Կրածինը եւ Մեր Մարմինը

Կրածինը (calcium) մարմինին մէջ գտնուած քիմիական տարրերէն ամէնէն շատն է: Անիկա կը գտնուի առաւելագոյն չափով ոսկորներուն եւ ակռաներուն մէջ (մօտաւորապէս 99 տոկոսով): Իսկ մնացեալ կրածինը կը գտնուի նեարդային բջիջներու (nerve cells), արեան եւ մարմինի այլ հիւսկէններու մէջ:

Կրածինը հիմնական կարեւորութիւն ունի մեր մարմինի առողջութեան եւ գործունէութեան պահմանման համար: Անիկա կարեւոր է մանաւանդ ոսկորներու եւ ակռաներու առողջութեան համար:

Կրածինի դերակատարութիւնը մարմինին մէջ

Խմբագրել

Կրածինը ունի հետեւեալ դերակատարութիւնները մեր մարմինին մէջ.

  1. Ելեկտրական ուժի մատակարարումը նեարդային համակարգին, այսինքն՝ ելեկտրական ուժի փոխանցում նեարդային համակարգի ջիղերուն, ջղային ազդանշաններու հաղորդում.
  2. Ելեկտրական ուժի մատակարարում մարմինի բոլոր մկաններուն, այսինքն՝ մկաններու բնական գործելակերպ եւ մկաններու պրկում եւ թուլացում.
  3. Ուժի, կարծրութեան եւ տոկունութեան հայթայթում մարմինի բոլոր ոսկորներուն.
  4. Ոսկորներու եւ ակռաներու առողջ եւ զօրաւոր աճ ու զարգացում.
  5. Արեան մակարդումի (blood clot) կազմութիւն.
  6. Որոշ ներծորոյթներու (hormones) եւ այլ քիմիական նիւթերու արտադրութիւն եւ օժանդակութիւն.
  7. Որոշ ներխմորներու-խմորիչներու (enzymes) կանոնաւորում.
  8. Սիրտի զարկի կանոնաւորում.
  9. Մարմինի բնական եւ համաչափ աճ եւ զարգացում (growth and development)։
  10. Վերոյիշեալ դերակատարութիւնները բնական ձեւով կատարուելու համար, մարմինը պէտք է սնանի այնպիսի սննդանիւթերով, որոնք կը պարունակեն բաւարար կրածին:

Ո՞ր սննդանիւթերէն կարելի է ստանալ կրածին

Խմբագրել

Կրածինը կը գտնուի հետեւեալ սննդանիւթերուն մէջ.

  1. Կաթին եւ անկէ արտադրուած շատ մը սննդանիւթերու մէջ՝ պանիր, կարագ, մածուն, խտացած մածուն եւ չոր թան. հոս տեղին է յիշել, որ կաթին իւղը հանելով՝ անոր կրածինի քանակը չի նուազիր.
  2. Հաւկիթի դեղնուց.
  3. Ոսկորով հարուստ ձուկեր.
  4. Բանջարեղէն, օրինակ՝ բրքուկ (broccoli).
  5. Այլ սննդանիւթեր՝ լուբիա, բակլայ, նուշ, սոյա, արեւածաղիկ։

Չափահաս անձ մը պէտք է ստանայ օրական 1000-1200 մկ. կրածին, 1-3 տարեկան մանուկներ՝ 700 մկ., 4-8 տարեկան մանուկներ՝ 1000 մ., 9-18 տարեկան պատանիներ՝ 1300 մկ., 19-50 տարեկան երիտասարդներ եւ չափահասներ՝ 1000 մկ, 50 տարեկանէն վեր անձեր՝ 1000-1200 մկ.: Յղի կիները եւ կուրծքով կերակրող մայրերը պէտք է ստանան օրական 1300 մկ. կրածին, որովհետեւ յղի կիները ամէն օր իրենց սաղմին (fetus) կը փոխանցեն մօտաւորապէս 200-300 մկ. կրածին, իսկ դիեցնող մայրեր իրենց նորածին զաւակներուն կը փոխանցեն օրական 250-300 մկ. կրածին կաթին միջոցով:

Գաւաթ մը կաթը կը պարունակէ 300 մկ. կրածին, գաւաթ մը մածունը՝ 300 մկ. կրածին, 100 կրամ նուշը՝ 210 մկ. կրածին:

Մեր սպառած սննդանիւթերը ընդհանրապէս մեզի կը հայթայթեն օրական 1000 մկ. կրածին, որ բաւարար է մեր մարմինի պահանջքին:

Շատեր ընթացիկ սննդանիւթերուն հետ միատեղ ամէն օր կը գործածեն 500-1000 մկ. ամբողջացուցիչ (supplementary) կրածին: Ամէնօրեայ սննդանիւթերու կրածինը եւ ամբողջացուցիչ կրածինի քանակը հասնելով 2000 միլիմկրամի ոչ մէկ անպատեհութիւն կը ստեղծէ մարմինին համար:

Կաթը կը պարունակէ նաեւ մագնեզիում (magnesium) եւ ֆոսֆոր (phosphorus), որոնք կ՛օժանդակեն աղիքներուն մէջ կրածինի ներծծման աշխատանքներուն:

Կաթը կը հարստացուի D կենսանիւթով, որովհետեւ այս կենսանիւթը կ՛օգնէ աղիքներուն մէջ գտնուած կրածինի ներծծման՝ դէպի արեան շրջագայութիւնը եւ անոր ներգործութիւնը մարմինին մէջ:

Կաթը կը պարունակէ կաթնաշաքար (lactose) եւ ածխաջրատ (carbohydrate): Շատեր այս ածխաջրատը չեն կրնար մարսել, այլ խօսքով՝ անոնք կաթնաշաքարի անհանդուրժողութիւն (lactose intolerance) ունին: Հետեւաբար, անոնք ստիպողաբար առանց կաթնաշաքարի կաթ կը գործածեն:

Մարմինի կրածինի շտեմարաններուն պահպանումը կախեալ է՝ սննդանիւթերու միջոցաւ ստացուած կրածինէն, աղիքներ հասած կրածինի ներծծումէն դէպի արեան շրջագայութիւն եւ կրածինի արտաթորումէն՝ երիկամներէն դուրս, մէզի միջոցաւ: Օրական 200-400 մկ. կրածին կը ներծծուի աղիքներուն կողմէ, իսկ մնացեալը մարմինէն կ՛արտաքսուի կղկղանքի եւ մէզի միջոցաւ:

Արեան շրջագայութեան մէջ գտնուող կրածինին նուազումը կը կոչուի արեան ենթակրածնութիւն (hypocalcemia): Իսկ անոր բարձրացումը կը կոչուի արեան գերկրածնութիւն (hypercalcemia): Այս երկու ախտաբանական երեւոյթները կը կանոնաւորուին յարվահանագեղձին (parathyroid) կողմէ արտադրուած parathormone ներծորոյթով եւ արեան շրջագայութեան մէջ գտնուող D կենսանիւթով:

Արեան գերկրածնութեան եւ ենթակրածնութեան ախտաճանաչումին համար կը կատարուին հիմնականօրէն՝ արեան կրածինի եւ parathormone ներծորոյթի քննութիւն, ոսկորներու Ք-ճառագայթային նկարահանում եւ ոսկորներու կրածինի խտաչափութիւն (bone calcium densitometry).

Արեան ենթակրածնութեան ախտապատճառը

Խմբագրել

Արեան ենթակրածնութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.

Ա. Յարվահանագեղձի ենթագործունէութիւն.

Բ. Յարվահանագեղձի ներծորոյթի (parathormone) անբաւարարութիւն.

Գ. D կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝

ա. Քիչ քանակութեամբ D կենսանիւթ պարունակող սննդանիւթերու սպառում.

բ. D կենսանիւթի նուազ ներծծում աղիքներուն մէջ.

գ. D կենսանիւթի նիւթափոխարկումի խանգարում որոշ դեղերու գործածութեամբ.

դ. Արեւու ճառագայթներու նուազ ենթակայութիւն։

Դ. Երիկամներու ձախող աշխատանք.

Ե. Շարոյրի սուր բորբոքում.

Զ. Մարմնական ընդհանուր նեխային փլուզում (septic shock).

Է. Գերկրածնութեան դէմ եւ հակացնցումային դեղերու անկանոն գործածութիւն:

Արեան ենթակրածնութեան ախտանշանները

Խմբագրել

Արեան ենթակրածնութեան ախտանշաններն են.

  1. Ձեռքի եւ ոտքի մատներու ծայրամասերուն եւ շրթունքերու տարազգացութիւն (paraesthesia), այրուածքի զգացում եւ թրթռացումներ.
  2. Մկանային մեկուսի ցաւեր եւ պրկումներ (cramps) մասնաւորապէս՝ կռնակի եւ սրունքներու.
  3. Մկանային ընդհանուր պրկումներ-ջղաձգութիւն (tetany).
  4. Մկանային ընդհանուր ցնցումաւոր պրկումներ (seizures, convulsions).
  5. Յոգնածութիւն, տկարութիւն, գլխացաւ.
  6. Մասնակի հերաթափութիւն.
  7. Մորթի չորութիւն եւ կեղեւաւորում, դիւրաբեկ (brittle) եղունգներ, հաստ մազեր.
  8. Ջղագրգռութիւն, անձկութիւն, ընկճուածութիւն, յիշողութեան տկարացում.
  9. Սիրտի աշխատանքի ձախողութիւն (heart failure) եւ սրտի զարկի անկանոնութիւն (arrhythmia).
  10. Տեսողութեան ջիղի ուռուցք (papilledema) եւ ակնաքող (cataract).
  11. Խռչափողի ձայնալարային պրկում (laryngeal spasm).
  12. Ոսկրափխրում (osteoporosis), ոսկրանոսրացում (osteomalacia) եւ ոսկորներու կոտրուածք.
  13. Ոսկրաթեքութիւն (rickets)՝ մանուկներու մօտ։

Արեան ենթակրածնութեան ախտանշաններն բարդութիւնները

Խմբագրել

Արեան ենթակրածնութեան պատճառով կրնան առաջանալ կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  1. Գիտակցութեան կորուստ, ակռաներու յոռի կազմուածք եւ երիկամներու խանգարուած աշխատանք: Այս բարդութիւնները կ՛անհետանան կրածինի եւ D կենսանիւթի գործածութեամբ:
  2. Մարմնական աճի դանդաղում, մտային զարգացումի դանդաղում, մտային թերաճութիւն եւ ակնաքող (cataract)՝ ասոնց պարագային կրածինի գործածութիւնը անօգուտ է:

Արեան ենթակրածնութեան դարմանումը կը կատարուի՝ կրածինի եւ D կենսանիւթի գործածութեամբ ու սպառումովը կրածինով հարուստ սննդանիւթերու՝ կաթ, կաթնեղէն եւ բանջարեղէն:

Ջղաձգութեան պարագային կը կատարուի շտապ դարմանում, կիրարկելով ներերակային կրածին:

Արեան գերկրածնութեան ախտապատճառները

Խմբագրել

Արեան գերկրածնութիւն կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.

Ա. Յարվահանագեղձի գերգործունէութեամբ՝ (hyperparathyroidism).

Բ. Յարվահանագեղձի լաւորակ եւ վատորակ ուռեցքներով.

Գ. D կենսանիւթի թունաւորումով.

Դ. Կրածինով հարուստ սննդեղէնի եւ արհեստական ամբողջացուցիչ կրածինի առատ գործածութեամբ.

Ե. Ոսկորներու մաշում-գերկլանում (resorption), որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.

ա. Տարբեր տեսակի քաղցկեղներու տեղաշարժը դէպի ոսկորներ, օրինակ՝ սպիտակաարիւնութիւն (leukemia) եւ աւշագեղձերու քաղցկեղ (lymphoma).

բ. Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism).

գ. Երկար անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք, ուր ոսկորներու կրածինը կը տեղափոխուի արեան մէջ

դ. Բնականէն աւելի կրածինի ներծծում աղիքներուն մէջ.

ե. Որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւն, օրինակ՝ միզամուղներ (diuretics) եւ կրածին պարունակող հակաթթուներ (antacids):

Արեան գերկրածնութեան ախտանշանները

Խմբագրել

Արեան գերկրածնութեան ախտանշաններն են.

  1. Երիկամներու քարերու կազմութիւն, երիկամներու ձախող աշխատանք.
  2. Բազմամիզութիւն (polyuria) եւ գիշերամիզութիւն (nocturia).
  3. Գերծարաւութիւն-պապակ (polydepsia).
  4. Կանխահաս մարմնական աճ եւ զարգացում.
  5. Մոռացկոտութիւն, ընկճուածութիւն.
  6. Յաճախակի գլխացաւ, քնանալու դժուարութիւն.
  7. Տեսողական հարցեր եւ աչքի ցաւ.
  8. Փորի պնդութիւն եւ փորի ցաւ, ախորժակի նուազում, սրտխառնոց, փսխունք.
  9. Մկանային տկարութիւն, յոգնածութիւն.
  10. Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux).
  11. Արեան ճնշումի բարձրացում եւ սրտի անկանոն զարկ (arrhythmia).
  12. Սեռային կեանքի տկարացում.
  13. Փլանք-մարմնական ընդհանուր փլուզում (shock), մահաքուն վիճակ (coma) եւ մահ։

Արեան գերկրածնութեան դարմանումը

Խմբագրել

Արեան գերկրածնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Նուազեցնել կրածինի ներծծումը աղիքներէն դէպի արեան շրջագայութիւն՝ յատուկ դեղերու գործածութեամբ.
  2. Զարգացնել կրածինի արտաթորումը երիկամներուն մէջ՝ որոշ դեղերու գործածութեամբ.
  3. Նուազեցնել կրածինի տեղաշարժը ոսկորներէն դէպի արեան շրջագայութիւն, դարձեալ որոշ դեղերու գործածութեամբ.
  4. Կատարել որոշ հերթականութեամբ երիկամներու արիւնատրոհում (dialysis):

Գրականութիւն

Խմբագրել