Կաղամբ (լատ.՝ Brassica), կաղամբազգիներու (խաչածաղկաւորներ) ընտանիքի միամեայ, երկամեայ կամ բազմամեայ բոյսերու ցեղ։ (Cruciferae) ընտանիքի Brassica ցեղին պատկանող բանջարեղէն, որ կը մշակուի կլիմայական բոլոր գօտիներուն մէջ։ Կը հանդիսանայ հնագոյն բանջարային մշակովի բոյսերէն եւ ունի հազարամեակներու պատմութիւն։

Կաղամբ

Մշակոյթ

Խմբագրել

Կաղամբը առաւել յաճախ կը պատկանի գլուխ կաղամբի, որ ենթատեսակ է։ Գլուխ կաղամբը կ'ըլլայ 2 ձեւի՝ սպիտակագլուխ (forma albd) եւ կարմրագլուխ (forma rubra)։ Կ'օգտագործուի բազմազան կերակուրներու մէջ (յատկապէս՝ լիցքի), ինչպէս նաեւ՝ թթուաշ եւ աղը դրած վիճակներուն մէջ։ Որոշ չափով կը մշակուի նաեւ պահածոներու արդիւնաբերութեան մէջ։

Տարածում

Խմբագրել

Տարածուած է Արագածոտնի, Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշ, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ այլ մարզերու ստորին լեռը, գօտիէն մինչեւ վերին լեռնայինը։

Կ'աճի չոր լեռնալանջերուն, աղբոտի հացաբոյսերու մէջ եւ միամեայ խոտաբոյսերու ցանքերը։ ՀՀ-ի մէջ, մշակութեան մէջ առաւել տարածուած են՝

  • կաղամբ գլուխը (B. capitata),
  • ծաղկակաղամբը (B. botrytis),
  • տերեւակաղամբը կամ կաղամբ կերին (B. subspontanea) եւ այլ տեսակներ։

Մշակում

Խմբագրել
 
 

Կը մշակեն՝ ՀՀ լեռը, եւ Նախալեռն գօտիներուն մէջ (միջահաս եւ ուշահաս), Արարատեան դաշտին մէջ (վաղահաս)։

Կենսաբանական Նկարագիր

Խմբագրել

Արմատը առանցքային է, իլիկաձեւ։ Ցօղունը կանգուն է, ճիւղաւորուող, բարձրութիւնը՝ 30-40 (120) սմ.։ Տերեւները հերթադիր են, յատակը հաւաքուած վարդակին մէջ։ Տերեւները եւ ցօղունը մերկ են կամ թաւոտ։ Ծաղկաբոյլը ողկուզանման է կամ վահանաձեւ, ծաղիկները՝ մանր։ Կը ծաղկի ամառը։ Պտուղը պատիճ է։ Սերմերը գնդաձեւ են, մուգ գորշաւուն, սրճագոյն կամ դեղին։

Կիրառութիւն եւ Նշանակութիւն

Խմբագրել

Հանրային սնունդին համար, կաղամբը ամէնագործածական բանջարեղէնն է։ Օգտագործուած է թարմ, թթուաշ դրած եւ պահածոյ։ Կը պարունակէ 10-12% չոր նիւթ, հարուստ է ածխաջուրերով, սպիտակուցներով, հանքային աղերով եւ C կենսանիւթով, չնայած որ վերջինիս քանակը կախեալ է առաւելապէս կաղամբի տեսակէն, հասակէն, ինչպէս նաեւ մշակման պայմաններէն։ թթուաշ դրած կաղամբին մէջ C կենսանիւթը գրեթէ ամբողջութեամբ կը պահպանուի։ Կաղամբը համեմատաբար աւելի նուազ չափով կը պարունակէ նաեւ՝ քարոթին, B1, B2 եւ PP կենսանիւթերը։

Տեսակները

Խմբագրել
 

Յայտնի է 100, ՀՀ-ի մէջ՝ 4 տեսակ՝

  • կաղամբ իւղաբեր (B. napus), հազուադէպ կը գտնուի Տաւուշի (Իջեւան) եւ Լոռիի (Վանաձոր) մարզերուն մէջ,
  • կանճրակ (B. campestris),
  • կաղամբուկ երկարած (B. elongata) եւ այլն։

Կաղամբը ունի բազամազան ենթատեսակներ, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել.

Կաղամբաբուժութիւն

Խմբագրել

Բուժական նպատակներով կ'օգտագործեն ինչպես թարմ, այնպէս ալ թթուաշ դրած կաղամբ։ Անոնք որոնք գիրութեան խնդիր ունին, բժիշկները խորհուրդ կու տան օգտագործել թարմ կամ թթուաշ կաղամբի հիւթ։

Կաղամբահիւթի թրջոցները կրնան օգնել յօդային հիւանդութիւններու բուժման։ Հարկաւոր է վերցնել բրդեայ կտոր, թրջել կաղամբահիւթի մէջ եւ դնել հիւանդ յօդին։ Քիչ ժամանակ անց, հիւանդը կը նկատէ, թէ ինչպէ՛ս ցաւերը կը մեղմանան։ Վէրքերու պարագային, կաղամբի տերեւները կ'եփեն կաթի մէջ, այնուհետեւ կ'աւելցնեն ցորենի թեփուկներ եւ ստացուած զանգուածը թրջոցներու տեսքով՝ կը դնեն մաշկի ախտահարուած հատուածներուն։ Թարմ կաղամբի տերեւներէն պատրաստուած խիւսը արագօրէն կ'օգնէ թարախային վէրքերու ապաքինման։

Հետաքրքիր է իմանալ

Խմբագրել
 

Անգլիացի նաւարկող եւ ծովագնաց՝ Ճէյմս Քուքը կը պնդէր, որ իր շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան յաջողութեան հիմնական պատճառներէն մէկն այն էր, որ նաւարկութեան սննդապաշարի հիմնական բաղադրիչներէն էր թթուաշ դրած կաղամբը։ Շնորհիւ այդ սննդամթերքի, նաւարկութեան ողջ ընթացքին, նաւագնացներէն եւ ոչ մէկը հիւանդացած է։ Թթուաշ կաղամբը եւ սխտորը անփոխարինելի դեր ունեցած են նաեւ բեւեռագնացներուն համար, փրկելով վերջիններուս այնպիսի ծանր հիւանդութենէ, ինչպիսին է լնտախտը։

Հիւանդութիւնները եւ Վնասատուներ

Խմբագրել

Կաղամբի հիւանդութիւններէն են՝ կիլա, սեւ տոտիկ, արմատային փտում եւ այլն։ Կաղամբի ամէնատարածուած եւ վտանգաւոր վնասատուներէն են՝ կաղամբի ճանճը, կաղամբի ճերմակաթիթեռը, բուիկները, ցեցերը, լուիճները, թրիպսները, խխունջները եւ այլն։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Синская Е. Н. Род 649. Капуста — Brassica // Флора СССР / Ботанич. ин-т Акад. наук СССР; Гл. ред. акад. В. Л. Комаров; Ред. VIII тома Н. А. Буш. — М.—Л.: Изд-во Академии наук СССР, 1939. — Т. VIII. — С. 459—466.
  • Всё о лекарственных растениях на ваших грядках / Под ред. Раделова С. Ю.. — СПб: ООО «СЗКЭО», 2010. — С. 21—24. — 224 с. — ISBN 978-5-9603-0124-4

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել