Պապոյեան Լեւոն
Ծնած է 1888
Ծննդավայր Պոլիս, խասգիւղ
Մահացած է 1945
Քաղաքացիութիւն Թրքահպատակ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Վարպետ զինկոկրաֆ
Երեխաներ Եդուարդ եւ Պերճ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պապոեան Լեւոն(1888-1945), ծնած՝ Պոլիս, Խասգիւղ գիւղը։ Լուսաւորչական համայքէն։ 1909-ին հաստատուած է Պէյրութ եւ ամերիկեան ապարանի մէջ աշխատած որպէս վարպետ զինկոկրաֆ, մեծապէս գնահատուելով տպարանի տնօրէնութենէն։ Հոն կը մնայ մինչեւ 1920 եւ այդ թուականին կը սկսի անձնական գործի։ Ընկեր կ'ըլլայ մեծահարուստ կալուածատէր Թուֆիք Կանտուրի հետ եւ միասնաբար կը բանան սիկարէթի թուղթի գործարան մը։ Իր ջանքերուն ու բացառիկ կարողութեան շնորհիւ, գործը յաջողութեամբ կը պսակուի տասնըհինգ տարի՝ մինչեւ Ռէժիին գալը։ Ապա կը սկսի թուղթի գործին ամերիկեան տպարանի մէջ, իր հաշւոյն, զոր դարձեալ իր անխոնջ ջանքին շնորհիւ յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ։ Իր մահէն յետոյ, որ տեղի ունեցաւ 1945-ին, Պէյրութ, զաւակները՝ Եդուարդ եւ Պէրճ Պապոեան շարունակեցին իր գործը եւ իրենց հօրմէն ժառանգած ուղղամտութեան ու ժրաջանութեան շնորհիւ լաւ դիրքի մը հասան։ Լեւոն Պապոեան յուսահատիլ չգիտցող աշխատասէր, ձեռնհաս, զոհաբերուող հայ մըն էր եւ ընտանիքի տիպար հայր մը[1]:

Ծանօթագրութիուններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 279-280։