Սողուններ (լատիներէն՝ Reptilia) ողնաւոր, գլխաւորաբար՝ ցամաքային անասուններու դասակարգ, որուն մէջ կը ներառուին մողէսները, օձերը, կոկորդիլոսները եւ կրիաները։ Ի տարբերութիւն երկակենցաղներուն՝ սողունները առաջին իսկական ցամաքային ողնաւորներն են, սակայն անոնց մէկ մասը կը յարմարի ջրային կենսակերպին (կոկորդիլոսներ եւ կրիաներ)[1]։ Սողուններուն մեծ մասը կ'ապրի չոր, եւ տաք կլիմայական պայմաններու մէջ։ Շարժման ընթացքին անոնց մեծ մասին մարմինը կը հպի գետինին, կը շարժին սողալով, ուրկէ ալ ծագած է իրենց անունը՝ սողուններ։

Մողէսին արտաքին կառուցուածքը
Կրիայ
Մողէս

Կը շնչեն թոքերով։ Բեղմնաւորումը ներքին է։ Ձուն պատուած է խիտ թաղանթով մը եւ հարուստ է սաղմի զարգացման համար անհրաժեշտ պաշարանիւթերով, զարգացումը ուղղակի է։ Կը բազմանան ցամաքին մէջ։ Սիրտը եռախորշ է։ Նեարդային համակարգը աւելի լաւ զարգացած է, քան երկակենցաղներունը։ Ունին կոպեր։ Սողուններուն մաշկը զուրկ է գեղձերէ, ծածկուած է եղջերային թեփուկներով կամ վահանիկներով։ Եղջերային ծածկոյթը կը պահպանէ անոնց մարմինը ջուրի կորուստէն, չորացումէն եւ վէրքերէ։ Եղջերային թեփուկները կը խոչընդոտեն մարմինին աճը, ուստի տեղի կ'ունենայ մաշկափոխութիւն։

Կոյր Ու Առանց Սրունքի Նոր Տեսակի Մողէզ Մը Խմբագրել

Մայիս 2011-ի կէսերուն խումբ մը սողունաբաններ Ասիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Քամպոտիոյ լեռներուն վրայ գտած են նոր տեսակի մողէզ մը, որ կոյր ու առանց սրունքի եղած է: Նշեալ տեսակի մողէզին երկայնքը եղած է տասնհինգ սանթիմեթր:

Անիկա մաս կը կազմէ աւելի քան երկու հարիւր տեսակի առանց սրունքի մողէզներու ընտանիքին:

Վերջին տասնամեակին անասնագէտներ աշխարհի տարածքին գտած են մօտաւորապէս յիսուն նոր տեսակի սողուններ, որոնց շարքին է նաեւ նշեալ տեսակի մողէզը:

Սողունաբանները կոյր ու առանց սրունքի մողէզը գտած են Քամպոտիոյ հարաւարեւմտեան բաժինը գտնուող Քարտամեմ լեռներուն վրայ իրենց կատարած հետազօտութիւններուն ընթացքին` գետին տապալած ծառի մը կոճղին տակէն:

Սկիզբը անոնք կարծած են, թէ նշեալ տեսակի մողէզը ծանօթ եղող մողէզներու մէկ տեսակին պատկանած է, սակայն, երբ սկսած են մանրամասնօրէն ուսումնասիրել զայն, գտած են, թէ անիկա իր տեսքով տարբեր եղած է անոնցմէ:

Այլ սողունաբաններու համաձայն, հնագոյն ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած առանց սրունքի մողէզները փոխուելով` վերածուած են օձերու: Իսկ առանց սրունքի մողէզները օձերէն տարբեր եղած են` մողէզի կարգ մը յատկանիշները պահելով, օրինակ` արտաքին ականջները:

Բրածոյ անասուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներու կարծիքով, հնագոյն ժամանակներուն առանց սրունքի մողէզներուն կոյր տեսակը գոյութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն, ժամանակի ընթացքին, անիկա հասած է Ասիա:

Նոր տեսակի մողէզին յայտնաբերումը կատարող սողունաբաններէն` Նէանկ Թայ հաւանական գտած է, թէ անիկա գոյութիւն ունեցող այլ տեսակի առանց սրունքի մողէզներուն նման կ'ապրի ստորերկրեայ վայրերու մէջ եւ, հետեւաբար, կարիքը չունի սրունքներու եւ կամ աչքերու:

Սողունաբանները նշած են, թէ նոր տեսակի մողէզը կրնայ իր քիթին միջոցով ստանալ իր ուղղութիւնը եւ, այդպիսով, կրնայ որսալ որդեր, մրջիւններ ու ճճիներ:

Մասնագէտները նշած են, թէ կոյր ու առանց սրունքի նոր տեսակի մողէզը յայտնուած է միայն սահմանափակ տարածութեան մը մէջ` նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին միջավայրին սպառնացող կարգ մը վտանգներ, ինչպէս, օրինակ անհակակշիռ տարողութեամբ կատարուած փայտահատութեան պատճառով յառաջացած հողի սահանքն ու կլիմայական պայմաններուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները, որոնք կրնան վտանգել անոնց գոյութիւնը:

Հետեւաբար անոնք յանկարծ կրնան մեծ թիւով յայտնուիլ միջավայրին մէջ ու ապա կարճ ժամանակի մը մէջ կրնայ ուշագրաւ կերպով նուազիլ անոնց թիւը[2]:

Վարազօձերը Խմբագրել

Վարազօձերը կը պատկանին պոաներու ընտանիքին. անոնք հսկայ օձեր են եւ իրենց որսը կ'որսան` առանց թունաւորելու զանոնք: Վարազօձերը հազուադէպօրէն որսացող սողուններ են. այլ խօսքով, անոնք երկար ատեն ոչինչ կ'ուտեն, սակայն երբ որսան, մեծ տարողութեամբ կ'ըլլայ որսը[3]:

Վարաններու բնակավայրը Խմբագրել

Քոմոտոյի Կղզիին մէջ կը գտնուին վարաններ, որոնք աշխարհի ամէնէն մեծ մողէսներն են: Զանոնք կը կոչեն նաեւ Քոմոտոյի վիշապները:Անոնք յարգի անասուններ են: Կը սնանին սատկած անասուններով[4]:

Պատկերներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել