Հնչիւն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Հնչիւն, բանաւոր խօսքի նուազագոյն միաւոր։ Հնչիւնաբանութիւը կ՛ուսումնասիրէ լեզուի մը հնչիւնային կազմը, անոր մէջ եղած հնչիւններուն տեսակները եւ փոփոխութիւնները։
Ամէն բառի մէջ կան զանազանելի առանձին ամենափոքր մասեր, որոնք միասին որոշ իմաստ մը կ՛արտայայտեն․ օրինակ՝ քար բառը բաղկացած է երեք ամենափոքր մասերէ՝ ք–ա–ր, իսկ ծաղիկ բառը՝ հինգ ամեափոքր մասերէ՝ ծ–ա–ղ–ի–կ։
Հետեւաբար բառի մէջ զանազանուող ամենափոքր միաւորը հնչիւն կը կոչուի։
Սակաւաթիւ բառեր կազմուած են միայն մէկ հնչիւնէ, օրինակ՝ «ու» եւ «է» հնչիւնները։
Հնչիւնին գրաւոր պատկերը՝ նշանը, տառ կը կոչուի․ օրինակ՝ սար բառը կազմուած է երեք հնչիւններէ, որոնցմէ իւրաքնչիւրը կը գրուի մէկ տառով՝ ս–ա–ր։ Սակայն կայ բարագայ մը, ուր միեւնոյն հնչիւնը կը ներկայացուի երկու տարբեր տառերով․ օրինակ՝ օ հնչիւնը կը գրուի թէ՛ «օ» տառով (օր, օղ) եւ թէ՛ ո տառով (ով, ովկիան, խոր, լող)։ Բառին մէջ յաճախ կը լսենք «է», բայց կը գրենք ե (նետ, պետ, շեշտ, շերտ)։