Խոսրով Ղարախանեան
Խոսրով Ղարախանեան, ծնած է Իրանի Զարմահալ գաւառի Մամուք գիւղը։
Խոսրով Ղարախանեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Իրանի զարմահալ գաւառի Մամուք գիւղը |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնը ստացած է Մամուքայի ազգային եւ Նոր Ջուղայի Քանանեան վարժարաններուն մէջ. իսկ միջնակարգը՝ Ապաստան։ Առեւտրական ճիւղէն վկայական ստացած է Փէնսիլվանիայի մէջ։
Պատանի տարիքէն սկսեալ մասնակցած է հասարակական, կուսակցական եւ միոսթեան գործունէութեանց։ Եղած։ Ապատանի Մշակութային Միութենական անդամ, Թեհրանի ազգ. դպրոցներու հոգաբարձու, եւ Թեմի Կեդրոնական Հոգաբարձութեան անդամ։ Երեք շրջան (12 տարի) ընտրուած է Թեհրանի Թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ, եւ 1965 թուականին որպէն Թեհրանի Թեմի Պատգամաւոր՝ մասնակցած է Կիլիկիոյ Թեմի Ազգ. ժողովին, Պէյրութ։ Քանի մը անգամ ընտրուած է Զարմահալի Ուսումնասիրաց Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ պատգամաւորական ժողովներու անդամ։
Երկու տարեշրջան ուսուցչական պաշտօն վարած է Մամուքայի Ազգ. Դպրոցին մէջ։
Երկար տարիներ աշխատած է Իրանի Նաֆթային Ընկերութեան մէջ։ Իսկ 1969-1980, Թեհրանի մէջ ունեցած է իր առեւտրական անձնական ընկերութիւնը։
Այժմ հաստատուած է Լոս Անճելըս։ Իբրեւ ատենադպիր մաս կը կազմէ «նաւասարդ» ընկերութեան խնամակալութեան։
Խ. Ղարախանեան 1990 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակած է Չարմահալի Հայութեան Բարքերից հատորը, ուր ան կու տայ տխուր եւ սրտայոյզ յուշեր, իր երբեմնի գիւղական կեանքէն։ վարպետօրէն մեզի կը փոխանցէ Չարմահալ գաւառի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, ինքնաբուխ եւ տպաւորիչ ոճով մը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։