Լուսիըն Հապըրտ (22 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-22)[1], Fort Thomas, Քեմպբել շրջան, Կենտուկի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 31 Դեկտեմբեր 1971(1971-12-31)[1], Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի ֆիլմի արտադրիչ եւ թատերագիր մըն էր։ Ան ամէնէն շատ գիտցուած է իր Wings ֆիլմով եւ ստացած է պատմութեան առաջին Լաւագոյն Նկարի Օսքարը (Academy Award for Best Picture): Լուսիընը արտադրած/գրած է շուրջ 92 ֆիլմեր իր ասպարէզի ընթացքին: Ան իր նոյն տան մէջ ապրած է մինչեւ մահ, Պէվըրլի Հիլզի մէջ։ Ան ձիարշաւարան մը ունէր եւ շատ յաճախ իր ձի կը վարէր դէպի Ուիլ Ռոճըրզի տունը եւ երբեմն ալ դէպի Paramount Studios: Ան ժամանակ մը ետք դարձաւ Paramount Studios-ի նախագահ իր յաջող Wings ֆիլմէն ետք: Այս ֆիլմը նաեւ օգնեց բեմադրիչ Ուլիըմ Ա. Ուէլմընին դառնալու հռչակաւոր:

Լուսիըն Հապըրտ
Ծնած է 22 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-22)[1]
Ծննդավայր Fort Thomas, Քեմպբել շրջան, Կենտուկի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 31 Դեկտեմբեր 1971(1971-12-31)[1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն հեղինակ, ժապաւէնի բեմադրիչ, ժապաւէն արտադրող
Լուսիըն Հապըրտէն վկայագիր մը, 1922

Լոս Անճելըս չեկած, ան The New York Times-ին կ'աշխատակցէր: Ան գրած էր 5 թատրերգութիւններ եւ կ'ուզէր Հոլիվուտ երթալ եւ տեսնել թէ՝ պիտի կարենա՞յ ծախել զանոնք: Ան 3 հատը ծախեց արդէն 1923-ին: Ֆիլմերէն մէկն էր The Vanishing American ֆիլմը եւ ինքն էր որ առաջին անգամ ֆիլմի մը մէջ հնդիկները ներկայացուց իբրեւ լաւ ժողովուրդ։ Այդ ֆիլմին համար ան Չիրոքի ժողովուրդէն յուշանուէր մը ստացաւ: Ունէր 2 դուստրեր՝ Պէթի եւ Ժանէթ, եւ եղբայր մը՝ Հարլըն Հապըրտ, որ դարձաւ արուեստագէտ եւ գրագէտ մը:

Ֆիլմեր

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել