Լէնարթ Քարլեսոն

Լէնարթ Աքսել Էտվարտ Քարլեսոն (շուէտ.՝ Lennart Axel Edvard Carleson, ծնած 18 Մարտ 1928) շուէտացի թուաբանագէտ է, յայտնի որպէս ներդաշնակ վերլուծութիւններու դաշտերուն մէջ առաջատար: Անոր ամէնանշանաւոր ձեռքբերումներէն մեկն է «Լուզինի վարկածի» ապացոյցը (1966):[9]

Լէնարթ Քարլեսոն
շուէտ.՝ Lennart Axel Edvard Carleson
Carleson cropped.jpg
Ծնած է 18 Մարտ 1928(1928-03-18)[1][2][3] (95 տարեկան)
Ծննդավայր Սթոքհոլմ
Քաղաքացիութիւն Flag of Sweden.svg Շուէտ
Ուսումնավայր Ուփսալայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն թուաբանագէտ, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Թագավորական տեխնոլոգիական ինստիտուտ?
Ուփսալայի Համալսարան
Մասաչուսեթսի արհեստագիտական հիմնարկ
Անդամութիւն Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Նորվեկիոյ գիտութիւններու կաճառ, ԱՄՆ-ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա[4], Շուէտի գիտութիւններու արքայական կաճառ, Հունգարիոյ գիտութիւններու կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Finnish Society of Sciences and Letters?, Եվրոպական ակադեմիա?[5], Լոնտոնի թագաւորական ընկերութիւն[6] եւ Ամերիկեան Ուսողութեան Ընկերութիւն[7][8]
Ամուսին Պութթէ Եունսսոն (ամ.1953)
Երեխաներ

Քասփար (ծն.1955-ին)

Պեաթրիսէ (ծն.1958)

ԿենսագրութիւնԽմբագրել

Ան սորված է Ուփսալայի համալսարանէն ներս եւ տոքթորական աստիճան ստացած է 1950-ին:

ԱշխատանքԽմբագրել

Անոր աշխատանքը կը պարունակէ քանի մը թուաբանական խնդիրներու լուծումները, կիրառելով համադրութիւններու հնարքներ եւ հաւանականութեան տեսութիւն: Հարտիի տարածութիւններու տեսութեան մէջ Քարլեսոնի ներդրումները կը ներառեն Corona theorem-ը (1962) եւ քառակուսի ինթեկրելի գորրծողութիւններու համար Ֆուրիէի շարքերու գրեթէ ամենուր համընկման սահմանումը (ներկայիս յայտնի որպէս Քարլեսոնի թէորեմ). Ան նաեւ յայտնի է Քարլեսոնի չափանիշներու տեսութիւնով:

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել