Լուքրինա Ֆեթթի (իտալ.՝ Lucrina Fetti, 1600, Հռոմ, Պապական մարզ - 1651, Մանտովա, Լոմպարտիա) իտալացի նկարչուհի, ծնած է Հռոմի մէջ, ի ծնէ անունը` Գիուստինա[1]: Ան աւելի քիչ յայտնի նկարիչ Փիետրօ Ֆեթթիի դուստրն է եւ ընտանիքի առաւել յայտնի նկարիչ Տոմէնիքօ Ֆեթթիի քոյրն ու աշակերտը[2]: Ան ուղեկցած է իր ընտանիքին, երբ անոր եղբայրը հրաւիրուած է աշխատելու որպէս դատարանի նկարիչ Ֆերտինանդ Գոնզագայի մօտ[2]: 3 Դեկտեմբեր 1614-ին տուքս Ֆերտինանտը Գիուստինային բացառիկ կերպով կը տրամադրէ 150 սկուտօ օժիտ, որու շնորհիւ ան կը կարողանայ դառնալ Սուրբ Օրսոլա կուսանոցի միանձնուհի[1]: ԱԱտկէ ետք ան կը փոխէ իր անունը եւ կը սկսէ կրել Լուքրինա անունը[2]: Ան յայտնի է իր կրօնական աշխատութիւններով: Յայտնի է նաեւ Գոնզագա ընտանիքի անդամներու դիմանկարներով[3]:


Ծնած է 1600
Ծննդավայր Հռոմ, Պապական մարզ
Մահացած է 1651
Մահուան վայր Մանտովա, Լոմպարտիա
Քաղաքացիութիւն Պապական մարզ
Մասնագիտութիւն նկարչուհի
Ապաշխարող Մարիա Մակտալենան, այժմ կը վերագրուի անոր եղբօրը, սակայն այդ պատճէնը կը վերագրուի անոր

Լուքրինան եւ անոր արուեստը Խմբագրել

Եկեղեցի մտնելէ ետք Լուքրինան իր կեանքի մնացեալ մասը անցուցած է կուսանոցի համար զարդարանքներ պատրաստելով կամ այնտեղ դաստիարակուող արքայադուստրերու դիմանկարները նկարելով[1]: Նկարել սորված է իր եղբօրմէն` Տոմէնիքոյէն: Վերջինս արդէն կրթութիւն ստացած էր, այսպիսով իր գիտելիքը կը փոխանցէր ընտանիքի անդամներուն[4]:

Գթութեան քոյր դառնալէ ետք անոր հնարաւորութիւնները նկարչութեան մէջ սահմանափակ կը դառնան: Անոր աշխատանքներու ամբողջական հաւաքածոն միայն վերջերս հաւաքուած է, մինչ այդ անոր նկարներու մեծ մասը կը շփոթուէին եղբօր աշխատանքներու հետ[1]: Լուքրինան դիմանկարը կ՛ընէր առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի: Այս իրավիճակը բնորոշ է միանձնուհի-նկարչուհիներու համար[1]:

Անոր աշխատանքները կը բաժանուէին երկու խումբի. անոնք կամ դիմանկարներ էին, կամ` կրօնական թեմաներով աշխատանքներ: Կը գերակշռէր երկրորդը[5]: Կրօնական թեմաներով Լուքրինայի կողմէ ամբողջապէս կամ մասամբ նկարուած 10 աշխատանք յայտնաբերուած է կուսանոցի եկեղեցւոյ մէջ։ Շատ աշխատանքներ յայտնաբերուած են Սուրբ Մարգարիտի մատուռին մէջ, նկարներու մէկ մասն ալ եղած է եկեղեցւոյ պատերուն: Անոնք բոլորը կը պատկերէին Քրիստոսի կեանքը: Աշխատանքները կը թուագրուին 1629 թուականով[5]:

Անոր նկարներու երկրորդ խումբը, Գոնզագա ընտանիքի կանանց դիմանկարները, մեծապէս գնահատուած է Մարգարիտ Գոնզագայի կողմէ, որ շատ աշխատանքներ գնած է Լուքրինայէն[3]: Այնուամէնայնիւ, անոր աշխատանքներու որակը մեծապէս բարձրացած է 1618-ին, Մարգարիտի մահէն ետք: Ինչպէս յայտնի է, կարեւոր կանանց դիմանկարները մեծ ուշադրութիւն կը պահանջէին մանրամասներուն: Լուքրինան մեծ ուշադրութեամբ ու խնամքով պատկերած է Էլիոնորա Գոնզագայի դիմանկարը Կայսր Ֆերտինանտ Բ.-ի հետ ամուսնութեան ընթացքին[5]: Անոր որոշ այլ դիմանկարներ կը պատկերեն Մարգարիտ Գոնզագային, երբ ան արդէն այրի էր[6]:

Այլ հմտութիւններ Խմբագրել

Նկարչութիւնէն ազատ ժամանակ Լուքրինան կ՛օգնէր կուսանոցին կազմակերպել ժառանգութեան հարցերը, որոնք կապուած էին Տոմէնիքոյի հետ[4]: Մարգարիտի մահէն 10 տարի ետք, կուսանցը նիւթական դժուարութիւններ ունէր: Այդ ժամանակ Լուքրինան տնտեսական ու քաղաքական գիտելիք ցուցաբերած է եւ կը կարողանայ յաղթել ժառանգականութեան հետ կապուած վէճը: Մահացած է մօտաւորապէս 1673-ին` կեանքի 60 տարին անցնելով որպէս միանձնուհի, նկարիչ եւ տնտեսական հարցերու բանակցող[4]:

Աշխատանքներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին հղումներ Խմբագրել

  • Lucrina Fetti Archived 2014-07-27 at the Wayback Machine. in the Clara database of women artists
  • Lucrina Fetti on Artnet
  • Sandra Cavallo and Silvia Evangelisti, Domestic Institutional Interiors in Early Modern Europe, 2009 (Vermont: Ashgate 2014), p166-171
  • Claudio Strinati and Jordana Pomeroy, Italian Women Artists from Renaissance to Baroque, 2007 (Italy: Skira Editore 2014), p183
  • Anne Larsen and Diana Robin and Carole Levin, editors, Encyclopedia of Women in the Renaissance: Italy, France and England (California: ABC-CLIO 2007), 143-145