Խռկոցը (snoring) քունի մէջ քթային կամ բերանային շնչառութեան ընթացքին արտադրուած անբնական ձայնն է: Այս խռկոցին արտադրութեան գործողութիւնը կը կոչուի խռկալ (snore): Խռկալ բառին հայերէն հոմանիշներն են՝ խռնչել, խռմփալ, խռալ եւ խռլտալ: Իսկ խռկոց բառին հոմանիշներն են՝ խռնչոց, խռմփոց, խռոց եւ խռլտոց:

Խռկոցին սկզբնաղբիւրները

Խմբագրել

Խռկոցը ունի երկու սկզբնաղբիւրներ (origin).

  1. քիթ եւ քթաըմբան (nasopharynx).
  2. Ըմբան-կոկորդ (pharynx) եւ բերան:

Խռկոցին հիմնական ախտապատճառները կը գտնուին այս երկու կեդրոններուն մէջ:

Քթային ախտապատճառները

Խմբագրել

Քթային ախտապատճառները կրնան ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի: Այս ախտապատճառներն են.

  • քիթի գերզգայնութիւն, որ կը յառաջացնէ քիթի խլնաթաղանթի արիւնախռնում (congestion) եւ ջրախռնում (edema).
  • քիթի միջնորմի (septum) ծուռութիւն.
  • քիթի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
  • քիթի յետսամասի ընդոծին մկանային կամ ոսկրային մասնակի խցում (choanal atresia).
  • քիթին մէջ օտար մարմինի գոյութիւն.
  • Քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids).
  • Քթաըմբանի զանազան տեսակի ուռեր:

Վերոյիշեալ ախտապատճառները կը խցեն քիթի խոռոչը մասնակիօրէն: Ներշնչուող օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի քիթի խոռոչէն եւ կը յառաջացնէ տեսակաւոր սուլոցային ձայներ, որոնց ուժգնութիւնը կախեալ է խցումի տարողութենէն:

Ըմբանային-բերանային ախտապատճառները

Խմբագրել

Ըմբանային-բերանային ախտապատճառներն են.

  • Ծաւալած նշիկներ (tonsils), լեզուակ (uvula), լեզու եւ լեզուի արմատ, որոնք կրնան ըլլալ ընդոծին կամ բորբոքումի մը հետեւանքով.
  • Ըմբանի յետսապատի ուռեր եւ թարախակոյտ.
  • Ըմբանային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
  • Լեզուի թուլութիւն քնանալու ընթացքին, երբ լեզուն կ՛ուղղուի դէպի ըմբան.
  • Ծնօտի ընդոծին յետադարձութիւն (retrognathia), որուն հետ լեզուն ալ մասնակիօրէն կը տեղադրուի ետեւ՝ դէպի ըմբան:

Վերոյիշեալ հինգ ախտապատճառները մասնակիօրէն կը խցեն կոկորդը: Ուստի ներշնչուած օդը հանգստօրէն չուղուիր դէպի խռչափող եւ կ՛արտադրուի անբնական շնչառական ձայն մը՝ խռկոցը:

Ընդոծին երկար եւ թոյլ մկանային քիմք: Քնանալու ընթացքին երկար եւ թոյլ մկանային քիմքը կը թրթռայ եւ կ՛արտադրէ յատուկ թրթռացումային խռկոց:

Խռկոցին երկրորդական ախտապատճառները

Խմբագրել

Խռկոցը ունի նաեւ երկրորդական ախտապատճառներ.

  1. Գիրութիւն. Գէր անձը կ՛ունենայ ըմբանային անցքի նեղութիւն եւ մասնակի խցում:
  2. Ալքոլամոլութիւն. Ալքոլը կը թուլցնէ կոկորդի եւ քիմքի մկանները, որոնք մասնակիօրէն կը խցեն ըմբանը:
  3. Ծխախոտի գործածութիւն. Ծխախոտի երկարատեւ գործածութիւնը կը յառաջացնէ կոկորդի եւ քիթի մնայուն բորբոքում եւ մասնակի խցում:
  4. Քնաբեր եւ հակագերզայնութեան դեղեր ու թմրեցուցիչներ. Այս դեղերը կը թուլցնեն կոկորդի եւ քիմքի մկանները:
  5. Քնանալու ընթացքին մարմինի, վիզի եւ գլխու սխալ դիրքորոշում. Կռնակի վրայ պառկած վիճակով լեզուն կ՛ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը խցէ զայն մասնակիօրէն: Հակառակը կը պատահի, երբ կը քնանանք փորի վրայ եւ կամ կողմնակի դիրքորոշումով:
  6. Բարձի կազմուածք. Թոյլ եւ կակուղ բարձի գործածութեամբ լեզուն դարձեալ կ՛ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը յառաջացնէ կոկորդի մասնակի խցում:

Քունէ առաջ ստամոքսը ծանրաբեռնել մեծածաւալ եւ դժուարամարս կերակուրներով. Խռկացող անհատը կ՛ունենայ նաեւ այլ ախտանշաններ համաձայն ախտապատճառին: Յաճախակիօրէն տեսնուած ախտանշաններն են.

  1. Ցերեկ ատեն քնոտութիւն, որ վտանգաւոր կը դառնայ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին.
  2. Կեդրոնացումի տկարացում-նուազում.
  3. Կոկորդի չորութիւն եւ ցաւ.
  4. Անհանգստաւէտ քուն.
  5. Արեան ճնշումի բարձրացում.
  6. Կրծքավանդակի մկանային եւ ոսկրային ցաւ:

խռկալը անբնական երեւոյթ է: Անիկա հիւանդագին բնոյթ կը ստանայ, երբ քիթի եւ կոկորդի խցումը աւելի զարգանայ, շնչահեղձութիւնը սաստկանայ, ուղեղին թթուածինով յագեցումը զգալիօրէն նուազի եւ տեղի ունենայ քունի շնչադադար:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յոդուածներ, Դկտ.Կարպիս Հարպոյեան, 17 Մայիս 2013: