Իրաքլիա Լիկիսթիս

Իրաքլիա Լիկիսթիս (հին յուն․՝ Ἡράκλεια Λυγκηστίς, լատին․՝Heraclea Lyncestis, մակեդոներէն՝ Хераклеја Линкестис)․ Մակեդոնիոյ հին յունական քաղաք։ Անոր աւերակները կը գտնուին Պիթոլա քաղաքէն 2 քլ․ հարաւ (Հիւսիսային Մակեդոնիա)։ Հիմնուած է Ք․Ա․ 4րդ դարու կէսերուն, Մակեդոնիոյ թագաւոր Փիլիպոս Բ․ Մակեդոնացիին կողմէն, երբ ան արդէն գրաւուած էր ամբողջ շրջանը եւ զայն միաւորած իր Մակեդոնիոյ թագաւորութեան։ Իր հիմնումէն 2 դար ետք կը կառավարուի հռոմէացիներուն կողմէ։

Քաղաք
Իրաքլիա Լիկիսթիս
Ηράκλεια Λυγκηστίς
Իրաքլիա Լիկիսթիս
Երկիր Հիւսիսային Մակեդոնիա
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․4րդ դար

Անուանում

Խմբագրել
 
Մակեդոնիոյ թագաւորութեան մէջ ներառնուած շրջաններ Ֆիլիպոս Բ․-ի ժամանակ

Քաղաքը անունը առած է ի պատիւ յունական դիցաբանութեան հերոսներէն Իրաքլիսին (Հերակլես)։ Փիլիպոս այդ անունը կու տայ, որովհետեւ ինքզինքը կը սեպէր Իրաքլիդի, այսինքն կիսաստուած Իրաքլիսին սերունդէն։ Իսկ Լիկիսթիս անունը յառաջ եկած է հին թագաւորութեան անունէն, զոր Ֆիլիպոս գրաւեց եւ ուր քաղաքը կառուցեց։

 
Էղնանտիա ճամբայ

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Իրաքլիա Հելլենականութեան Դարաշրջանին կարեւոր ռազմական դիրք ունեցած է, որովհետեւ արեւմուտքէն սահմանածայրն էր Մակեդոնիոյ եւ Իբիրոսին, իսկ հիւսիսէն Բէոնիանին։ Ք․Ա․ 148-ին, երբ հռոմէացիները Մակեդոնիան հռոմէական նահանգի կը դարձնեն, Իրաքլիա կը շարունակէ բարգաւաճիլ, շնորհիւ Էղնանտիա ճամբուն՝ շրջանին հռոմէական գլխաւոր ճամբան որ քաղաքին մօտէն կ՛անցնէր։

Կատարուած պեղումներ Հռոմէական ժամանակաշրջանէն յայտնաբերած են ուխտի յուշարձաններ, գաւիթ մը, թերմես (բաղնիքներ), թատրոն մը եւ պարիսպներ։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Հռոմէական շրջան

Խմբագրել
 
Թատրոնը

Հռոմէական բռնատիրութեան շրջանին Իրաքլիա կ՛անուանուի Իրաքլիա Բելաղոնիա։ Ադրիանոս կայսրին ժամանակ կառուցուած են թատրոնը եւ բազմաթիւ շէնքեր։ 1931-ին ոսկրէ տոմսակ մը կը յայտնաբերուի 14րդ շարքին (թատրոնը ունեցած է 20 շարքեր) համար եւ թատրոնին գոյութեան հնագոյն փաստն է։ Ինք թատրոնը կը յայտնաբերուի 1968-ին եւ ունեցած է կենդանիներու երեք վանդակ ու արեւմտեան մասին փապուղի մը։ Թատրոնը չ՛օգտագործուիր Դ․ դարավերջերէն, երբ քրիստոնէական կրօնի ծաւալումին պատճառով Հռոմէական Կայսրութեան տարածքին մենամարտերը կ՛արգիլուին, ինչպէս նաեւ՝ հեթանոսական ծեսէրն ու կոչունքները։

 
մայր եկեղեցիի սրահէն խճանկար

Բիւզանդական ժամանակաշրջան

Խմբագրել
 
մայր եկեղեցիի սրահէն խճանկար

Վաղ բիւզանդական ժամանակաշրջանին՝ Դ․ - Զ․ դարեր, Իրաքլիա եպիսկոպոսական կեդրոն կը դառնայ։ Այդ շրջանէն յայտնաբերուած են քիչ թիւով աւերակներ, ինչպէս օրինակ՝ եպիսկոպոսական բնակարանին եւ մայր եկեղեցուոյ աւերակներ։ Մայր եկեղեցուոյ կեդրոնական սրահը պատուած եղած է բուսական եւ պատկերացումներու հարուստ խճանկարներով։ Քաղաքը յաջորդաբար կը կողոպտեն ու կը քանդեն արեւելեան գոթացիները 472-ին եւ 479-ին։ Սակայն բնակիչները զայն կը վերակառուցեն Ե․ դարավերջին։ Իսկ 518-ին պատահած երկրաշարժէն ետք, անոնք աստիճանաբար քաղաքը կը լքեն։ Վերջին դրամը 585-ին շրջագայած է։ Ը․ դարուն, հիւսիսէն սլաւ Դրաղուվիթես ցեղը Աւարներէն փախչելով հոն կը հաստատուի։ Ուրիշ սլաւ ցեղեր Զ․ դարավերջին շրջանը կ՛արշաւեն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Իրաքլիա Լիկիսթիս հնավայրը

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել