Խաչիկ Փաստրմաճեան

Խաչիկ Հարութիւնի Փաստրմաճեան (1877, Կարին1915, Մելիտինէ

Խաչիկ Փաստրմաճեան
Ծնած է 1877
Ծննդավայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն դեղագործ
Ծնողներ Յարու­թիւն Փաստր­մա­ճեա­ն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1877 թուականին,Կարնոյ նահանգի, Կա­րին քաղաքին մէջ՝ մեծատոհմիկ Փաստրմաճեաններու ընտանիքէն ներս։

Ազգային անուանի գործիչ Ար­մէն Գա­րո­յի (Գարեգին Փաստրմաճեան Յարութիւնի, 1873 - 1923) կրտսեր եղբայրը։ Պապը՝ Խաչատուր էֆենտի Փաստրմաճեանը Կարնոյ մէջ եղած է տաղանդաւոր ու ձեռներեց մարդ եւ առասպելական հարստութիւն ունեցած։ Թուր­քե­րու դէմ ըմբոստութեան համար, Կարնոյ կառավարութեան կարգադրութեամբ եւ ուղղակի հրահանգով, սպանուած է իր կառուցած հոյակապ բաղնիքին դիմաց, նստած ժամանակ։ Հայրը՝ Յարութիւն Փաստրմաճեանն ու Յովհաննէս եղբայրը, ուղղակի մասնակցած են Կարնոյ 1890 թուականի դէպքերուն եւ հայկական ցոյցերուն։ Աւարտած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը։ Հաւանաբար 1900 թուականին աւարտած է Պէյ­րութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական նաժինի դեղագործական ճիւղը։ Ուսանողական տարիներուն եղած է Պէյրութի ՀՅԴ «Զա­ւա­րեան ու­սա­նո­ղա­կան մի­ու­թեան»,ապա՝ ՀՅԴ–ի անդամ։ Աւարտելէ ետք Կարին վերադարձած է։1908 թուականին Կարնոյ մէջ սեփական դեղատուն է ունեցած։ Եղած է նիւթապէս ապահովուած եւ հանրային գործերով մտահոգուած անձնաւորութիւն։ 1908 թուականին՝ Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատման ժամանակ, եղած է Կարնոյ երիտասարդութեան առողջապահներէն եւ կարեւոր դեմքերէն, ամէնուն կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն։ Եղած է վարչութիւններու, ուսումնական խորհուրդներու եւ հանրային մարմիններու անդամ։ Այնուհետեւ Մելիտինէի մէջ որպէս դեղագործ աշխատած է։ Սպանուած է 1915 թուականին, Մածիտինէի մէջ՝ 38 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուժած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Չարըգ Ղազար, Յուշամատեան Բարձր Հայքի. Կարինապատում, Պէյրութ,1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձաննահատակ մտաւորականութեան, Ե., 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։