Խորհրդապաշտութիւն

Խորհրդապաշտութիւն (երբեմն կ'ըսուի խորհրդանշապաշտութիւն, կամ պարզապէս սէմպոլիզմ), 19-րդ դարու բ. կիսու գրական ուղղութիւն-դպրոցներէն գլխաւորը։ Կազմուած՝ նախ ֆրանսական, ապա եւրոպական այլ գրականութիւններու մէջ, առաւելաբար՝ բանաստեղծութեան։

Ֆերնանդ Կնոպֆ, «Ո՞վ կփրկի ինձ»

Խորհրդապաշտութեան բնորոշ գիծեր

Խմբագրել

Զգայարանքներու ընծայած կարեւորութիւնը, անոնց մշակումը որպէսզի աշխարհը տեսնեն «սովորականէն տարբեր» ձեւով։

«Իմաստներու» երկրորդ աշխարհի մը գոյութիւնը, աշխարհ որ կը պահուի նիւթեղէն հասարակ երեւոյթ- աշխարհին ետին։ Այդ երկրորդ աշխհարն է, որ բանաստեղծը պիտի սորվի ընկալել զգայնութիւններով գոյներու, բոյսերու, հնչիւններու։