Կուկըլ Թարգմանիչ

Կուկըլ Թրանսլէյթը համացանցին վրայ թարգմանութեան ամէնէն ծանօթ գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով կարելի է բառ մը, նախադասութիւն մը, կամ նոյնիսկ գրութիւն մը թարգմանել ուրիշ լեզուի մը:

Ներկայիս ընդամէնը 243 լեզու գոյութիւն ունի անոր ցանկին մէջ:

Վերլուծել եւ հասկնալ տարբեր լեզուներով նախադասութիւններ

Խմբագրել

Համացանցի վրայ թարգմանութեան գործիք մը շատ հզօր համակարգիչներ կը գործածէ` վերլուծելու եւ հասկնալու տարբեր լեզուներով միլիոնաւոր նախադասութիւններ: Այս գործողութիւնը կը բանի հետեւեալ ձեւով.

  • Տուեալներու հաւաք՝ «Թարգմանիչ»ը կը սորվի տարբեր լեզուներով միլիոնաւոր գրութիւններու (գիրքեր, յօդուածներ, կայքէջեր) միջոցով:
  • Վերլուծում՝ Ան տարբեր լեզուներու մէջ կը բաղդատէ բառերը եւ նախադասութիւնները` հասկնալու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս թարգմանուած են:
  • Թարգմանութիւն՝ Երբ անհատը նախադասութիւն մը գրէ համակարգիչին վրայ, թարգմանիչ կայքէջը իր ամբողջ «սորվածը» կը գործածէ ամէնէն լաւ թարգմանութիւնը առաջարկելու համար:

Շնորհիւ արհեստական բանականութեան` այս թարգմանութեան գործիքները միշտ աւելի ճշգրիտ եւ օգտակար կը դառնան[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել