Կոտրուած Աթոռ
Կոտրուած աթոռ, զուիցերիացի արուեստագէտ Դանիէլ Պերսէի գործը փայտէ մոնումէնթալ քանդակը Ժընեւի մէջ, ատաղձագործ՝ Լուի Ջենեւ: Աթոռը կը բաղկանայ է 5,5 թոն փայտէ եւ ունի 12 մեթր բարձրութիւն:
Քանդակը կը պատկերէ կոտրուած ոտքով մեծածաւալ աթոռ՝ տեղակայուած Ժընեւի Ազգերու հրապարակին մէջ՝ Ազգերու պալատի մուտքին դիմաց (ՄԱԿ-ի եւրոպական գլխամաս): Տեղադրուած է Օգոստոս, 1997-ին: Քանդակը տեղադրուած է իբրեւ համադրութիւն ցամաքային արկերու եւ ռումբերու եւ կը յիշեցնէ Ժընեւ այցելող քաղաքական գործիչներն ու այլք:
Պատմութիւն
Խմբագրել«Կոտրուած աթոռը» զուիցերական Handicap Internationalի համահիմնադիր եւ տնօրէն Փօլ Վերմէուլենի բնօրինակ նախագիծն է: Հոկտեմբեր 1996-ին ան արուեստագէտին պատուիրեց աշխատիլ աւելի քան 10 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանային աթոռ՝ կոտրուած ոտքով, որ պէտք է տեղադրուի Ազգերու պալատին մէջ։ Նպատակն էր Դեկտեմբեր 1997-ին ունենալ ականներու մասին Օթաուայի պայմանագիրը ստորագրող հնարաւորինս մեծ թիւով պետութիւններ: Քանդակը Handicap International-ը տեղադրած է 18 Օգոստոս 1997-ին Ժընեւի մէջ, Ազգերու պալատի գլխաւոր մուտքին դիմաց, ուր կը նախատեսուէր մնալ երեք ամիս՝ մինչեւ Դեկտեմբեր 1997՝ Օթաուայի մէջ Օթաուայի պայմանագրի ստորագրումը: 40 երկիրներու կողմէ վաւերացումէն ետք Պայմանագիրը 1 Մարտ 1999-ին ուժի մէջ մտաւ իբրեւ միջազգային իրաւունքի փաստաթուղթ:
Քանի որ պայմանագիրը չէին ստորագրած նշանակալի երկիրներ եւ քանդակի համար հասարակական մեծ աջակցութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անիկա մնայ մինչեւ 2005, երբ հեռացուեցաւ Ազգերու պալատի վերափոխման հետ կապուած[1]: Աշխատանքի աւարտէն ետք այն վերատեղադրուած է նոյն տեղը՝ 26 Փետրուար 2007-ին՝ Ժընեւի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց:
Փետրուար 2007-ին Կոտրուած աթոռի վերատեղադրումը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Handicap International-ին` աջակցելու Քլաստերային ռումբերը արգիլելու միջազգային պայմանագիրի ստորագրման, որ տեղի ունեցաւ Օսլոյի մէջ, Դեկտեմբեր 2008-ին:
Ստեղծագործութիւնը քանդակագործի սեփականութիւնը եղած է մինչեւ 2004, երբ ան սեփականութեան իրաւունքը փոխանցած է Handicap International-ին:
Նմանատիպ քանդակներ
ԽմբագրելՄեծածաւալ աթոռի քանդակներ աշխատած են նաեւ այլ արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Աթոռի քանդակը ԱՄՆ-ի մէջ, Ջանքառլօ Ներիի ժամանակաւոր «Գրողը» քանդակը Լոնտոնի մէջ:
Արտաքին յղումներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Une prothèse pour la chaise cassée de Handicap International » (photogr. Laurent Guiraud), Tribune de Genève, 30 novembre 2015