«Խռովք», Սոֆիայի մէջ 1932 թուականին լոյս տեսնող հայկական ազգայնական եւ իմաստասիրական-գիտական ամսագիր[1]։ «Խռովքի» օրգանական շարունակութիւնն էր «Ցեղ եւ Հայրենիք» հանդէսը, ապա՝ «Տարօնի Արծիւ» ամսաթերթը։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հանգամանքներու բերումով «Խռովք» ամսագիրը ունեցած է միայն մէկ համար։ Առաջին եւ վերջին համարը լոյս տեսած է 1932 Նոյեմբերին Սոֆիայի մէջ, Հայկ Ասատրեանի խմբագրութեամբ, որմով ազդարարուեց հայկական սեղային-վերանորոգչական շարժման սկիզբը[1]։

Մեծ Եղեռնի ողբերգութիւնը պայմանաւորող ենթակայական գործօններու մէջ մատնանշելով այն, որ «մեր կեանքի եւ գործի մէջ գիտականութիւն չմտցուցինք», «Խռովքը» 1930-ականներու ամերիկահայ կեանքին մէջ տիրող հոգեւոր ծուլութեամբ պայմանաւորուած մտաւոր մակերեսայնութիւնը յաղթահարելու համար, նպատակ կը դնէր իրականացնել հետեւեալ առաջադրութիւնները[1].

  • Ա. համակարգել հայ իմաստասիրական մտքի արդիւնքները, այսինքն՝ վեր հանել հայ իմաստասիրութեան գիծերը եւ մշակել անոր պատմութիւնը ու ներածութիւնը։ Ուսումնասիրել նաեւ հայ կեանքին մէջ առկայ հոգեւոր խմորումները եւ վերլուծել գործող հայ հոսանքներու գաղափարաբանութիւնը։
  • Բ. հոգեբանօրէն կազմակերպել հայութեան ինքնապաշտութեան գործը, որու համար՝ վերծանել հայոց հոգեբանական առանձնայատկութիւնները, միջոցներ առաջարկել հայերու հոգեբանական թերութիւնները սրբագրելու եւ առաւելութիւնները համահայկականացնելու։
  • Գ. արժէքաւորել հայոց հնագոյն եւ նորագոյն ազատագրական կռիւները, գտնել հայոց պատմութեան զարգացման տրամաբանութիւնը, մատնանշել հայոց քաղաքական-հասարակական վերածնութեան ուղիները։

«Խռովքը» ունեցաւ միայն մէկ համար, որու մէջ ամփոփուած լրջախոհ յօդուածներու զգալի մասը մնաց շարունակելու։ Յատկապէս յիշատակելի է Գարեգին Նժդեհի «Ցեղակրութիւնն իբրեւ յաղթանակի զօրոյթ» յօդուածը, որ ցեղակրօնութեան վերաբերեալ յայտնի առաջին հրապարակումն է[2]։

«Խռովքի» օրգանական շարունակութիւնն էր «Ցեղ եւ Հայրենիք» հանդէսը, որ, հիմնականին Հայկ Ասատրեանի, ինչպէս նաեւ Ներսէս Աստուածատուրեանի ջանքերով, սկսաւ լոյս տեսնել Սոֆիայի մէջ 1936 թուականի Մայիսէն։ Ուղղութեան եւ ոգուիի տեսակէտով համարեայ տարբերութիւն չկայ 1932 թուականի «Խռովքի», 1936-ի «Ցեղ եւ Հայրենիքի» եւ 1938-էն հրատարակուող «Տարօնի Արծիւ»ի միջեւ[3]։

Ազդեցութիւնը

Խմբագրել

Չնայած կարճ ընթացքին, «Խռովքը» էական դեր ունեցաւ հայկական ցեղային շարժման համար, ուր յստակօրէն բնութագրուած էր ցեղակրօնութիւնը, ուրուագծուած էր տարօնականութիւնը եւ առաջադրուած էր վերանորոգչական շարժումը։ «Խռովքի» առաջնորդութիւնները խթան հանդիսացան ցեղակրօն եւ տարօնական շարժումներու ծաւալման եւ անոնց գաղափարաբանութիւններու ձեւաւորման համար[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Կաղապար:Գիրք։Լալայան։Ցեղակրոն և Տարոնական շարժումներն
  2. «Խռովք», Սոֆիա, 1932 թ., թիվ 1, էջ 32-40
  3. 3,0 3,1 «Տարոնի Արծիվ», Սոֆիա, 1939 թ., թիվ 8, էջ 2-3