Ծաղկակաղամբ
Ծաղկակաղամբ (լատին․՝ Brassica Cauliflora), բանջարանոցային կաղամբներու ենթատեսակին մէջ մտնող բազմաթիւ բանջարեղէններէն մէկը:
Շատ ջուր եւ քիչ ջերմուժ պարունակող ծաղկակաղամբը հարուստ է կենսանիւթերով, յատկապէս` «Սի», «Պի 6» եւ «Պի 9», բացի կենսանիւթերէն` անիկա կը պարունակէ հանքանիւթեր եւ հզօր հակաօքսիտաններ:
Յատկութիւններ
ԽմբագրելԱնոր հետեւողական սպառումը`
- Կը պահպանէ սիրտին առողջութիւնը:
- Կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը:
- Կը նպաստէ մարսողութեան:
- Հակաքաղցկեղային է, ունի քաղցկեղի որոշ տեսակներու պատճառ հանդիսացող բջիջները վերացնելու յատկութիւն:
- Կ'օգնէ նիհարնալու:
- Կը պաշտպանէ մորթը վաղաժամ ծերացումէ:
- Միզամուղ է[1]:
- Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը:
- Կը պաշտպանէ թոքերու, միզապարկի, ստինքի, փրոսթաթի, ձուարաններու քաղցկեղէ:
- Կը կանխարգիլէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները:
- Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը եւ քոլեսթերոլի մակարդակը:
- Կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը արեան մէջ:
- Կը զօրացնէ ոսկորները եւ կը կանխարգիլէ օսթէոփորոզը:
- Կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:
- Կ'օգնէ առողջ մազեր ունենալու:
- Կը մաքրէ աղիքները եւ կը ձերբազատէ լեարդը թոյներէն[2]: