Լեզուն եւ գրականութիւնը 1880-1890-ական տարիներուն

Լեզու եւ գրականութիւն, քաղաքականութեան ներթափանցումը՝ լեզուի եւ գրականութեան մէջ։ «Արեւելք»ով, «Մասիս»ով, ու աւելի ետք՝ «Հայրենիք»ով դրսեւորուող Պոլսոյ գրական շարժումը կը ցուցաբերէ մի քանի նոր գիծեր.

  • Գրականութիւնը ժողովրդական է՝ իր նիւթերով, ոճով ե՛ւ հակումներով։
  • Կը ձգտի նոր որակի մը ստեղծման՝ մտաւորական մակարդակի եւ գաղափարական կեցուածքի զոյգ տեսակէտներէ։
  • կը պայքարի մամլոյ ճամբով ու գաղափարական զէնքերով։

Այս ձգտումները կը թելադրուին մեր կեանքի նոր պայմաններէն. անոնք նաեւ քայլ կը պահեն Եւրոպայի մէջ այդ պահուն տիրող գրական իրապաշտութեան հետ։

Ասկէ կու գայ 1880-1890-ականներու սերունդին մօտ յաճախակի հակումը՝ մշակելու արձակ սեռի տեսակներ՝ վէպ, պատմուափքներ, գրոնիկական գործեր, որոնց մէջ արեւմտահայ աշխարհաբար լեզուն պիտի հասնի բիւրեղացման։ Այս հոլովոյթին մէջ դեր ունին նաեւ թարգմանական աշխատանքները, կատարուծ՝ եւրոպական գրականութիւններէն՝ ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ եւ այլն։

Արեւելահայ թիւին մօտ, դրական դեր պիտի շարունակէ խաղալ «Մշակ»ը՝ տակաւին տասնամեակի մը համար։ Անոր կողքին, կ՛երեւին նոր թերթեր, յատկապէս պարբերականներ, որոնց կարգին՝ լուրջ բովանդակութեամբ, «Մուրճ» ամսագիրը։

Թատրոնը կը ծաղկի այլեւս, մանաւանդ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ (ո՛չ Պոլիս՝ ծանօթ պայմաններու բերումով)։

Գրականութիւնը հոս եւս կը զտուի քարոզչական ձգտումներէ եւ կը բիւրեղանայ։ Անիկա իբր հիմնական առաջադրանք կը պահէ մադրկային իրականութեան եւ ընկերային հակասութիւններու ցուցադրում-վերլուծումը, պատմողական ու թատերգական երկերու մէջ՝ հաւասարապէս։ Թարգմանութիւնները հոս եւս իրենց դերը ունին լեզուի ե՛ւ գրական ճաշակի մշակման մէջ։

Գրական մարզը իր կարգին կ΄արտայայտէ հայութեան զոյգ թեւերու մերձեցման։ Շնորհիւ որոշ գրագէտներու եւ թերթերու նախաձեռնութիւններուն, փոխադարձ ճանաչումը կը խորանայ աստիճան մը աւելի։