Լեւոն Ալթունեան

Լեւոն Ալթունեան Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու աստղերէն մէկը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ուստա»-ն էր՝ եղբ. Լեւոն Ալթունեանը, որ 1952-էն 1973 ծառայեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին։ ՀՄԸՄ-ի առաջնակարգ խումբի ամենափայլուն մարզիկներէն մին եւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյանութեան ամենաշատ կոլ նշանակած աստղերէն։

Լեւոն Ալթունեան
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1936
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ Լիբանանի բաժակակիր
Մասնագիտութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խմբապետ
Գործունէութիւն ՀՄԸՄ-ի առաջնակարգ խումբի մարզիկ
Աշխատավայր Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի ներկայացուցիչ


Կենսագրութիւն Խմբագրել

Լեւոն Ալթունեան ծնած էր 15 Սեպտեմբեր 1936-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Փոքր տարիքէն ան սկսած էր ֆութպոլ խաղալ։ 16 տարեկանին հանդէս եկած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ան խումբէն, հետեւելով իր երէց եղբօր՝ Մանուէլի օրինակին[1]։

Առաջին մրցումը ան կատարած է Ռասինկի դէմ։ Այդ մրցումին, իբրեւ պահեստի մարզիկ, եղբ. Լեւոն ներկայացած է երկրորդ կիսախաղին, երբ խումբը պարտուած է 1-0 արդիւնքով։ Շնորհիւ սակայն իր արագ ու տպաւորիչ խաղարկութեան, ան նշանակած է երկու կոլ, իսկ եղբայրը՝ Մանուէլ մէկ կոլ, 3-1 արդիւնքով արդար յաղթանակ մը ապահովելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Այնուհետեւ, ան Լիբանանի ֆութպոլի պատմութիւն մուտք գործած է լայն դռնէն, դառնալով բոլոր ժամանակներու լաւագոյն միջնապահներէն եւ աջ ծայրի ռմբարկուներէն մէկը։

Ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շապիկը կրած է 21 տարի շարունակ։ Վերջին մրցումը ան կատարած է 1973-ին, Նըժմէի դէմ, Հապիպ Ապի Շահլա մրցաշարքին։ Այդ օրը «Ուստա»ն նշանակած է մրցումին միակ կոլը։ Անոր բազմաթիւ առիթներ ներկայացած են մաս կազմելու եւրոպական խումբերու, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր պաշտած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ֆութպոլիստի ամբողջ կեանքը անցընելով անոր յարկին տակ[1]։

Ան մահացաւ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, զոհը դառնալով քորոնա համաճարակին։ Աշխարհի ֆութպոլի համադաշնակցութեան (FIFA) նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, ցաւակցական մը յղած էր Լիբանանի ֆութպոլի համադաշնակցութեան, յիշելով Լեւոնի արձանագրած յաջողութիւնները։

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութիւն եւ Լիբանանի բաժակակիր Խմբագրել

Լեւոն Ալթունեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցչական խումբին եւ մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիրացած է երեք անգամ.- 1954-1955, 1962-1963 եւ 1968-1969 տարեշրջաններուն[1]։


  «Մեծ դեր ունեցած է նաեւ Ուստա Լեւոնը (եղբայր Լեւոն Ալթունեան) եւ այս երկուքին` Լեւոնին ու Աբոյին դերը մեծ եղած է թէ՛ ՀՄԸՄ-ի, թէ՛ Լիբանանի ֆութպոլի ընտանիքին մէջ, եւ այդ օրերուն մեզի պէս երիտասարդ ու նորահաս մարզիկներուն անոնք տուած են ուժ եւ ոգի` թէ՛ որպէս ՀՄԸՄ-ականի եւ թէ՛ որպէս մարզիկի[2]:
- ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին մարզիկներէն Յովսէփ (Յովսէփիկ)
 


Լիբանանի բաժակակիր դարձած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Լիբանանի լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացած է 1962-1963 եւ 1966-1967 տարեշրջաններուն։ 1970-ին, իր խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել