Լուսին Ժամկոչեան
Լուսին Ժամկոչեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Քաղաքացիութիւն | Մոնրէալ, Քանատա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | Երգեցողութիւն եւ դաշնամուր (Bally Conservatoire) |
Աշխատավայր | Ձայնամարզութիւն, խմբավար, ուսուցչուհի, Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի տնօրէնութիւն (Մոնրէալ) |
Ծնողներ | Տիգրան Ժամկոչեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԼուսին Ժամկոչեան դուստրն է Հալէպի մէջ շեփորախումբերու հիմնադիր՝ եղբ. Տիգրան Ժամկոչեանի։ Երաժշտական մարզին մէջ իր ներդրումը ունեցած է իբր երգող, դաշնակահար, ուսուցիչ եւ ղեկավար։
Լուսին Ժամկոչեան 3 տարեկանէն սկսած է երաժշտութեան հետեւելու ընտանիքին մէջ ունենալով երաժիշտ խմբավար հայրը: Լուսին Ժամկոչեան երաժշտական ուսում ստացած է Հալէպի Պալի երաժշտանոցէն (Bally Conservatoire) (1995-2003) աւարտելով երգեցողութեան, դաշնամուրի եւ այլ գործիքներու դասընթացքները, նաեւ ձայնամարզութեան արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Մաս կազմած է զանազան երգչախումբերու, ինչպէս՝ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, «Նարեկացի» եւ «Ֆրանսուա Ասիզի» երգչախումբերուն։ Մաս կազմած է նաեւ զանազան եկեղեցիներու դպրաց դասերուն։
Հետեւած է 5 երգչախումբերու Soprano Vocalize ձայնով եւ ելոյթներու մասնակցած է Սուրիական նահանգներու եւ Իտալիոյ տարածքին եօթը քաղաքներու մէջ, երգչախմբային համերգներով եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Հալէպի մէջ խմբավարած է զանազան միութիւններու փողերախումբերը, մասնակցելով ազգային եւ պետական ելոյթներու։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ աւանդած է ձայնամարզութեան, «սոլֆէժ»ի, դաշնամուրի, երգեհոնի եւ ձայնափողի («թրօմփէթ»ի) դասեր։
2014-ին նշանակուած է Հալէպի “The Voice”-ի դատական կազմի անդամ։
2016-ին, նախքան Քանատա հաստատուիլը, Լիբանանի մէջ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, Լուսին պաշտօնավարած է «Էլիաս Րահպանի»ի երաժշտանոցէն ներս, դաշնամուրի եւ սոլֆէժի դասընթացքներ տալով, նաեւ ստանձնած է Սբ. Աստուածածին եւ Սբ. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն խմբավարութիւնը։
Մոնթրէալլի մէջ շարունակելով երաժշտական ասպարէզը կը ստանձնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ դպրապետութիւնը: Գանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ հայկական մշակութային կեանքը աշխուժացնելու միտումով, եւ մնալով իր առաքելութեան մէջ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ՝ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ապրիլ 2016-ին հիմը դրաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբին։ Խմբավարութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Լուսին Ժամկոչեան։ 2016ին: Կը հիմնադրէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի փողերախումբ ֆրանսական ոճով: Կը հետեւի շաբաթօրեայ վարժարանի երաժշտական դասաւանդութեան ուսուցման:
Այժմ կը վարէ Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը[1]: