Կիլիկիոյ Կանացի Տարազներ

Կիլիկեան կանացի տարազը հայկական ազգային տարազներու ընդհանուր համակարգին մէջ ունի իր կարեւոր տեղը։

Կիլիկեան թագաւորութիւնը միջնադարեան հայկական անկախ պետութիւն էր եւ ստեղծուած էր սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն հետեւանքով Հայաստանի տարբեր գաւառներէն Կիլիկիա գաղթած հայերու կողմէ։ Կիլիկիոյ հայերուն աշխարհագրական տարբեր վայրերէ ծագումը իր ազդեցութիւնը ունեցած է Կիլիկեան հայկական կանացի զգեստներու ձեւաւորման մէջ։ Հետեւաբար, կիլիկեան հայկական տարազները ձեւաւորուած են՝ կրելով զանազան հայկական ազգագրական տարազներու ազդեցութիւնը, որոնցմէ ամենաշատը՝ Բարձր Հայքի ու Վասպուրականի:

Կիլիկիոյ կանացի տարազին մասերը Խմբագրել

Տարազներու պատրաստութեան մէջ հիմնական օգտագործուած կտորը կտաւն էր: Կանացի կտաւէ վերնազգեստը կ՛եզերուէր տպածոյ կտաւէ ժապաւէնով:

Աղջիկները շապիկին վրայէն կը հագնէին պարեգօտ, որուն վրայէն կը կապէին մէկ ու կէս մեթր երկարութեամբ գունաւոր կտաւէ գօտին, որ քանի մը անգամ կը փաթթէին իրենց մէջքին շուրջ: Աշխատանքի ժամանակ հանգիստ գործ ընելու համար շապիկին թեզանիքները կը նետէին ուսերուն: Պարեգօտին վրայէն կը հագնէին կարճ կամ երկար թեւերով սալթա՝ բաճկոնակ, որ զարդարուած կ՛ըլլար ասեղնագործ նախշերով։

Կիլիկիոյ կիներուն գոգնոցը Խմբագրել

Կիլիկիոյ հայ կիներու տարազին անբաժանելի մասն էր երկար գոգնոցը, որ ամուսնացած կնոջ խորհրդանիշներէն էր։ Չամուսնացած աղջիկները գոգնոց չէին կապեր։

Գոգնոցը կը կարուէր տեղական կտաւէ։ Քառանկիւնաձեւ գոգնոցին եզերքը կ՛ասեղնագործուէր իւրաքանչիւր գաւառի կամ քաղաքի բնորոշ ձեռագործ զարդերով եւ ծաղկանախշերով, որոնց իմաստը եղած է պաշտպանել չար աչքերէն:

Կիլիկիոյ կիներուն գլխայարդարանքը Խմբագրել

Կիներուն գլխու զարդարանքները մէկ կողմէն կ՛արտայայտէին տան բարեկեցութիւնը, միւս կողմէն կը հանդիսանային անոր գրաւականը։

Կիլիկեցի կիներու գլխայարդարանքը կը յատկանշուէր իր վառ եւ գոյնզգոյն տարրերով։ Աղջիկները իրենց մազերէն կը կախէին մինչեւ կրունկները հասնող ժապաւէններ, իսկ ամուսնացած կիները իրենց գլուխը կը ծածկէին փոքրիկ գդակով, ֆեսով, եւ կամ կոտով, որոնք ընդհանրապէս կ՛ասեղնագործուէին կամ կը զարդարուէին ոսկեայ ու արծաթեայ դրամներու շարաններով:

Ամուսնացած կիները գլուխը կը ծածկէին 5-6 տարբեր չափի եւ գոյնի գլխաշորերով, որոնց՝ ճակատը ծածկող հատուածը նոյնպէս շարուած կ՛ըլլար ոսկի կամ արծաթ դրամներու խիտ շարքով: Կիլիկիոյ մէջ սովորութիւն էր, որ 8-10 տարեկանէն սկսեալ աղջիկները իրենց դէմքերը ծածկէին այր մարդոց ներկայութեան:

ժողովրդական սովորութիւն դարձած էր կիներուն գօտիէն արոյրէ շղթայով փոքր դանակ կախելը՝ առօրեայ գործածութեան նպատակով, իսկ այդ գօտին կ՛ունենար մինչեւ երեք մեթր երկարութիւն:

Աղբիւրներ Խմբագրել