Լոնտոն (Օնթարիօ)

Լոնտոն (Օնթարիօ) (անգլերէն՝ City of London), Քանատայի հարաւ-արեւելքը Օնթարիոյի Քէպէք Ուինսթըր միջանցքին վրայ գտնուող քաղաք մըն է: Ըստ 2011-ի տուեալներուն, բնակչութեան թիւը 366,151 է: Լոնտոն Օնթարիօն, Թորոնթօ եւ Տիթրոյիթ քաղաքներէն մօտաւորապէս 200 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Լոնտոն քաղաքը, կոմսութեան շարունակութիւնը ըլլալուն համար, Միտըլսէքս Գաւառէն (Middlesex County) անջատ քաղաքապետութիւն մը ունի:

Բնակավայր
Լոնտոն
Դրօշակ

Երկիր  Քանատա[1]
Օրէնսդրական մարմին London City Council?
Հիմնադրուած է՝ 1826
Տարածութիւն 420,57 քմ²
ԲԾՄ 251±1 մեթր
Բնակչութիւն 422 324 մարդ (2021)[2]
Կը գտնուի ափին North Thames River? եւ Թեմս?
Ժամային գօտի Հիւսիս-ամերիկեան ժամային գօտի
Հեռախօսային ցուցանիշ 519, 226 եւ 548
Փոստային ցուցանիշ N5V ke N6P
Անուանուած է Լոնտոն
Պաշտօնական կայքէջ london.ca(անգլերէն)

1801-1804 տարիներուն, շրջանը բնակելի կը դառնայ եւրոպացիներուն կողմէ: 1826-ին Լոնտոն գիւղի կարգավիճակ կը ստանայ: 1855-էն ետք շարունակ զարգանալով, հարաւ-արեւելեան Օնթարիոյի ամէնամեծ քաղաքապետութիւնը, իսկ Քանատայի 15-րդ մեծ քաղաքը կը դառնայ։ Իր շուրջը գտնուող բնակավայրերուն հետ միանալով կը շարունակէ ընդարձակիլ[3]:

Քաղաքը զարգացած է ուսման, առողջութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ:

Լոնտոն քաղաքին մէջ յառաջացած են գիտական պրպտումներու եւ մշակութային գործունէութիւններու կեդրոններ: Ֆանշէօ Քոլէճը (Fanshawe College) ամէնէն նշանաւոր քոլէճներէն կը համարուի: Մեծ թիւով հիւանդանոցներու կողքին, նշանաւոր է նաեւ բժշկական համալսարանով: Քաղաքը կը հիւրընկալէ երաժշտական եւ գեղարուեստական ցուցահանդէսներ եւ փառատօներ, ինչպէս նաեւ «Ֆորսէթ Քաղաքի Վազքի Մրցում»ին կազմակերպիչն է: Կազմակերպուած խրախճանքերը եւ փառատօները զարկ կու տան քաղաքին տնտեսական զարգացման, սակայն տնտեսութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է առողջական հետազօտութիւններու, ապահովագրութիւններու եւ արհեստագիտութեան վրայ: Քաղաքին համալսարանները եւ հիւանդանոցները երկրին առաջին տասնեակին մէջ տեղ կը գրաւեն: Քաղաքը, 401 եւ 402 հանրուղիներու միջահատուած տեղը եւ Թորոնթոյի Ուինսթըր եւ Սարնիա (Sarnia) քաղաքները իրարու կապող կէտին վրայ կը գտնուի: Լոնտոն ունի նաեւ միջազգային օդակայան, հանրակառքի եւ գնացքի կայաններ:

Բնակչութիւն

Խմբագրել
Տարի Բնակչութիւն
2011 366 151 մարդ [4]
2016 383 822 մարդ [5]
2021 422 324 մարդ [2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել