Լուսաւորչական ընկերութիւն

Լուսաւորչական ընկերութիւնը հիմնուած է 1852-ին Եոզկատի Առաջնորդ Մկրտիչ Վրդ. Տիգրանեանի կողմէ։ Կ՚ենթադրուի ըլլալ Եոզկատ քաղաքի ամէնէն հին կրթական ընկերութիւնը։ Բացի տղոց կրթութիւնը քաջալերելէ, ընկերութիւնը ճիգ կը թափէ նաեւ աղջկանց վարժարան մը հիմնելու։ Թէեւ ընկերութիւնը յաջողութիւն կ՚արձանագրէ այս մարզին մէջ, բայց կը նշուի որ աղջկանց վարժարանը կարճ ժամանակ ետք վերստին կը փակուի։ Պէտք էր սպասել մինչեւ 1908 Թավատառ տեքստի Օսմնեան Սահմանադրութեան վերահաստատումը, Եոզկատի մէջ աղջկանց յատկացուած իսկական վարժարանի մը հիմնումը իրականացուած տեսնելու համար[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել