Ծփացող Դպրոցներ Պանկլատէշի մէջ

Ծփացող Դպրոցներ Պանկլատէշի մէջ, մտայղացուած գիւղերուն մէջ ապրող մանուկներուն համար, իրենց դասերը շարունակելու առիթ տալու նպատակով:

Նպատակ

Խմբագրել

Ասիոյ մէջ գտնուող Պանկլատէշ երկիրը ամէն տարի զոհ կը դառնայ տեղատարափ անձրեւներուն: Կարգ մը գիւղերու մէջ մանուկները դպրոց չեն կրնար երթալ:

Ամէն տարի վիճակը կը ծանրանայ Պանկլատէշի մէջ: Մեծ քանակութեամբ եկող տեղատարափ անձրեւները կ'ողողեն Պանկլատէշէն ընդարձակ տարածքներ: Երկրէն մեծ բաժին մը ամբողջովին կը մնայ ջուրին տակ:

Մեկուսացած գիւղերէ դուրս ելլելու միակ միջոցը նաւակն է:

Այդ գիւղերուն մէջ ապրող մանուկներուն համար, ասիկա կը նշանակէ, թէ անոնք դպրոց չեն կրնար երթալ: Այս ձեւով անոնք կը կորսնցնեն շաբաթներու արժէքաւոր ուսում: Իրենց դասերը շարունակելու համար առիթ տալու նպատակով, «Շիտհոսլայ Սվանիրվար Սանկդա» կազմակերպութիւնը 2002-ին շինած է նաւակ-դպրոցներ: Ասոնք կը նաւարկեն գիւղերուն մօտ եւ կանգ կ'առնեն աշակերտները հաւաքելու համար: Երբ դասարան մը կ'ամբողջանայ, նաւակը գետին եզերքին կը կենայ, եւ դասերուն կրնան սկսիլ:

Այս դպրոցներուն ճարտարապետնէ Մուհամետ Ռազուանը:

Դասաւանդում

Խմբագրել

Մէկ ուսուցիչ կը դասաւանդէ բոլոր նիւթերը` պէնկալի լեզու, անգլերէն, թուաբանութիւն եւ գիտութիւն:

Առտուն, ամէնէն փոքրերը դասի կ'երթան: Կէսօրին նաւակ-դպրոցը զանոնք տուն կը վերադարձնէ եւ կ'երթայ հաւաքելու աւելի մեծ տարիքով աշակերտները՝ յետմիջօրէի դասերուն համար:

Կազմակերպութիւնը ունի 23 նաւակ եւ ամէն տարի կ'ընդունի 2070 աշակերտ:

Գոյութիւն ունի նաեւ դաստիարակչական խաղերու յատուկ երկու յարկանի նաւակ մը, որ կրնայ ընդունիլ 270 մանուկ ու պատանի:

Այս նաւակները, որոնք փճացած են տարիներու ընթացքին, ամբողջութեամբ վերանորոգուած են, նոյն ժամանակ հին համակարգիչները կը փոխանակուին աւելի արդի համակարգիչներով եւ ելեկտրականութիւն հայթայթող մեքենաները կը փոխանակուին արեւուն ուժանիւթը օգտագործող տախտակներով[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել