Կոմունիզմի Համար
«Կոմունիզմի համար», խորհրդային շրջանի հայկական երկօրեայ թերթ, նախկին ՀԿԿ Հոկտեմբերեանի շրջկոմի, ժողովրդական դէպուտատներու շրջանային եւ քաղաքային խորհուրդներու օրգան։
Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1963 թուականին, Հոկտեմբերեանի մէջ (այժմ՝ Արմաւիր)։ Փորձած է արտացոլել շրջանի աշխատաւորութեան առօրեան, կուսակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքները, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան անցուդարձը, լուսաբանած դպրոցական, մշակութային եւ մարզական կեանքը, երթեւեկութեան ու շինարարութեան վերաբերող հարցերը։
Խորհրդային գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ փորձած է ծանօթացնել գիտութեան ու տեխնիկայի նուաճումները, գովազդած գրականութեան ու մշակոյթի նորոյթները։ Յաջորդած է «Բոլշեւիկեան տեմպով» (1931—1953 թուականներ), «Դէպի կոմունիզմ» (1953—1962 թուականներ) թերթերուն։