Կառավար (համաստեղութիւն)

Կառավար (լատ.՝ Auriga, սեռականը՝ Aurigae, հապաւումը՝ Aurհամաստեղութիւն հիւսիսային կիսակամարին վրայ։ Անիկա Բ դարուն Պտղոմեոսի նշած 48 համաստեղութիւններէն մեկը եւ ժամանակակեն 88 համաստեղութիւններէն մեկն է։ Հիւսիսային միջին լայնութիւններէն կ'երեւի ամբողջ տարին։

Կառավար
Լատիներէն Auriga
Սեռական Aurigae
Հապաւում Aur
Ամէնապայծառ
աստղ
Կապելլա (α Aur) 0.08 (մ)
Հարեւան
համաստե-
ղութիւններ
Տեսանելի է +90° եւ −40°. լայնութիւններու միջեւ:
Ամէնատեսանելին է Մարտ ամսուան ժամը 21:00-ին (երեկոյան 9-ին):

Բնութագրական Տուեալներ Խմբագրել

Մեծ դրական թեքումի պատճառաւ համաստեղութիւնը կ'երեւի մինչեւ հարաւային 34°-ը: Աւելի հարաւ գտնուողներու համար անիկա մասնակիորէն կամ ամբողջովին կը գտնուի հորիզոնին ետեւը:

  • Մակերես՝ 657 քառ.աստ. (21րդ)
  • 3.00մ-էն պայծառ աստղեր՝ 4 հատ
  • Ամէնապայծառ աստղը Կապելլան է (հիւսիսային կիսակամարին պայծառութեամբ երրորդն է), որն աստղերու բարդ համակարգ է: Համաստեղութեան պատկերին վրայ կը նոյնացուէ Ամալթէա այծին հետ, որ պատկերուած է իր երկու ուլերին հետ: Արեգակէն հեռաւորութիւնը 42.9 լոյս-տարի է (13.2 պս), թեքումը՝ +46° :
  • Ասուպային անձրեւներ՝ Աւրիկիտներ, Տելթա աւրիկիտներ
  • Հարեւաններ՝ Ցուլ, Պերսեւս, Ընձուղտ, Լուսան, Երկուորեակ

Պատկերում Խմբագրել

Կառավարը կը նոյնացուէ Աթէններու հերոս Էրիխթոնիոսին, որ Հեփեստոսի հողածին զաւակն էր եւ Աթէններու թագաւոր Ամփիկտիոնի դէմ կը կռուէր քառաձի կառքին վրայ հեծած:

Աւանդաբար, աստղագիտական քարտէզներուն վրայ Կառավարը կը պատկերուէ ձախ ուսին վրայ այծ մը բռնած տեսքով եւ երկու ուլերով ձախ թեւին տակ: Այծը կը մարմնաւորէ յունական դիցաբանութեան Ամալթէա այծը, որ Կրետէ կղզիին վրայ կերակրած էր Զեւսը: Ան բռնած ունի նաեւ սանձեր աջ ձեռքին: Սակայն, տարիներու հետ Կառավարի պատկերները ունեցած են հակասական բովանդակութիւններ: Աջ ձեռքին երբեմն կը պատկերէին մտրակ: Երբեմն ալ Կառավարը կը պատկերէին ոչ թէ որպես կառք վարող, այլ որպէս Բելերոփոն, որ Պեգասին հեծած բախուեցաւ Ողիմպոս լերան եւ զոհուեցաւ: Սա պատմուածքին վարկածով Եուպիտերը խղճահարեցաւ Բելերոփոնը անոր անմտութեան համար եւ զայն տեղափոխեցաւ աստղերուն քով:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել