Լա Թանթ ՏԷՍԷ 10 Ռեսթորան
Ղանայի Աքքրա քաղաքին մէջ ճաշարան։
Լա Թանթ ՏԻՍԷ 10 Ռեսթորան (անգլերէն՝ La Tante DC10 Restaurant), Ղանայի Աքքրա քաղաքին մէջ 2013 թուականին հիմնուած իւրայատուկ ճաշարան մը:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՃաշարանին տէրերը հին օդանաւ մը գտած են, 2005 թուականին: Ան լքուած է, երբ օդանաւի ընկերութիւնը իր դռները գոցած է: Օդանաւին նոր տէրերը 118 աթոռներով այս օդանաւը ճաշարանի վերածած են եւ անոր տուած են «Լա Թանթ ՏԷՍԷ 10 Ռեսթորան» անունը: Սակայն բնիկ ժողովուրդը զայն կը կոչէ «Կանաչ օդանաւը»:
Պոչին վրայ Ղանայի դրօշակին գոյները կրող այս կանաչ օդանաւը շատ մեծ յաջողութիւն կը վայելէ: Մարդիկ զայն կը յաճախեն ո՛չ միայն անոր ճաշացուցակին համար, այլ պարզապէս օդանաւ մը այցելելու համար, որովհետեւ անոնց մեծ մասը բնաւ չէ ճամբորդած օդանաւով[1][2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «In pictures: Plane eating in Ghana»։ BBC News։ 15 January 2014։ արտագրուած է՝ 31 October 2016
- ↑ «Մարգարիտներ Արտադրող Ոստրէները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-07-02