Կարմիր ձեռքի օր կամ Երեխայ-զինուորներու օգտագործման դէմ պայքարի օր[1], կը նշուի ամէն տարուան 12 Փետրուարին՝ իբրեւ երեխայ-զինուորներու յիշատակի օր, որոնք պարտադրուած մասնակցութիւն ունեցած են պատերազմներուն եւ զինուած հակամարտութիւններուն[2] ։ Այս օրը կոչ եղած է կատարել գործողութիւններ անչափահասներու զօրակոչման վարժութեան դէմ՝ ի պաշտպանութիւն այն երեխաներուն, որոնք հայրենիքին մէջ ռազմական հակամարտութեան պատճառով զրկուած են բարեկեցիկ մանկութենէ։

Կարմիր ձեռքի օր, 2012, Գերմանիա

Երեխաներուն ուր կը հաւաքագրեն Խմբագրել

Երեխաներուն իբրեւ զինուորներ կ՚օգտագործեն, ինչպէս զինուած հակամարտութիւններուն, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան, Ռուանտայի, Ուկանտայի, Սուտանի, Քոթ դ'Իւուարի, Միանմայի, Ֆիլիփիններու, Քոլոմպիոյ եւ Պաղեստինի մէջ[3]։ Երեխաներուն նաեւ կ՚ընդգրկեն զինուած խմբաւորումներու մէջ, որու պատճառով ալ հնարաւոր չէ հաշուարկել անոնց ճշգրիտ քանակը։

Աւելի քան 17 երկիրու մէջ երեխաներուն պաշտօնապէս կը զօրակոչեն բանակ։

2009-ին աւելի մօտաւորապէս 250 000 երեխայ[4][5], միայն պաշտօնական տուեալներով, եղած է զինուորական ծառայութեան մէջ, ընդ որուն, անոնց մէկ երրորդը աղջիկ է։

Կարմիր ձեռքի օր Խմբագրել

 
Վարշաւայի Փոքրիկ ապստամբի յուշարձանը կը յաւերժացնէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եւ այլ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած երեխաներու յիշատակը։

Կարմիր ձեռքի օրը առաջին անգամ նշուած է 2002-ին[6], երբ Երեխաներու իրաւունքներու մասին պայմանադրութեան ընտրողական արձանագրութիւնը, որ կը վերաբերի զինուած հակամարտութիւններուն երեխաներու մասնակցութեան, ուժի մէջ մտաւ (12 Փետրուար 2002-ին)։ Այս արձանագրութիւնը ընդունուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր Ժողովի կողմէ Մայիս 2000-ին, եւ ներկայիս ունի ստորագրութիւններ աւելի քան 100 տարբեր պետութիւններէ։

Շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ նոյնպէս դէմ կ՚արտայայտուին երեխայ-զինուորներու օգտագործման։ Այդպիսի կազմակերպութիւններէն են ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը, «Միջազգային համաներուն»-ը, «Terre des Hommes»-ը, Միջազգային Կարմիր խաչը եւ Կարմիր մահիկը։ Այս կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը նկարագրուած է DDR (Զինաթափում, Զօրացրում, Վերանորոգում) փաստաթուղթին մէջ։

Փաստաթուղթի բովանդակութիւնը․

  1. Երեխաներու հաւաքագրում,
  2. Օրինականութիւն,
  3. «Կարմիր ձեռք» քարոզարշաւ,
  4. Երեխաներու հաւաքագրման հետեւանքներ,
  5. Նշումներ։

Նման գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային իրաւունքին, մարդու իրաւունքին եւ միջազգային մարդկային իրաւունքին։ Համաձայն 1977Ժնեւի համագումարի Ա. եւ Բ. լրացուցիչ արձանագրութիւններուն՝ 15 տարեկանը չբոլորած երեխաները ենթակայ չեն զինուած ուժերուն կամ խումբերուն հաւաքագրման, եւ անոնց թոյլատրելի չէ ռազմական գործողութիւններու մասնակութիւնը։ 2000-ին ընդունուած «Երեխայի իրաւունքի ընտրողական արձանագրութիւնը, որ կը վերաբերի զինուած հակամարտութիւններուն երեխաներու մասնակցութեան» կը նախատեսէ, որ մասնակից պետութիւնները կ՚ընդունին հնարաւոր բոլոր միջոցները, որպէսզի խափանեն մինչեւ 18 տարեկան չբոլորած երեխաներու մասնակութիւնը ռազմական գործողութիւններուն։

Ի յաւելումն այդ իրաւական սահմանուած կարգին՝ բանակին ծառայութիւնը ճանչցուած է մանկական աշխատանքի ամենավատ տարբերակը։ Բնագիրին մէջ «երեխայ» եզրը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնց տարիքը չէ բոլորած18 տարեկանը։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. On International Day, UN demands end to use of child soldiers in conflict, Office of the Special Representative of the Secretary-General for Children and Armed Conflict
  2. Get Involved Red Hand Day website
  3. About Red Hand Day Archived 2015-09-24 at the Wayback Machine. Red Hand Day website
  4. On 'Red Hand Day', children call for an end to their forced use in conflict Archived 2011-10-09 at the Wayback Machine. UNICEF
  5. Red Hand Day: ICRC calls for end to recruitment of child soldiers International Committee of the Red Cross, 2006
  6. «Global Commemoration to Stop the Use of Child Soldiers»։ redhandday.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2008-08-26