Իրաւունք, հասարակական յարաբերութիւնները կարգաւորող ազդակ, որ յառաջացած է հասարակութեան շերտաւորման զուգընթաց՝ դասակարգային յարաբերութիւններու ծագման ընթացքին, որպէս տիրող դասակարգի՝ օրէնքի աստիճանի բարձրացուցած կամքի դրսեւորում, որ սկիզբը արտայայտուած է սովորոյթներու մէջ, յետագային դարձած է օրէնք։

Արդարութեան կինը՝ դիցուհին, որ կը ներկայացնէ արդարութիւն եւ կը կրէ թուր, որ կը ներկայացնէ դատարանին ուժը, եւ թէ ինչպէս այդ թուրը կը կտրէ օձին գլուխը, այսինքն՝ չարին, կշիռք՝ որ կը ներկայացնէ հաւասարութիւնը ու մրցումը, եւ աչքերու կապ՝ որ ցոյց կու տայ թէ արդարութիւնը պէտք է ըլլայ անկողմնակալ եւ ապահով բոլորին համար, առանց վախի կամ շահի զանազանութեամբ, կամ նոյնիսկ դրամի, հարստութեան, ուժի եւ ինքնութեան[1]:

Այսօր, իրաւունք ըսելով, մարդիկ զայն կ'ըմբռնեն տարբեր իմաստներով՝

  1. Իրաւունք ըսելով՝ նկատի կ'առնուին ընկերային, իրաւական յաւակնութիւնները։
  2. Իրաւունքը կը դիտուի որպէս իրաւական վարքագիծերու համակարգ։
  3. Իրաւունք հասկացողութեան մէջ նկատի կ'առնուին պաշտօնապէս ընդունուած հնարաւորութիւնները, որոնցմով օժտուած են իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձինք։
  4. Իրաւունքը կ'օգտագործուի ցոյց տալու բոլոր իրաւական երեւոյթները (ներառեալ բնական իրաւունքը, առարկայական եւ ենթակայական իրաւունքը)։

Սահմանում Խմբագրել

Ժամանակի ընթացքին խումբ մը օրէնքներ հաստատուեցան կամ փոխուեցան կամ ջնջուեցան եւ «Օրէնք»-ին իմաստը միշտ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: 1973 թուականի բացատրութիւնը կ'ըսէ, թէ օրէնքը ձեւ մըն է որ կը կառավարէ մարդոց վարքը, միաժամանակ ազդելով անոնց ամէնօրեայ բարոյական եւ ընկերային վարուելակերպին վրայ, որ կայուն ու կարեւոր դեր կը խաղան օրէնքը յարգելու գծով[2]:

Շատ ջանք ի գործ դրուած է եւ փորձեր կատարուած են որպէսզի ստեղծուի համաշխարհային ընդունուած իմաստ մը կամ բացատրութիւն մը տալու «օրէնք» բառին: 1972 թուականի աղբիւր մը կ'ըսէ թէ այս մէկը անկարելի է[3]: Մեծ գիտնականներ «Ի՞նչ է օրէնքը» հարցումին պատասխան չեն գտած[4]: Կլանվիլ Ուիլիըմս գիտնականը, ըսած է թէ «օրէնք» բառին իմաստը կապ ունի անոր նախադասութեան հետ, օրինակ՝ սովորական օրէնքը կամ քաղաքապետական օրէնքը ունին տարբեր իմաստներ[5]: Ուրիշ մտաւորական մը՝ Թըրման Արնոլտ՝ ըսած է թէ անկարելի է «օրէնք» բառը բացատրել, սակայն այս մէկը երբեք պէտք չէ անտեսել[6][7]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Օրէնքին ստեղծումն ու հիմնումը կապ ունի քաղաքակրթութեան զարգացման հետ: Հին եգիպտական օրէքները գոյութիւն ունէին Ք․Ա․ 3000 թուականէն եւ այս օրէնքները սահմանուած էին 12 գիրքերու մէջ, որ հաստատուած էին իրենց մշակոյթի, հաւասարակշռութեան եւ արդարութեան կանոններուն վրայ[8][9]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Luban, Law's Blindfold, 23.
  2. Dictionary of the History of Ideas, Charles Scribner's Sons, Editor Philip P. Weiner, 1973.
  3. Lord Lloyd of Hampstead. Introduction to Jurisprudence. Third Edition. Stevens & Sons. London. 1972. Second Impression. 1975. Page 39.
  4. Mc Coubrey, Hilaire and White, Nigel D. Textbook on Jurisprudence. Second Edition. Blackstone Press Limited. 1996. ISBN 1-85431-582-X. Page 2.
  5. Williams, Glanville. International Law and the Controversy Concerning the Meaning of the Word "Law". Revised version published in Laslett (Editor), Philosophy, Politics and Society (1956) p. 134 et seq. The original was published in (1945) 22 BYBIL 146.
  6. Arnold, Thurman. The Symbols of Government. 1935. Page 36.
  7. Lord Lloyd of Hampstead. Introduction to Jurisprudence. Third Edition. Stevens & Sons. London. 1972. Second Impression. 1975.
  8. Théodoridés։ «law»։ Encyclopedia of the Archaeology of Ancient Egypt 
  9. VerSteeg, Law in ancient Egypt