Կառափնատ (թերթ)
«Կառափնատ», թրքահայ քաղաքական-երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1909—10 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Խմբագիրներ՝ Արամ Անտոնեան եւ Երուանդ Օտեան։
Կառափնատ | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1909 |
Երկիր | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
Հրապարակախօսութեան եւ երգիծանքի ժանրեու միջոցներով «Կառափնատ»ը պայքարած է հայ հասարակական կեանքին մէջ՝ ազգային կուսակցութիւններու դէմ։
Կոչ ըրած է ձերբազատուելու ներկուսակցական կռիւներէն։ «Պատրիարքարանի որջերը» խորագրով յօդուածներ եւ ծաղրանկարներ զետեղած է հայ հոգեւորականութեան վերնախաւին դէմ։ Սուր քննադատութեան ենթարկած է Ազգային սահմանադրութեան դրոյթները եւ Ազգային ժողովին ու անոր վարչութեան գործունէութիւնը։
Տպագրած է Օտեանի «Ժողովրդական պատմութիւն գազեզ «Արթին ամիրայի» («Կառափնատ»-ի յաւելուած), «Ճուղուպրիսթ եւ Ընկ.» (թերթօն), «Պրոպագանդիստը» եւ այլ գործեր, ինչպթս նաեւ Արփիար Արփիարեանի յօդուածներն ու նամակները՝ ուղղուած Երուանդ Օտեանին։