Տառ, հնչիւններու գրաւոր նշան՝ պատկեր։

Օրինակ.-

սար բառը կազմուած է երեք հնչիւններէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գրուի մէկ տառով՝ ս-ա-ր։ Սակայն կայ այլ պարագայ, ուր միեւնոյն հնչիւնը կը ներկայացուի երկու տարբեր տառերով. օրինակ՝ «օ» հնչիւնը կը գրուի թէ՛ «օ» տառով (օր, օղ) եւ թէ՛ «ո» տառով (ով, ովկիան, նոր, շող)։ Բառի մէջ յաճախ կը լսենք «է», բայց կը գրենք «ե» (գետ, հետ, նետ, շեշտ)։

Հայերէն տառերու թուային կիրարութիւը

Խմբագրել

Հին ժամանակ, հայերէն տառերը գործածուած են որպէս թուանաշաններ։ Անոնք բաժնուած են չորս իննեակի՝ միաւորներ, տասնաւորներ, հարիւրաւորներ, իրենց առաջին տառերն ունենալով՝ ա–1, ժ–10, ճ–100 , ռ–1000։

Եւ յաջորդ տառերը՝ ըստ համապատասխան թիւերու. այսպէս՝

Ա-1 Ժ-10 Ճ-100 Ռ-1000
Բ-2 Ի-20 Մ-200 Ս-2000
Գ-3 Լ-30 Յ-300 Վ-3000
Դ-4 Խ-40 Ն-400 Տ-4000
Ե-5 Ծ-50 Շ-500 Ր-5000
Զ-6 Կ-60 Ո-600 Ց-6000
Է-7 Հ-70 Չ-700 Ւ-7000
Ը-8 Ձ-80 Պ-800 Փ-8000
Թ-9 Ղ-90 Ջ-900 Ք-9000

Օրինակ՝ 1968-ը կը գրուի ՌՋԿԸ։

Այժմ տառերը յաճախ կը գործածուին միայն իբրեւ դասական թուական Ա՝ առաջին, Բ՝ երկրորդ, Գ՝ երրորդ, Թ՝ իններորդ, Ժ՝ տասներորդ, ԻԱ՝ քսանմէկերորդ եւ այլն։