Կոճապղպեղ
Կոճապղպեղ (լատիներէն՝ Zingiber officinale), արեւադարձային բազմամեայ բոյս։
Հայրենիքը Հարաւ-արեւելեան Ասիան է։
Վերգետնեայ ընձիւղի բարձրութիւնը մինչեւ 1 մ է, տերեւները նշտարաձեւեն, ծաղկաբոյլը՝ մանիշակագոյն։
Կոճղարմատը մսալի է, հաճելի հոտով, կը պարունակէ 1,2-3% եթերաիւղեր։
Խոնաւասէր է, կ'աճի խոնաւ, արեւադարձային շրջաններու աւազահողերուն մէջ։
Ունի այրող, կծու համ։
Իբրեւ համեմունք (կը կոչուի իմպիր) կ'օգտագործուի խոհարարութեան մէջ։
Կոճապղպեղը բժշկութեան մէջ
ԽմբագրելՉինական անիկա կ'օգտագործուի յիշողութեան ամրապնդման համար[1][2]։
Կոճապղպեղը կը պարունակէ տարրեր, որոնք կ'օգնեն արեան գերճնշումի նուազեցման եւ արեան շրջանառութեան բարելաւման. ինչպէս նաեւ կոճապղպեղը կ'օգնէ յօդերու բորբոքումէն յառաջացած գլխացաւերու բուժման: Այդ մէկը կը կատարէ փրոսթակլանտիններու յառաջացումը արգիլելով, որոնք բորբոքում կը պատճառեն[3]: