Խորհրդային Մանկավարժ

«Խորհրդային Մանկավարժ», խորհրդային շրջանի հայկական մանկավարժական տեսական-մեթոդական ամսագիր։ Հանդիսացած է ՀԽՍՀ լուսաւորութեան մինիստրութեան (կրթութեան նախարարութեան) օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1926 թուականին, Երեւանի մէջ (1926-1931 թուականներուն՝ «Ժողովրդական Լուսաւորութիւն», 1931-1933 թուականներուն՝ «Կոմունիստական Լուսաւորութիւն», 1933- 1941 թուականներուն՝ «Խորհրդային Մանկավարժ», 1941-1952 թուականներուն չի հրատարակուել)։ Գլխաւոր խմբագիրներ՝ Ս․ Դաւթեան, Մ․ Սահակեան, Մ. Մազմանեան, Ս․ Խուդոյեան, Յ․ Պարոնեան, Ռ. Դալլաքեան, Մ․ Մկրտչեան (1971 թուականից)։

1920-1930-ական թուականներուն պայքարած է անգրագիտութեան վերացման եւ մշակութային յեղափոխութեան լենինեան ծրագրի կենսագործման համար, ձգտած դպրոց ընդգրկուած տարբեր խաւերու երեխաներուն դաստիարակել խորհրդային գաղափարախօսութեան ոգիով, անդրադարձած ուսումնական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու բարելաւման, գիտամեթոդական օգնութիւն ցոյց տուած ուսուցիչներուն։

Դպրոցի վերակառուցման վերաբերեալ ԽՄԿԿ Կենտկոմի ու ԽՍՀՄ Մինիստրներու խորհուրդի որոշումները գովեզդելու նպատակով խմբագրութեան մէջ կը գործէին (1971 թուականէն) գիտական խորհուրդներ։

Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ տպագրած է հին դպրոցի եւ մանկավարժական մտքի պատմութեան վերաբերեալ, թարգմանական նիւթերով հաղորդակից դարձուցած ԽՍՀՄ եւ արտասահմանեան գիտնականներու ու մանկավարժներու գործերուն։ Հանդէսի գործունէութեան ոլորտին մէջ են նաեւ պրոֆտեխնիկական կրթութեան խնդիրները, մասնագիտական կողմնորոշման հարցեր։

Ունեցած է «Ռուսկի յազիկ վ արմեանսկոյ շկոլէ» («Русский язык в армянской школе», 1957-1968), «Հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը դպրոցում» յաւելուածները։ 1966 թուականին առաջին անգամ լոյս ընծայած է «Մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան դպրոցում» յաւելուածը։


Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։