Կարապետ Փաշայեան Խան

Կարապետ Փաշայեան (Խան) (1864[1][1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1][1], Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), բժիշկ, յեղափոխական խումբերու կազմակերպիչ։

Կարապետ Փաշայեան Խան
Ծնած է 1864[1][1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1][1]
Մահուան վայր Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, գրագէտ, բժիշկ
Պաշտօն երեսփոխան
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

1888-ին Պոլսոյ բժշկական համալսարանէն վկայուելով՝ կը պաշտօնավարէ Բալու եւ Մալաթիա, իբր թաղապետարանի բժիշկ։ 1889-ին կը հաստատուի Տիվրիկ եւ իր ասպարէզով կը պարապի, մասնակցելով ազգային գործերու։ Յաջորդ տարին Բագառիճի մէջ (Կամախ) կը ձերբակալուի, իբր յեղափոխական խումբեր կազմակերպող, հուսկ, ուրեմն կը նետուի Սվազի բանտը՝ եւ կը դատապարտուի մահուան, բայց 1891 Մարտին անպարտ կ'արձակուի՝ դատաւորին աչքը դարմանելուն ի վարձ։ Այնուհետեւ, Շապին Գարահիսար կը մնայ եւ բժշկութիւնը կը շարունակէ, մինչեւ իր վերջին ձերբակալումը 1892 Սեպտեմբեր եւ բանտէ բանտ թափառելով՝ 3 տարուան դատավարութեան մը արդիւնքը կ'ըլլայ մահապարտութեան վճիռ։ Պոլսէն իր նշանածին՝ Օր. Թորգոմեանի ողոքումներէն ազդուած՝ անգլիացի դեսպանուհի Ֆ. Քըրրի կը յաջողի իր ներումն ապահովել։ Անցնելով Պարսկաստան, տարի կը մնայ Դավրէժ. կը կարգուի Շահին պալատական բժիշկ եւ չի դադրիր զարկ տալէ բարեգործական ու կրթական գործերու։ 1903-6, զինքը կը տեսնենք Աղեքսանդրիա, ուր Հ.Յ. Դաշնակցութեան լսարանը, ու «Կամպէթթա» անուն տպարան մը կը բանայ, ուրկէ լոյս կը կ'ընծայէ «Հորիզոն» թերթը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ

Աղբիւրներ

Խմբագրել