Ինքնասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օր
Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր (ՄԱԿ-ի լեզուներով. անգլերէն՝ World Suicide Prevention Day, սպ.՝ Día Mundial para la Prevención del Suicidio, ռուս.՝ Всемирный день предотвращения самоубийств, ֆրանսերէն՝ Journée mondiale de la prévention du suicide), միջազգային օր է, որ սկսած 2003-էն կը նշուի ամէն տարի 10 Սեպտեմբերին։ Նպատակը ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման աշխատանքներու համակարգումն է[1]։
Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրը սկսած է նշուիլ Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային կազմակերութեան նախաձեռնութեամբ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան աշխոյժ օժանդակութեամբ եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հովանաւորութեամբ[2]։
Ինքնասպանութիւններու քանակը 2014-ի տուեալներով կազմած է մօտ 800 հազար անձ տարին[3]։ Համաձայն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վիճակագրութեան, երրորդ հազարամեակին ինքնասպանութիւնից աւելի շատ մարդ կը մահանայ քան բոլոր պատերազմներու զոհերը եւ բռնի մահերը միասին վերցուցած։ Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրուան նպատակն է միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել այս իրավիճակին։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր»։ www.demoscope.ru։ արտագրուած է՝ 2019-10-15
- ↑ «Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային կազմակերութեան կայքի միջազգային օրուան էջը»։ World Suicide Prevention Day #WSPD (en-US)։ արտագրուած է՝ 2019-10-15
- ↑ «ВОЗ | Предотвращение самоубийств: глобальный императив»։ WHO։ արտագրուած է՝ 2019-10-15