Լեւոն Գարմէն (Տէր Ստեփանեան, 1915, Հալէպ - 26 Օգոստոս 1966), բանաստեղծ եւ խմբագիր։

Լեւոն Գարմէն
Ծնած է 1915 թուականին
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 26 Օգոստոս 1966

Բնիկ սասունցի Լեւոն Ստեփանեան ծնած է 1915 թուականին Հալէպի մէջ՝ ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը Հայկազեան վարժարանէն, իսկ երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումը՝ Անգլիական Գոլէճի մէջ։1930 թուականէն մինչեւ 1960ական թուականներ ապրած է Պաղտատի մէջ (Իրաք): Այդ շրջանին ան, տարիներ շարունակ բարձր պաշտօններ վարած է «Քէյ. Օ. Սի.» քարիւղի ընկերութեան մէջ, նաեւ վարած է ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ։

1966 թուականին կոչուած էր ստանձնելու Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, սակայն կը փակէ աչքերը յանկարծական մահուամբ 1966 թուականին:

Գրական ասպարէզ

Խմբագրել

Գրականութեան մէջ իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործած է 1947-ին` լոյս ընծայելով «Վայրկեաններ» քերթուածներու հատորը, ապա, քանի մը տարի ետք, «Բաբելոնեան տոմարը», որոնք զգայուն բանաստեղծի մը վկայութիւնը բերած են. ան ունի նաեւ հրատարակելի գործերու բազմաթիւ կապոցներ[1]:

1948-էն մինչեւ 1958 վարած է Իրաքի մէջ հրատարակուած «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի խմբագիրի պաշտօնը, իսկ 1966 թուականին ընկ. Լ. Ստեփանեան կոչուած էր ստանձնելու Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, երբ փակեց աչքերը` նոյն տարուան օգոստոս 26-ին յանկարծամահ ըլլալով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Բ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, էջ 368։