Խորովածի Փառատօն (Ախթալա)

Ախթալայի խորովածի փառատօն, խորովածի համահայկական ամէնամեայ փառատօն, որ 2009-էն աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ Ախթալա քաղաքին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը[1]։ 2018-էն փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Ախթալայի մարզադաշտին մէջ։ Փառատօնը կը կազմակերպեն «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը, Ախթալայի քաղաքապետարանը եւ Լոռիի մարզպետարանը[2]։

Պատմություն

Խմբագրել

Փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2009-ին։ Նպատակը հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացումը եւ Ախթալայի ու տարածաշրջանի զբօսաշրջութեան խթանումն է։ Խորովածի տօնին կը մասնակցին հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ անհատ խոհարարներ Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն[3]։ 2017-ին կազմակերպիչները Ախթալան հռչակեցին խորովածի համաշխարհային մայրաքաղաք[4]։

Փառատօնի ծրագրի շրջանակներուն տեղի կ՚ունենան խոհարարական մրցոյթներ, կը պատրաստուին տարբեր մսամթերքներէ խորովածներ, այս ամէնը կ՚ուղեկցուի ազգային երգ ու պարով։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել