Լոձ[3] (לאדזש, Lodzh;[4]) Լեհաստանի երրորդ մեծ քաղաքը։ Կը գտնուի երկրին կեդրոնական մասին մէջ եւ ըստ Դեկտեմբեր 2009-ի կատարուած մարդահամարի տուեալներուն՝ ունի 670 642 մարդ (31 Մարտ2021)[2] բնակչութիւն։ Լոձը՝ Լոձի վոյվոտութեան մայրաքաղաքն է, կը գտնուի Վարշաւայէն շուրջ 135 քմ. հարաւ արեւմուտք։ Քաղաքին զինանշանը նաւակի տեսքով թեք զէնք է, ի նշան քաղաքին անուան, որ բառացիօրէն կը թարգմանուի «նաւակ»։
Լոձը գրառումներուն մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի 1332-ին՝ փաստաթուղթին մէջ, երբ Լոձիա գիւղը կը յանձնուի եպիսկոպոս Վլոցլավեկին։ 1423-ին Վլադիսլաւ Եակովլեւ թագաւորը Լոձ գիւղին կը շնորհէ քաղաքի կարգավիճակ։ Մինչեւ Ժը. դար քաղաքը փոքրիկ բնակավայր էր Մազովիոյ եւ Սիլեսիոյ միջեւ գտնուած առեւտրական ճամբուն վրայ, Ժզ. դարուն Լոձ ունէր 800 բնակիչ, որ հիմնականին մէջ կը զբաղէր մօտակայ հացահատիկային տնտեսութեամբ։
1793-ին Լեհաստանի երկրորդ բաժանումով Լոձը կը դառնայ Պրուսիոյի թագաւորութեան մաս, Հարաւային Պրուսիոյ մարզ եւ գերմաներէն կը կոչուէր «Լոտճ»։ 1798-ին Պրուսիա կ'ազգայնացնէ քաղաքը, եւ կը կորսնցնէ Կույավիա արքեպիսկոպոսին քաղաքի կարգավիճակը։ 1806-ին Լոձ կը միանայ Նափոլէոնի դքսութեան հետ Վարշաւայի մէջ եւ 1810-ին ունէր 190 բնակիչ։ 1815-ին Վիեննայի քոնկրէսի պայմանագիրով ան Լեհաստանի քոնկրէսի մաս կը դառնայ, որ Ռուսաստանի Կայսրութեան կ'ենթարկուէր։
Ըստ 1815-ի պայմանագիրին կը նախատեսուէր վերակառուցել կիսաքանդ քաղաքը եւ ըստ 1816-ի ցարին հրովարտակին, շարք մը գերմանացի ներգաղթեալներ՝ տարածքին ձեռքբերման փաստաթուղթ կը ստանան, որպէսզի հողը մաքրեն եւ գործարաններ ու տուներ շինեն։