Լաստիվեր, երկյարկ քարանձաւը կը գտնուի Խաչաղբիւր գետի հիասքանչ ձորան մօտ, Ենոքավանի 3 քմ. հեռաւորութեամբ:

Լաստիվեր

Վայրը պահպանուած, անտառի խաւարի մէջ: Բուռն գետը, բարձր ծառերը եւ ուղղաձիգ ժայռերը կը հեքիաթացնէ բնութիւնը: Եւ այդ բնութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի խոնաւ կլիման ու ձորի լանջերուն կախուած սպիտակ ամպիկները:

Քարանձաւին, 13-րդ եւ 14րդ դարերուն մոնղոլական արշաւանքներու ժամանակ, իր ապաստանն էր գտել տեղի բնակչութիւնը:

Լաստիվեր քարանձաւ

Քարանձաւը կը գտնուի ձորան գրեթէ ուղղաձիգ լանջի վրայ: Անոր հասնելու համար մարդիկ ստիպուած էին կառուցել աստիճան` մէկը միւսին վրայ շարուած գերաններուն: Կառոյցը կը նմանէր լաստի, եւ այդ պատճառով քարանձաւը մնաց ժողովուրդի յիշողութեան մէջ «Լաստիվեր» անունով:

Նկարիչը սենեակներու պատերուն թողած է գեղեցիկ խորաքանդակ: Կարելի է նկատել, որ ան կը պատկերացնէ հարսանիք: Հեղինակը ստեղծած էր այդ գլուխ գործոցները քարանձաւին ճգնաւորի կեանքով ապրելու ժամանակ: Այդ պատճառով քարանձաւը կը յիշատակուի նաեւ «Անապատ» անունով:

Ձորի ներքեւը կ՚աղմկէ հիասքանչ ջրվէժ մը, որ վայրի բնութեան անբաժանելի մասը կը կազմէ:

Աղբիւր

Խմբագրել