Կիլիկիոյ Այր Մարդոց Տարազներ
Տարազը մարդուն գեղագիտական կարեւոր դրսեւորումներէն մէկն է: Ան ազգը զատորոշող եւ ազգային յատկանիշները բացայայտող գլխաւոր գործօններէն մէկը կը հանդիսանայ: Կիլիկեան Հայաստանի այր մարդիկը շապիկին վրայէն կը կրէին «պարեգօտ», որ կը կարուէր բուրդ գծաւոր կերպասով: Անդրավարտիքը կարուած կ'ըլլար կապոյտ «մահուգ»է: Պարեգօտին վրայի զգեստը կը կոչուէր «քղամիդ»:
Ճամբորդութեան ժամանակ այր մարդիկը կը հագնէին «ապա»:
Կիլիկիոյ տղամարդիկը իրենց մազերը ածիլելու ժամանակ փունջ մը մազ կը ձգէին գլխուն վերեւ (ձար): Իրենց գլուխներուն վրայ կը դնէին երբեմն մէկ ֆէս, երբեմն նոյնիսկ հինգ ֆէս, որուն շուրջը կը փաթթէին տարբեր գոյնի վեց փաթթոց: Երիտասարդներուն ֆէսի փնջիկը կը հասնէր մինչեւ իրենց ուսերը:
Կիլիկիոյ հայութեան արական եւ իգական սեռերու տարազները իւրայատուկ էին իրենց գլխու յարդարանքով, որոնք մեծածաւալ տեսք կ'ունենային, ընդհանրապէս պաշտպանութեան համար:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 29։