Խաչվառ, կտաւի կամ վահանի վրայ նկարուած խաչ, Քրիստոսի կամ Աստուածածնայ պատկերով։

Գոյութիւն ունին նաեւ եկեղեցւոյ անունը կրող սուրբի պատկերով խաչվառներ։

Խաչվառին օգտագործումը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ շատ տարածուած է։

Զայն թափօրին առջեւը կը բռնեն։

Խաչվառը յաղթանակի խորհրդանիշ է:

Խաչվառը նաեւ արծաթէ կամ մետաղէ շինուած մեծ խաչ մըն է, ձողի մը վրայ բարձրացուած եւ երկար կտորով մը ծածկուած, որ թափօրներու առջեւէն կը քալէ, որմէ կ՚առնէ Թափօրի Խաչ անուանումը։ Խաչվառը այսօր կը գործածուի Ս. Պատարագի խնկարկութեան, թափօրներու եւ շատ մը եկեղեցիներու մէջ անդաստաններու ժամանակ։ Անցեալին Խաչվառ կը տանէին նաեւ ննջեցեալներու յուղարկաւորութեան առջեւէն, ինչ որ այսօր թէեւ կորած է այդ սովորութիւնը, սակայն կաթողիկոսներու կամ մեծ մարդոց յուղարկաւորութեանց ընթացքին գործածութեան կը դրուի[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել