Ծաղիկէ Գորգ (Պրիւքսէլ)
Ծաղիկէ Գորգը ամէն երկու տարին անգամ մը աւանֆական դարձած միջոցառում մըն է։ Միջոցառման ընթացքին ծաղիկներով պատրաստուած իսկական «Ծաղիկէ Գորգ» մը կը զարդարէ Պելճիքայի Պրիւքսէլ մայրաքաղաքին հրապարակը[1]: Այս իրադարձութիւնը միշտ տեղի կ'ունենայ Վերափոխման շաբաթավերջին[2]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՊրիսքսէլի հրապարակի ծաղիկներու գորգը իր ներկայ ձեւին տակ պաշտօնապէս տեղի ունեցած է 1971 թուականին: Ան գործն է յարդարման մասնագէտ, ճարտարապետ Էթիէն Սթոթմասի:
Հակառակ, որ գորգին հրապարակին վրայ զետեղումը կը կատարուի մէկ օրէն, սակայն անոր աշխատանքները կը սկսին արդէն մէկ տարի առաջ: Կ'ընտրուի նիւթ մը՝ մեծ դէպքերու ոգեկոչում, երկիր մը, ցամաքամաս մը, եւ այլ դէպքեր: Կը յօրինուի նոյնիսկ այդ դէպքին յատուկ երաժշտութիւն մը. ապա աշխատանքը կը յառաջանայ փուլերով։
Գորգին օրինակին մանրակերտը, ապա իսկական չափերով (77 մեթրով 24 մեթր) օրինակը, կ'որոշուին ծաղիկներուն թիւը եւ անոնց գոյները:
Աւելի քան 120 կամաւորներ պիտի սկսին կազմելու այս գորգը` գործածելով մօտաւորապէս 1 միլիոն պեկոնիա ծաղիկ` ծածկելու համար 1800 քառ. մեթր, 4 ժամէն:
Պեկոնիա ծաղիկին ընտրութիւնը պատահական չէ: Այս տոկուն ծաղիկը գեղեցկութիւն եւ վառ գոյներ կը հայթայթէ գորգին: Ան ծագած է Անթիլիա կղզիներուն մէջ եւ կրնայ տոկալ օդերեւութաբանական տարբեր պայմաններու, զօրաւոր արեւ, հով, անձրեւ, ցուրտ: Պելճիքան պեկոնիա արտադրող աշխարհի առաջին երկիրներէն է[3]:
Պատեկրասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Flower Carpet | Anniversary: 20th Flower Carpet! An ephemeral show on the world’s most beautiful central square»։ www.flowercarpet.be։ արտագրուած է՝ 2016-02-06
- ↑ «Flower carpet | Event Carnival»։ Event Carnival։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-06
- ↑ «Ծաղիկէ Գորգ Մը Պելճիքայի Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-07-02։ արտագրուած է՝ 2021-10-18