի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնական թեկնածուն՝ նախագահի անունէն։ Նախագահի կառավարութիւնը հիմնուած է 1917 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ։ Սահմանադրութիւնը կը ներառէ երեք բաժիններ՝ ժողովրդավարութիւն եւ հանրապետութիւն, պետական եւ քաղաքական կառավարութիւններ[36]: Ըստ սահմանադրութեան Մեքսիքայի իւրաքանչիւր նահանգ ունի ինքնավարութիւն, սակայն պէտք է առաջնորդուի սահմանադրութեան դրոյթներով։ Մեքսիաքայի ենթակայ իւրաքանչիւր տարածք ունի հանրապետական կառավարման համակարգ եւ կը կառավարուի գործադիր մարմնի՝ նահանգապետի կամ Մեքսիքայի նախագահի կողմէ նշանակուած այլ պաշտօնեայի կողմէ[37]:
Մեքսիքայի նախագահը Մեքսիքայի բարձրագոյն պետական պաշտօնեան է[38]։ Մեքսիքայի նախագահը կ'ընտրուի 6 տարի ժամկէտով, իսկ ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան մէկ փուլով։ Յաղթողը կ'որոշուի հաւաքած ձայներու մեծամասնութեամբ։ 2012 թուականին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու շնորհիւ Մեքսիքայի նախագահ ընտրուեցաւ Էնրիքէ Փենիա Նիէթօն։
Մեքսիքական Սահմանադրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ՝
- Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները
- Ազգային ինքնիշխանութիւն
- Իշխանութիւններու տարանջատում
- Ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւն
- Դաշնային պետութիւն
- Սահմանադրական իրաւունքի պահպանում եւ պետութեան գերակայութիւնը եկեղեցւոյ նկատմամբ
Մեքսիկայի իշխանութեան օրէնսդիր ճիւղը Երկպալատ խորհրդարանն է[39], որ կազմուած է հանրապետական կառավարմամբ ծերակոյտէ եւ պատգամաւորներու պալատէ։ Մեքսիքայի ծերակոյտի կամ խորհրդարանը կրնայ ընդունիլ օրէնքներ, յայտարարել պատերազմ, հաւաքել հարկեր եւ տուրքեր, հաստատել միջազգային պայմանագրեր այլ երկիրներու հետ եւ վաւերացնել դիւանագիտական նշանակումները։
Մեքսիքայի իշխանութեան օրէնսդիր մարմնի՝ խորհրդարանին վերաբերող փոփոխութիւնները կը կատարուին քուէարկութիւններու միջոցով։ Մեքսիքայի մէջ կը գործէ ազատ ընտրական իրաւունքը եւ քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը լրացուցած բոլոր անձինք։ Սեռական եւ տարիքային սահմանափակումներ չկան։ Պատգամաւորներու պալատը կազմուած է 500 պատգամաւորներէ, որոնք կը կազմեն խորհրդարանի մէկ մասը։
500 պատգամաւորներէն 300-ը կ'ընտրուին դաշնային ընտրատարածքին մէջ կատարուող մեծամասնական ընտրութիւններու շնորհիւ։ Մնացած 200-ը միայն կ'ընտրուին համամասնական ընտրութիւններով։ Մեքսիքայի ստորին միւս պալատը՝ ծերակոյտը կազմուած է 128 ծերակուտականներէ։ Անոնցմէ 64-ը կ'ընտրուին մեծամասնական, իսկ մնացած 64-ը համամասնական եւ առանձին քուէարկութիւններու միջոցով։
Մեքսիքայի արդարադատութեան գերագոյն մարմինը եւ հանրապետական կառավարման իշխանութեան երրորդ ճիւղը Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու դատական մարմինն է։ Մեքսիքայի գլխաւոր դատարանը արդարադատութեան օրէնսդիր դատարաններն են։ Այն կազմուած է ուսումնական, միութիւններու եւ մարզային դատարաններէ, ինչպէս նաեւ դատական դաշնային խորհուրդէ։
Ոստիկանութիւն
ԽմբագրելՄեքսիքայի դաշնային ոստիկանութիւնը Մեքսիքայի ոստիկանական գերագոյն մարմինը[40], որ բաժնուած է տարբեր գործակալութիւններու։ Այն յաճախ կը կոչուի նաեւ ոչ այնքան տարածուած եւ ոչ գրական "Federales" եզրով։ Որպէս կանոն, Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութեան աշխատակիցները զինուած են ատրճանակով եւ կը կրեն մուգ կապոյտ կամ մոխրագոյն մարտական համազգեստ։
Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութիւնը ստեղծուեր է չորս տարբեր դաշնային կանխարգելիչ կազմակերպութիւններու 1998-1999 թուականներու միաձուլումէն յետոյ, Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրադեղեր աճող սպառնալիքը կանխելու նպատակով։ Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութիւնը կը ներառէ դաշնային ճանապարհային ոստիկանական եւ ֆինանսական ոստիկանութեան բաժիններ[41], որոնք կը կոչուին նաեւ քննչական եւ ազգային անվտանգութեան կեդրոններ։
Մեքսիքայի դաշնային ոստիկանութեան զինուած ուժերը կը համարուին Մեքսիքական բանակի 3-րդ ռազմական ոստիկանութեան գումարտակը։ Մեքսիքայի Դաշնային ոստիկանութիւնը կը ներառէ նաեւ քննչական բաժանմունք։ Մեքսիքայի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը Մեքսիքայի նախագահն է։
Արտաքին յարաբերութիւններ
ԽմբագրելՄեքսիքայի արտաքին քաղաքականութեան մեջ կարեւոր նշանակութիւն ունին Մեքսիքայի նախագահը եւ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը[42]: Մեքսիքայի սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի 10-րդ կէտի դրոյթները կը սահմանեն, որ Մեքսիքայի կառավարութիւնը եւ բնակչութիւնը կը պարտաւորուի յարգել այլ պետութիւններու Միջազգային օրէնքը, պետութիւններու իրաւական հաւասարութիւնը, անոնց ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը։ Մեքսիքացիները կը պարտաւորուին չմիջամտել այլ երկրներու ներքին եւ արտաքին գործերուն, հակամարտութիւններուն տալ խաղաղ կարգաւորում եւ խթանել միջազագային տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացումը[43][44]:
Մեքսիքան շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու աշխոյժ մասնակից եւ հիմնադիր է։ Այս երկիրը կը համարուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ)[45][46], Իպերօ-ամերիկեան պետութիւններու համագործակցութեան[47] եւ Ռիօ խումբի աշխոյժ մասնակից-անդամ[48]: 2008 թուականին Մեքսիքան ստացեր է 40 մլն տոլար ՄԱԿ-ի ընդհանուր պիւտճէէն[49]: Պետութիւնը եղեր է Լատին-ամերիկեան տնտեսական Կազմակերպութեան անդամ[50][51]:
Զինուած ուժեր
ԽմբագրելՄեքսիքայի զինուած ուժերը կազմուած են երկու տարբեր ստորաբաժանումներու միջեւ[52]: Առաջին բաժինը Մեքսիքայի ցամաքային ուժերն են, որոնք իրենց մէջ կը ներառեն Մեքսիքայի ռազմաօդային ուժերը։ Երկրորդ բաժինը Մեքսիքայի ռազմածովային ուժերն են, որուն մէջ կը մտնէ Մեքսիքայի ծովային նաւատորմը[53]: Մեքսիքայի զինուած ուժերը կը պահպանեն զգալի ենթակառուցուածքներ, որուն մէջ կը մտնեն առարկաներու նախագծման, հետազօտական եւ փորձարկման զէնքերը, փոխադրական միջոցները, օդանաւերը, նաւատորմի նաւերու մեծ մասը, պաշտպանական համակարգեր եւ տարբեր տեսակի էլեկտրոնիկա[54]:
Վերջին տարիներուն Մեքսիքան բարելաւած է իր զինուորական մեթոտները, հրամանատարութիւնը եւ արուեստագիտական կառոյցները։ Մեքսիքայի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը կը համարուի Մեքսիքայի նախագահը։ Մեքսիքան հնարաւորութիւն ունի արտադրելու միջուկային զէնք, սակայն ան չէ օգտուած այդ հնարաւորութիւնէն։ Պատմականօրէն, Մեքսիքան բացառութեամբ երկրորդ աշխարհամարտին, կը համարուի չէզոք երկիր[55]: Մեքսիքան կը համարուի Մեքսիքայի եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ երկիրներէն մէկը։
Վարչական բաժանում
ԽմբագրելՄեքսիքան կամ Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգները կառուցուածքով դաշնային երկիր է։ Մեքսիքան վարչականօրէն բաժնուած է 31 նահանգներու եւ մայրաքաղաքային ինքնավարութիւն ունեցող Մեքսիքա քաղաքին միջեւ։ Մեքսիքայի իւրաքանչիւր նահանգ ունի իր ինքնավարութիւնը, առանձին սահմանադրութիւնը եւ դատական մարմինը։ Նահանգները կը կառավարուին նահանգապետներու կողմէ, որոնք կ'ընտրուին 6 տարի ժամկէտով։
Մեքսիքայի վարչական բաժանում | ||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
|
Հայերը Մեքսիքայի մէջ
ԽմբագրելՄեքսիքայի հայ գաղութը կազմաւորուեր է 1920-ական թուականներէն յետոյ։ Հայերը կեդրոնացած են գլխաւորապէս Մեքսիքոյի մէջ, մասամբ ալ՝ Փուեպլա քաղաքին մէջ։ Ներկայիս անոնց թիւը մօտ 400 է, սակայն համայնքը դեռ կազմաւորուած չէ. չունի հաւաքատեղի կամ ազգային որեւէ կազմակերպութիւն։
Մեքսիքայի նշանաւոր հայ գործարարներէն են՝ Ս. Փալունեանը եւ Շ. Քրտիկեանը, ճարտարագէտ Ճ. Նշանեանը, ֆիզիքոս Շ. Հաճեանը, աստղագէտ դոկտոր Պ. Փիշմիշը եւ այլք։ Մեքսիքոյի մէջ ապրեր ու ստեղծագործեր է բանաստեղծ եւ թատերագիր Մկրտիչ Հաճեանը, Մեքսիքայի կառավարութեան կազմի մէջ աշխատեր է հայազգի Խոսէ Սարուխանը (Սարուխանեան)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 1,16 1,17 1,18 1,19 1,20 1,21 1,22 1,23 1,24 1,25 1,26 1,27 1,28 1,29 1,30 1,31 https://www.gob.mx/gobierno
- ↑ https://www.worldometers.info/world-population/mexico-population/
- ↑ https://books.google.lv/books?id=WdzY7YjhRroC&pg=PA83&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ Romo Rafael (նոյեմբերի 23, 2012)։ «After nearly 200 years, Mexico may make the name official»։ CNN
- ↑ «About Mexico»։ Embajada de Mexico en Estados Unidos (Mexican Embassy in the United States)։ Դեկտեմբեր 3 2012։ արտագրուած է՝ Յուլիս 17 2013
- ↑ «Official name of the country»։ Presidency of Mexico։ մարտի 31, 2005։ արտագրուած է՝ Մայիսի 30, 2010
- ↑ Merriam-Webster's Geographical Dictionary, 3rd ed., Springfield, Massachusetts, USA, Merriam-Webster; p. 733
- ↑ «INEGI 2010 Census Statistics»։ www.inegi.org.mx։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 25 2010
- ↑ James Scott; Matthias vom Hau; David Hulme։ «Beyond the BICs: Strategies of influence»։ The University of Manchester։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-25-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլի 11, 2012
- ↑ «How to compare regional powers: analytical concepts and research topics»։ British International Studies Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-30-ին։ արտագրուած է՝ Ապրիլի 11 2012
- ↑ «Ministry of Foreign Affairs of Japan» (PDF)։ արտագրուած է՝ մայիսի 7, 2012
- ↑ «Oxford Analytica»։ Wayback.archive.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ ապրիլի 24, 2007-ին։ արտագրուած է՝ Յուլիս 17 2013
- ↑ «Nord-Amèrica, in Gran Enciclopèdia Catalana»։ Grec.cat։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-15-ին։ արտագրուած է՝ Յուլիսի 17 2013
- ↑ Parsons Alan, Jonathan Schaffer (May 2004)։ Geopolitics of oil and natural gas։ Economic Perspectives։ U.S. Department of State
- ↑ «Mexico Topography»։ Nationsencyclopedia.com։ հոկտեմբերի 16, 2007։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2010
- ↑ «2016 Binational Olympics»։ San Diego Metropolitan։ December 2003։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Սեպտեմբեր 30 2007-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 7, 2007
- ↑ «About CONCACAF»։ The Confederation of North, Central American and Caribbean Association Football (CONCACAF)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Հոկտեմբեր 6 2007-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 7, 2007
- ↑ «Introduction»։ Federacion Mexicana de Futbol։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Ապրիլ 1 2008-ին
- ↑ «Mexico – List of Final Tables»։ Rec.Sports.Soccer Statistics Foundation
- ↑ «Mexico – List of Champions»։ Rec.Sports.Soccer Statistics Foundation
- ↑ «CNNSI.com – 2002 World Cup — World Cup Hall of Fame: Antonio Carbajal — Wednesday May 08, 2002 10:46 PM»։ Sportsillustrated.cnn.com։ մայիսի 8, 2002։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 30, 2011-ին։ արտագրուած է՝ հուլիսի 28, 2012
- ↑ «Hugo Sánchez donó trofeos pichichi y mejor jugador CONCACAF al Real Madrid» (Spanish)։ Terra.com։ հունվարի 14, 2008։ արտագրուած է՝ հուլիսի 17, 2013
- ↑ «FIBA – Mexico to host 2015 FIBA Americas Championship»։ FIBA։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-30-ին։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 12 2014
- ↑ «All-Time Greatest Boxers»։ Sports.espn.go.com։ արտագրուած է՝ հուլիսի 17, 2013
- ↑ «LPGA Rolex Women's World Golf Rankings» (PDF)։ Հոկտեմբեր 1 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հոկտեմբերի 25, 2007-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 7, 2007
- ↑ «Mexico – Health Care and Social Security»։ Countrystudies.us։ արտագրուած է՝ Մայիսի 30 2010
- ↑ 28,0 28,1 «Health Care in Mexico»։ Expatforum.com։ արտագրուած է՝ Մայիս 30 2010
- ↑ «Health Care Issues Mexico»։ Kwintessential.co.uk։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 4, 2009
- ↑ «Sistema Nacional de Información en Salud – Infraestructura»։ Sinais.salud.gob.mx։ արտագրուած է՝ Մայիս 30 2010
- ↑ «INEGI literacy report −14, 2005»։ Inegi.gob.mx։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 8, 2011
- ↑ «INEGI literacy report 15+, 2005»։ Inegi.gob.mx։ արտագրուած է՝ Օգոստոս 8 2011
- ↑ «Mexico: Youth Literacy Rate»։ Global Virtual University։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Յուլիս 19 2010-ին։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 2 2007
- ↑ «The Times Higher Awards 2009»։ The Times Higher Education Supplement։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հոկտեմբերի 25, 2009-ին
- ↑ «Recruiter's scoreboard Highlights» (PDF)։ The Wall Street Journal/Harris Interactive survey of corporate recruiters on business schools։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 4 2007
- ↑ «Third Title, First Chapter, About Electoral systems» (PDF)։ Código Federal de Instituciones y Procedimientos Electorales (Federal Code of Electoral Institutions and Procedures) (Spanish)։ Congress of the Union of the United Mexican States։ օգոստոսի 15, 1990։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 3, 2007
- ↑ «Third Title, First Chapter, About Electoral systems, Article 11-1» (PDF)։ Código Federal de Instituciones y Procedimientos Electorales (Federal Code of Electoral Institutions and Procedures) (Spanish)։ Congress of the Union of the United Mexican States։ Օգոստոս 15 1990։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 3 2007
- ↑ «Articles 80 to 93»։ Political Constitution of the United Mexican States։ Congress of the Union of the United Mexican States։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Նոյեմբեր 13 2006-ին։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբեր 3 2007
- ↑ «Articles 90 to 107»։ Political Constitution of the United Mexican States։ Congress of the Union of the United Mexican States։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ նոյեմբերի 13, 2006-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 3, 2007
- ↑ «Miembros Titulares»։ ODCA։ Յուլիս 14 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հուլիսի 14, 2008-ին։ արտագրուած է՝ Յուլիսի 17 2013
- ↑ «Entrevista a la Lic. Beatriz Paredes Rangel, Presidenta dle Comité Ejecutivo Nacional del PRI»։ Wayback.archive.org։ դեկտեմբերի 17, 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ դեկտեմբերի 17, 2008-ին։ արտագրուած է՝ հուլիսի 17, 2013
- ↑ Internal Rules of the Ministry of Foreign Affairs (օգոստոսի 10, 2001)։ «Article 2, Section 1» (Spanish)։ Ministry of Foreign Affairs։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Յունիսի 11, 2008-ին։ արտագրուած է՝ Մարտի 28, 2009
- ↑ Political Constitution of the United Mexican States (փետրվարի 5, 1917)։ «Article 89, Section 10» (Spanish)։ Chamber of Deputies։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ օգոստոսի 25, 2007-ին։ արտագրուած է՝ Մարտի 28, 2009
- ↑ Palacios Treviño Jorge։ «La Doctrina Estrada y el Principio de la No-Intervención» (Spanish)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-16-ին։ արտագրուած է՝ Ապրիլի 4, 2009
- ↑ UN (Նոյեմբեր 7 1945)։ «United Nations Member States»։ UN official website։ արտագրուած է՝ Ապրիլ 6 2009
- ↑ Velázquez Flores (2007), p. 145.
- ↑ Organization of Ibero-American States։ «Members» (Spanish)։ OEI official website։ արտագրուած է՝ Ապրիլի 6 2009
- ↑ Ministry of Foreign Affairs (Մարտի 7 2007)։ «El Presidente Felipe Calderón Hinojosa en la Ceremonia de Entrega de la Secretaría Pro Témpore del Grupo de Río» (Spanish)։ Gobierno Federal։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Օգոստոսի 23 2009-ին։ արտագրուած է՝ Ապրիլ 6 2009
- ↑ United Nations (2008)։ «Regular Budget Payments of Largest Payers»։ Global Policy։ արտագրուած է՝ Ապրիլ 4 2009
- ↑ Organisation for Economic Co-operation and Development (Մայիսի 18 1994)։ «Members»։ OECD official website։ արտագրուած է՝ Ապրիլ 6 2009
- ↑ «Chile joins the OECD's Economic Club»։ BBC News։ Յունուարի 12 2010։ արտագրուած է՝ Ապրիլ 23 2010
- ↑ «Buque logístico multipropósito» (Spanish)։ Wayback.archive.org։ նոյեմբերի 11, 2004։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ նոյեմբերի 11, 2004-ին։ արտագրուած է՝ հուլիսի 17, 2013
- ↑ «The 5.56 X 45 mm: 2006»։ Thegunzone.com։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 8, 2011
- ↑ «Mexican navy 2006 activities official report»։ Semar.gob.mx։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2010
- ↑ World Gazetteer
- ↑ City Population - Statistics & Maps of the Major Cities, Agglomerations & Administrative Divisions for all Countries of the World
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Dasaran.am Մեքսիքա Archived 2016-04-07 at the Wayback Machine.
- Encyclopedia.am Մեքսիքա Archived 2017-12-21 at the Wayback Machine.
- Mexico Tourism Official Website | Այցելէ Մեքսիքա Archived 2012-06-04 at the Wayback Machine.
- Մեքսիկա UCB Libraries GovPubs
- Մեքսիքա, Բի-բի-սի լուրեր
- Մեքսիքայի մասին Բրիտանիքա հանրագիտարանի մէջ
- Վիքիմեդիային մեջ Mexico
- Key Development Forecasts for Mexico from [International Futures]
- Մեքսիքան համաշխարհային նկարիչներու կտաւներու մէջ
- Մեքսիքայի Միչոաքան Նահանգի Քոնկրեսը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Եւ Դատապարտող Յայտարարութիւն Մը