Կրիաներ
Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines) սողուններու դասին պատկանող զրահաւոր ցամաքի եւ ջուրի անասուններ են։ Կը գտնուին ամբողջ երկրագունդի տարածքին։
Կրիաներու տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունեցած են 200 միլիոն տարի առաջ[1] եւ կը հանդիսանան սողուններու դասին ամէնէն հին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։
Կրիաները կը սերին ցամաքային հնագոյն, անհետացած սողուններու մէկ ճիւղէն՝ կատիլոզաւրերէն։ Դարաւոր զարգացման ընթացքին, անոնցմէ շատերը՝ աստիճանաբար ընտելացած են անուշահամ ջուրերուն եւ ծովերուն մէջ ապրելու պայմաններուն։ Ներկայիս կրիաներու 327 տեսակ գոյութիւն ունի, որոնցմէ երեքը՝ միջերկրածովեան, կասպիական եւ ճահիճի կրիաները, որոնց կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի տարածքին։
Կ'ենթադրուի, որ կրիաներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ 200 տարի: Անշուշտ կեանքի այս տեւողութիւնը կախեալ է կրիային տեսակէն: Սակայն, միջին հաշուով, կարելի է ըսել, որ`
- ջրային կրիաները կրնան ապրիլ մօտաւորապէս 40 տարի,
- ցամաքային կրիաները բնութեան մէջ կրնան ապրիլ մինչեւ 60 տարի, եւ մինչեւ 100 տարի` պահպանուած միջավայրի մը մէջ,
- ծովային կրիաները ընդհանրապէս կ'ապրին նուազագոյնը 40 տարի, սակայն կարգ մը տեսակներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 120 տարիի: Իսկ երկար կեանքի մրցանիշը արձանագրող երկու տեսակներն են ցամաքային կրիաները` Կալափակոսի հսկայ կրիաները (150 տարիէն մինչեւ 200 տարի), եւ «Սեշելներու հսկայ կրիաները (ուր կ'ապրի Ճոնաթան կրիան, որ ենթադրաբար ծնած է 1832-ին):
Կազմուածք
ԽմբագրելԿրիաները իրենց արտաքինով կը տարբերին միւս անասուններէն, շնորհիւ իրենց պատեաններուն։
Պատեանը կրնայ ունենալ ոսկրային կառուցուածք կամ ըլլալ փափուկ, մաշկային, ինչպէս ծովերը բնակող կրիաներունը։
Զրահի ձեւը թոյլ կու տայ պարզելու, թէ ինչպիսի կեանք կը վարէ կրիան։ Կրիաներէն շատերը ունին մեծ, գմբէթանման զրահ, որ կը դժուարացնէ, որ գիշատիչները ջարդեն զինք՝ իրենց երախին մէջ։
Քանի մը բացառութիւններէն մին Ափրիկէի բլիթանման կրիան է, որուն զրահը տափակ է, որուն շնորհիւ կրնայ պահուըտիլ ժայռերուն ծերպերուն մէջ։
Ջուրի կրիաներէն շատերը նոյնպէս ունին տափակ, շուրջհոսելի զրահներ։ Ի տարբերութիւն իրենց ցամաքային դանդաղաշարժ ցեղակիցներուն՝ ծովերուն մէջ ապրող կրիաները հիանալի արագաշարժ լողորդներ են։
Կրիաներու զրահներու գոյները կրնան տարբեր ըլլալ։ Սովորաբար անոնք կ'ըլլան սրճագոյն, սեւ կամ ձիթենիի կանաչ գոյներով։ Երբեմն զրահը կ'ունենայ կարմիր, նարնջագոյն, դեղին կամ մոխրագոյն երանգներ։
Յատուկ ուշադրութեան արժանի են կրիաներուն զրահի մէջքի մասի նախշերը, որոնք բազմազան են։
Բազմացում
ԽմբագրելԲոլոր տեսակներու, նոյնիսկ ջուրերուն մէջ բնակող կրիաները կը ձուադրեն ցամաքը, շուրջ 1-400 ձու։ Էգերը ձուերը կը թաղեն աւազի կամ հողի մէջ եւ այնուհետեւ անոնցմով չեն մտահոգուիր։
Ձուէն դուրս ելած փոքրիկ կրիաները անմիջապէս կը սկսին անկախ կեանք վարել։ Սկզբնական շրջանը անոնք կ'աճին, յետագային աճը կը դանդաղի։ Հետաքրքրական է, որ կրիաները կ'աճին իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին։
Սնունդը
ԽմբագրելԿրիաներուն սնունդը մեծապէս կախեալ է այն միջավայրէն, ուր կ'ապրին։ Ցամաքային եւ ծովային կրիաները առաւելապէս բուսակեր են, բայց ծովային կրիաները երբեմն նաեւ ձուկ կ'որսան։ Անոնք նոյնիսկ կ'ուտեն սպունգներ եւ այլ փափկամարմիններ։ Կրիաները ունին նաեւ քանի մը ամիս անօթի մնալու կարողութիւնը։
Կրիաներու տարբեր տեսակներ.
իւղաբլիթաձեւ, միջերկրածովեան եւ քաղցրահամ ջուրերու |
Զինանշաններ
ԽմբագրելՄիջազգային Օր
Խմբագրել«Ամերիքըն թորթալզ ռեսքիու» կազմակերպութիւնը նշանակած է կրիաներու միջազգային օր, 2000 թուականին: Անիկա կը նշուի ամէն տարի, 23 Մայիսին:
Անոր նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել այս անասուններուն պահպանութեան կարեւորութեան վրայ: Իւրաքանչիւր անասունի տեսակ ունի իր տեղը եւ իր դերը` ամբողջ կենդանի էակներուն եւ անոնց միջավայրին ամբողջութեան մէջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Ի՞նչ է, ո՞վ է» հանրագիտարան, 2-րդ հատոր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Փիպոտիի Բնութեան Պատմութեան Թանգարանի Տեղեկագիրք http://www.bioone.org/doi/abs/10.3374/0079-032X%282007%29483%3APROMT2.0.CO%3B2 http://www.geo.uni-tuebingen.de Անգլերէն Վերցուած է 2016 Ապրիլի 13-ին