Ծաղկանոյշ Ծատուրեան
Ծաղկանոյշ Ծատուրեան (1941) Ծնած է Նոր Ջուղա։ Երեք տարեկան կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը, բժշկական սխալ դարմանումի մը հետեւանքով։ Եօթը տարեկան իր մէջ կը զգայ երգի ու երաժշտութեան առընթեր, գրելու եւ կարդալու հակումը։ Սակայն դեռ ծանօթ չըլլալով պռայլեան տառերուն, իր հօրը օգնութեամբ կը ծանօթանայ հայ մեծ բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց։ Իր հայրը Ահարոն Ծատուրեան ուսուցիչ էր Նոր Ջուղայի հայոց ազգային դպրոցներու մէջ։
Ծնած է | 1941 |
---|---|
Ծննդավայր | Նոր Ջուղա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Կարողութիւն | Գրել |
Մասնագիտութիւն | Գրագիտուհի |
Ծաղկանոյշ կը յաճախէ Սպահանի պռայլեան միութեան «Նուրբախշ» դպրոցը. կը սորվի պռայլեան տառերը եւ կը ծանօթանայ անգլերէն ու պարսկերէն լեզուներուն։ Կը սորվի նաեւ պռայլեան մեքենագրութիւն։
Երբ Թեհրան կը փոխադրուի, կապ կը հաստատէ Հայրենիքի հետ, ուրկէ իրեն կ'ուղարկեն դասագիրքեր, վէպեր, բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու հաւաքածոներ, ամսաթերթեր, երգարանեներ՝ հայերէն պռայլեան տառերով։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։