Բնութիւն (լատ.՝ natura, եբր.՝ φύσις‎), մարդը շրջապատող ֆիզիքական միջավայրն է եւ սովորաբար կ'ընդգրկէ ֆիզիքական տիեզերքի բոլոր առարկաներն ու երեւոյթները, բացի անոնցմէ, որոնք ստեղծուած են մարդոց կողմէ։

Աֆթոնա Ֆլաւա

Բնութիւնը մշտապէս կը շարժի եւ կը զարգանայ, կ'ընդգրկէ անօրկանական եւ օրկանական աշխարհները։ Անօրկանական աշխարհին կը պատկանին տիեզերական մարմինները, ջուրը, հողը, օդը, ապարները եւ օգտակար հանածոները։ Բուսական եւ կենդանական օրկանիզմներու ողջ բազմազանութիւնը կը կազմէ օրկանական աշխարհը։ Զարգացման ընթացքին, անօրկանական բնութիւնը օրինաչափօրէն առաջ կը բերէ օրկանական բնութիւն մը (կենսոլորտ)՝ մարդու կենսագործունէութեան համար բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով։ Հասարակական կեանքը, արտադրութիւնը, մարդը եւ անոր բանականութիւնը կը գոյատեւեն բնական նիւթերու հենքին վրայ եւ կը գործէ բնական օրինաչափութիւններուն համապատասխան։ Բնութեան ներդաշնակութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը պայմանաւորուած են բազմազան փոխադարձ կապերով, եւ 1 օղակի խախտումը կրնայ կտրել երեւոյթներու ամբողջ շղթան։ Ուստի բնութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ, անհրաժեշտ է ճանչնալ ու ճիշտ կիրարկել անոր օրինաչափութիւնները, տիրապետել բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու արուեստին, չխախտել բնական շարժընթացներու հաւասարակշռութիւնը, այլապէս փոխազդեցութիւնը կրնայ վերածուիլ հակասութեան։ Նեղ իմաստով՝ բնութիւնը մարդուն անմիջապէս շրջապատող եւ անոր գոյութիւնը ապահովող բնական տարրերու ու պայմաններու ամբողջութիւնն է։

Այս առումով, անիկա կը համընկնի բնական միջավայր հասկացութեան հետ, որ իր մէջ կը ներառէ միջավայրին անկենդան եւ կենդանի բնութեան առարկաները։

Անուան Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

«Բնութիւն» բառը ծագած է յուն․՝ natura բառէն (հիմնական յատկութիւններ, ներքին մղում) եւ հնագոյն ժամանակներուն, բառացի նշանակած է «ծնունդ»։ Natura բառը յուն․՝ physis (φύσις) բառին լատիներէն թարգմանութիւնն է, որ կապուած է բոյսերու, անասուններու եւ աշխարհի այլ մասերու ինքնուրոյն, ազատ կամքով զարգանալու յատկութեան հետ։

Բառին սկզբնական իմաստներէն մէկը ներառած է ամբողջական բնութեան եւ ֆիզիքական տիեզերքի գաղափարները, որոնք օգտագործուած են նախասոկրատեան փիլիսոփաներու կողմէն եւ եղած է «φύσις» բառի նշանակութիւններէն միայն մէկը։ Այս նշանակութիւնը, վերջին քանի մը դարերու ընթացքին, նորագոյն գիտական ձեւերու կիրարկման հետեւանքով գերիշխող դիրք գրաւած է։

Երկիր մոլորակը կամ Երկիրը, ըստ երեւոյթին, միակ մոլորակն է, ուր կեանք գոյութիւն ունի եւ որուն բնական յատկութիւններու ուսումնասիրութիւնը ինկած է գիտական հետազօտութիւններու բնագաւառներու հիմքին մէջ։ Արեգակնային համակարգին մէջ, անիկա թիւով երրորդ մոլորակն է ըստ Արեւէն ունեցած հեռաւորութեան, ամէնէն մեծ ցամաքային մոլորակը եւ հինգերորդը՝ ըստ մեծութեան։ Երկիրին ամէնէն յայտնի կլիմայական յատկանիշները անոր երկու մեծ բեւեռային շրջաններն են, երկու համեմատաբար նեղ բարեխառն գօտիները եւ լայն հասարակածային, արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գօտիները։ Տեղումներու քանակը տեղանքին համեմատ կը փոխուին՝ տարեկան քանի մը մեթրէն մինչեւ աւելի քիչ քան մէկ միլիմեթրը։ Երկիրին մակերեւոյթին 71 տոկոսը ծածկուած է աղի ովկիանոսներով։ Մնացած մասը բաղկացած է ցամաքամասերէն եւ կղզիներէն, որոնցմէ ամէնէն շատ բնակեցուածը կը գտնուի Հիւսիսային կիսագունդին մէջ։

Երկիրը անցած է աշխարհագրական եւ կենսաբանական տարբեր գործընթացներէ, որոնք հետք ձգած են ներկայի տեսքին վրայ։ Արտաքին մակերեւոյթը բաղկացած է քանի մը աստիճանաբար տեղաշարժող երկրակեղեւին համակարգերէն։ Ներքին հատուածը աշխուժ է՝ ճկուն թիկնոցի հաստ շերտով եւ երկաթով լեցուն կեդրոնով, որ կը յառաջացնէ մագնիսական դաշտը։

Մթնոլորտային պայմանները նշանակալից կերպով փոխուած են սկզբնական վիճակէն. ասիկա պայմանաւորուած է կեանքի ձեւերու յառաջացումով[1], որ ստեղծած է մակերեւութային պայմանները կարգաւորող կլիմայական հաւասարակշռութիւն։ Բացի կլիմայական գօտիներու՝ աշխարհագրական լայնքէն կախուած բազմազանութեան եւ այլ աշխարհագրական գործօոններու՝ երկարատեւ միջին ընդհանուր կլիման գրեթէ նոյնն է սառցէ ժամանակաշրջաններուն միջեւ[2], իսկ միջին ջերմաստիճանէն մէկ կամ երկու աստիճանով շեղումները պատմական կարեւորագոյն ազդեցութիւն ունեցած են կլիմայական հաւասարակշռութեան եւ Երկրի ներկայի աշխարհագրութեան վրայ[3][4]։

Երկրաբանութիւն

Խմբագրել
 
Երկրաբանական սալերու կառուցուածքաբանութեան սահմաններու երեք տեսակները

Երկրաբանութիւնը գիտութիւն է Երկիր մոլորակը կազմող պինդ եւ hեղուկ տարրերու մասին։ Երկրաբանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտը կը ներառէ Երկիրը կազմող տարրերու կազմի, կառուցուածքի, ֆիզիքական յատկութիւններու, աշխուժութեան, պատմութեան եւ այն գործընթացներու մասին ուսումնասիրութիւնները, որոնց միջոցով անոնք ձեւաւորուած, տեղաշարժած եւ փոխուած են։ Ոլորտը մեծ գիտական ճիւղ է։ Ան նաեւ կարեւոր է հանքային եւ ածխաջրածնային նիւթերու արդիւնահանման եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներուն համար։ Երկրաբանութիւնը տեղեկութիւններ կը տրամադրէ բնական աղէտներու եւ անոնց մեղմացման, նախկին կլիմայական պայմաններու եւ շրջակայ միջավայրի մասին։

Բնութեան Հրաշալիքներէն

Խմբագրել
Քոմոտոյի Կղզին
Խմբագրել
 

Կը գտնուի Ինտոնեզիոյ պահպանուած մեծ պարտէզի մը կեդրոնը: Անիկա յառաջացած է հրաբխային ժայթքումէ մը: Հոն կ'ապրին վարաններ, որոնք աշխարհի ամէնէն մեծ մողէսներն են: Զանոնք կը կոչեն նաեւ Քոմոտոյի վիշապները: Այդ սողունները կը գտնուին միայն այս կղզիին վրայ: Անիկա յարգի անասուն մըն է: Կը սնանի սատկած անասուններով: Աւելի քան 5000 անասուններու այս «բնակչութիւնը» պահպանելու համար պետութիւնը այս բնական պարտէզը արգելանոցի վերածած է:

Հա-Լոնկի Պզտիկ Ծոցը
Խմբագրել
 

Վիեթնամի Թոնքին ծովածոցին մէջ կ'երեւին հազարաւոր կղզիներէ կազմուած սքանչելի տեսարաններ: Կրահողէ բլուրներ կը բարձրանան Չինաստանի ծովուն մէջ: Այս կղզիներուն մեծ մասը անբնակ է. սակայն կան ձկնորսներ, որոնք կ'ապրին ծոցին մէջ: Անոնք շինած են ծփացող գիւղեր, ուրկէ ձկնորսութեան կ'երթան: Այս կղզիներուն միջեւ կարելի է պտտիլ միայն յատուկ նաւակներով: Ան պահպանուած վայր մըն է, եւ համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ցանկին վրայ արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ: Հոն հազուադէպօրէն օդը պայծառ է, եւ տեսարանները յաճախ մշուշով պատուած են:

Ժեժուի Կղզին
Խմբագրել
 

Հարաւային Քորէայի գեղեցկութեան կղզին է: Աշխարհահռչակ է իր մանր աւազոտ ծովափներով եւ փերուզագոյն ջուրերով: Կղզիին արեւելքը գտնուող Սէոնկսան գագաթը, ուրկէ արեւը կը ծագի, աշխարհի ամէնէն լաւ վայրերէն մէկն է հրաբխային ժայթքումները ուսումնասիրելու համար:

Ամազոնը
Խմբագրել
 

Հսկայական անտառային շրջան մըն է, որ կը տարածուի Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրներու մէջ: Ամազոն գետը հանդարտօրէն հոնկէ կ'անցնի, եւ բուսականութիւնը շատ շքեղ է: Շատ դժուար է շրջիլ այդ անտառին մէջ, որովհետեւ բուսականութիւնը հոն շատ խիտ է: Հոն կ'ապրին նաեւ տեսակաւոր անասուններ եւ միջատներ, սակայն անոնց մեծ մասը շատ վտանգաւոր է: Փիրանա ձուկը կ'ապրի այս շրջանին մէջ:Հոն կարելի է նաեւ հանդիպիլ կատուազգիներու ընտանիքին պատկանող մեծ անասուններու, կապիկներու, օձերու, սարդերու եւ այլն: Այս ընդարձակ անտառը անասուններու, ծառերու եւ տարբեր տեսակի բոյսերու իսկական դրախտ մըն է: Հոն կ'ապրին նաեւ մարդիկ` Ամազոնի հնդիկները:

Իկուասուի Ջրվէժները
Խմբագրել
 

Անոնք կը գտնուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Կազմուած են «իրարու նայող» աւելի քան երկու հարիւր ջրվէժներէ: Անոնց մէկ կողմը կը գտնուի Արժանթինը, իսկ միւս կողմը` Պրազիլը: Կարելի է այս ջրվէժներուն շատ մօտենալ, որովհետեւ հոն յատուկ անցքեր շինուած են: Սակայն անիկա շատ վտանգաւոր է: Այս ջրվէժները յայտնաբերուած են, երբ գետին տակը գտնուող երկրագունդի կեղեւին ճեղքերէն մէկը բացուած է:

Փուէրթօ Փրինսեզայի Ստորերկրեայ Գետը
Խմբագրել
 

Այս գետը կը հոսի Ֆիլիփինեան կղզիներէն մէկուն վրայ եւ կը գտնուի մակընթացութիւններու ազդեցութեան տակ: Ֆիլիփինեաններու պետութիւնը արգելանոց յայտարարած է այդ շրջանը: Այն քարայրին մէջ, ուրկէ կ'անցնի գետը, կարելի է տեսնել նշանաւոր ժայռեր: Այս վայրին գլխաւոր իւրայատկութիւնը այն է, որ այս ստորերկրեայ գետը ուղղակիօրէն կը թափի ծովուն մէջ, ինչ որ շա՛տ հազուադէպ երեւոյթ մըն է:

Սեղանի Լեռը
Խմբագրել
 

Անունը եկած է անոր ձեւէն: Այս լերան գագաթը սեղանի մը նման տափակ է: Կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի Քէյփ քաղաքին մօտ: Կարելի է անոր վրայ բարձրանալ ճոպանուղիով կամ քալելով[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Calculations favor reducing atmosphere for early Earth»։ Science Daily։ 2005-09-11։ արտագրուած է՝ 2007-01-06 
  2. «Past Climate Change»։ U.S. Environmental Protection Agency։ արտագրուած է՝ 2007-01-07 
  3. Hugh Anderson, Bernard Walter (March 28, 1997)։ «History of Climate Change»։ NASA։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-01-23-ին։ արտագրուած է՝ 2007-01-07 
  4. Weart Spencer (June 2006)։ «The Discovery of Global Warming»։ American Institute of Physics։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-04-ին։ արտագրուած է՝ 2007-01-07 
  5. Բնութեան Հրաշալիքներէն